Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՈՆ
Երկուշաբթի, 11 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը՝ ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանին: Շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Արծարծուեցան նաեւ Ղարաբաղի ու հայ դատի հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ: