Երեքշաբթի, 8 Յունուար 2019-ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը։ Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Գէորգ Ասատուրեան, Արհիապատիւ Մանուէլ Եպս․ Պաթագեան եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Գերպ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու հայութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր։