Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Կաթողիկոսարանի հայագիտական բաժանմունքի ուսանողութեան, դասընթացքին սկիզբը: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին հայագիտական բաժանմունքի տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեան եւ հայագիտական դասընթացքի դասախօսական շարք մը ներկայացնելու Հայաստանէն յատուկ կերպով ժամանած Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան։
Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ուսանողները՝ շեշտեց հայագիտական ուսմանց առաջնահերթ կարեւորութիւնը: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած եւ վերջին հինգ տարիներուն զարգացման ընթացքի մէջ գտնուող հայագիտական ուսմանց կեդրոնը սկսած է դրական արդիւնքներ տալ:
Յայտնենք, որ երեսուն ուսանողներ հետեւողական կերպով մասնակից կը դառնան յիշեալ բաժանմունքի դասընթացքներուն, որոնք կը շօշափեն պատմական, լեզուական, մշակութային, կրօնագիտական եւ այլ նիւթեր: