10 January, 2019

ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՀԱՅԱԳԷՏՆԵՐ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Հինգշաբթի, 10 Յունուար 2019-ին, ֆրանսահայ երկու հայագէտներ Քլոտ Մութաֆեան եւ Ռեմոն Գէորգեան այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

 

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայագիտութեան պարզած ներկայ կացութեան: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հայագիտական մարզին յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը եւ այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը զանազան աշխատանքներու ճամբով կը շարունակէ իր նպաստը բերել հայագիտութեան զարգացման:

 

Յայտնենք, որ փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան եւ Ռեմոն Գէորգեան իրենց վաստակով կարեւոր տեղ կը գրաւեն հայագիտութեան մարզէն ներս: Անոնք կը գտնուին Անթիլիասի մայրավանքէն ներս մասնակցելու «Մետաքսէ Ճամբու» նուիրուած խորհրդաժողովին:

More News