Անցնող օրերու ընթացքին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը կայացաւ Աթշանէի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեանը։
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարուհի Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի ներկայացնելէ ետք Խորհուրդի տարեկան զեկոյցը, տեղի ունեցաւ քննարկում եւ ապա ընդհանուր քննարկում՝ վարչական, աստուածաբանական եւ տնտեսական բնագաւառներուն առնչուած։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան եւ այդ ծիրէն ներս Խորհուրդին կատարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ճշդուեցաւ յառաջիկայ տարուան աշխատանքներուն ծրագիրն ու առաջնահերթութիւնները։