News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐ ԳԻՒՂԻ ՀԱՅԱՀՈԾ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

02 April 2019

«ՀԱԼԷՊԻ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՍԿՍԻ ՆՈՐ ԳԻՒՂԷՆ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Նախքան Անթիլիաս վերադարձը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երկուշաբթի, 1 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն այցելեց հայաբոյր Նոր Գիւղի ազգային կառոյցները:

 

Վեհափառ Հայրապետը նախ այցելեց Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր մեծ սիրով դիմաւորուեցաւ եկեղեցոյ Թաղականութեան, Դպրաց Դասուն, Տիկնանց Յանձնախումբին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:

 

Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, Ազգ. Երեսփոխանական ու Կրօնական ժողովներուն եւ Ազգային Վարչութեան ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր ողջոյնի խօսքը ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին ըսաւ. «Երկու տարի առաջ այցելեցի ձեզի, երբ Հալէպը նոր ազատագրուած էր: Ահաւասիկ, երկու տարի վերջ դարձեալ կ՚այցելեմ ու կը զգամ մեծ տարբերութիւնը Հալէպի մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Ես ուրախ եմ, որ Սուրիոյ հայութիւնը ընդհանրապէս եւ Հալէպի հայութիւնը մասնաւորապէս վերականգնումի, վերազարթօնքի ընթացքի մէջ են: Հալէպէն Անթիլիաս վերադարձի ճամբուս վրայ անպայման ուզեցի այցելել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Նոր Գիւղի եկեղեցին, որպէսզի անգամ մը եւս ուրախութիւնս յայտնեմ ձեզի: Մենք միասնաբար պիտի վերաշինենք Հալէպը, իսկ Հալէպի վերաշինութիւնը պէտք է սկսի Նոր Գիւղէն: Նոր Գիւղը Հալէպի հայութեան Պուրճ Համուտն էր, հայաբոյր սիրտն է, եւ ես կ՚ուզեմ որ միշտ այդպէս մնայ:

 

«Փափաքս է որ բոլոր անոնք, որոնք պայմաններու բերումով մեկնած են Հալէպէն վերադառնան: Մենք պատրաստ ենք, որպէս կաթողիկոսութիւն մեր Ազգ. Կեդր. Վարչութեան հետ, մեր միութենական կառոյցներով ու ամբողջ հայութեան հետ օժանդակելու ձեզի: Ձեր կարիքները նաեւ մեր կարիքներն են: Մեր եւ ձեր միջեւ սահմաններ, պատեր գոյութիւն չունին: Մենք մէկ ազգ ենք, մէկ եկեղեցի ենք, եւ այս գիտակցութեամբ մենք միասնաբար պիտի վերականգնենք ու շէնցնենք մեր կառոյցները: Կ՚աղօթեմ առ Աստուած, որ բարիքներով լեցնէ ու ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կեանքը»:

 

Հայրապետին Նոր Գիւղ այցելութեան երկրորդ վայրը Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանն էր:

 

Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Ճեմարանի Տնօրէնութեան եւ Խնամակալութեան կողմէ: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ճեմարանականներու ուսումնական կանոնաւոր ընթացքին եւ վարժարանին վերանորոգութեան համար, ապա խօսքը ուղղելով շրջափակին մէջ համախմբուած աշակերտութեան ըսաւ. «Ես այստեղէն մէկէ աւելի առիթներով խօսած եմ, սակայն այս անգամ տարբեր առիթ է, գօտեպնդիչ առիթ է: Երբ կը տեսնեմ, որ եօթը տարուան տագնապէն յետոյ այս դպրոցը՝ Ճեմարանը, կը շարունակէ հոգեկերտումի, հայակերտումի, մարդակերտումի իր առաքելութիւնը, յոյսով ու հպարտութեամբ կը լեցուիմ: Որեւէ հայ դպրոց շէնք մը չէ պարզապէս: Հայ դպրոցը հայ դպրոց կը դառնայ իր աշակերտութեամբ, իսկ աշակերտութիւնը դպրոցը հա՛յ դպրոցի կը վերածէ, երբ մասնակից կը դառնայ հայակերտումի առաքելութեան: Դուք էք դպրոցը: Ես ուրախ եմ, որ ձեր ներկայութեամբ Ճեմարանը դարձեալ կեանք կ՚առնէ:

 

«Հալէպի հայութեան, Սուրիոյ հայութեան ապագան դպրոցն է, հա՛յ դպրոցը: Հետեւաբար, մենք միասնաբար պիտի շէնցնենք ու ծաղկեցնենք հայ դպրոցը՝ իր աշակերտութեամբ եւ իր առաքելութեամբ: «Այս առիթով, հայրական սիրով կ՚ողջունեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, ձեր ծնողները, մանաւանդ տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, որոնք սիրով լծուած են իրենց առաքելութեան: Թող Աստուած միշտ առողջ, պայծառ եւ կանգուն պահէ հայ դպրոցը ամէն տեղ: Աստուած օրհնէ ձեր բոլորը»:

 

Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան իր այցելութենէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս շրջեցաւ Նոր Գիւղի հայահոծ թաղամասերը, այցելեց հայ արհեստաւորիներու խանութները եւ ծանօթանալով անոնց աշխատանքին՝ բարձրօրէն գնահատեց հայ արհեստաւորներուն գործօն դերակատարութիւնը Հալէպի վերականգնումին մէջ:

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր դիմաւորուեցաւ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան անդամներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբին կողմէ:

 

Իր խօսքը ուղղելով Օգնութեան Խաչի անդամներուն՝ Հայրապետը ըսաւ. 
«Ուրախութիւնս եւ գնահատանքս կը յայտնեմ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի բոլոր անդամուհիներուն: Ինչպէս կը յիշէք, երկու տարի առաջ եկայ այստեղ, ամէն բան քարուքանդ վիճակի մէջ էր, հազիւ կրցայ աստիճաններէն վեր ելլել: Հիմա կը տեսնեմ, որ կառոյցը նորոգուած է: Այս առիթով կը գնահատեմ Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգային Իշխանութիւնը, յարակից մարմինները եւ յատկապէս ձեզ: Բոլորին հաւաքական աշխատանքով եւ նուիրումով լրումին պիտի հասնի վերականգնումը:

 

«Վերականգնումը միայն շէնքին վերկանգնումը չէ, այլ՝ մեր բոլորին հաւաքական ծառայութեան: Ես Օգնութեան Խաչը մօտէն ճանչցած եմ: Այս կազմակերպութիւնը կոչուած է ծառայելու մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն: Վստահ եմ, որ դուք եւս նոյն նուիրումով կը ծառայէք: Կը գնահատեմ ձեր բոլորը եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի»:

 

Նորին Սրբութեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան Նոր Գիւղ շրջագայութիւնը եզրափակուեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցի այցելութեամբ: Պատերազմի տարիներուն Հալէպ ներխուժած ահաբեկիչները հրոյ ճարակ դարձուցած էին եկեղեցին: