«ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ» ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Աւագ շաբաթը մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանն է, որուն ընթացքին Ան կ՚ենթարկուի ամենադառն տառապանքներու ու չարչարանքներու։ Հայ եկեղեցին զայն կը նշէ Աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ հոգեպարար յատուկ արարողութիւններու ճամբով։ Այս գծով, Աւագ Երեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Տասն Կուսանաց» նուիրուած ժամերգութիւնը, ուր Մայրավանքի…