Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԵՏՐՈՍ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՃԱՊՈՒՐԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ

Շաբաթ, 13 Ապրիլ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Գանատայէն ժամանած Պետրոս Արսլանեան արուեստագէտը, որ ինքզինք հաստատած անուն մըն է նկարչութեան մարզէն ներս: Արսլանեան ի յիշատակ` Անթիլիասի 1929-ի «Նիր Իսթ Րիլիֆ» որբանոցի որբերէն իր հօր Աւետիս Արմենակ Արսլանեանի, նկար մը նուիրեց «Կիլիկիա» թանգարանին: Յայտնենք, որ Կաթողիկոսարանի ներկայ հողը նախապէս «Նիր Իսթ Րիլիֆի» պատկանող Ամերիկեան որբանոց մը եղած էր, որուն քովէն անցնող գետակին մէջ Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեան ցեղասպանութենէն վերապրած հազարաւոր որբեր մկրտած էր:

 

Համբարձում Ճապուրեան հանրածանօթ սրինկահար մըն է, որ հաստատուած է Մոնրէալի մէջ եւ իր արուեստի ճամբով մասնակցութիւն կը բերէ համայնքային ձեռնարկներուն:

 

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Գրիգոր Ճապուրեան, որ Տուպայի մեր ծանօթ ազգայիններէն է եւ բարերար համայնքային բազմաթիւ ծրագիրներու յատկապէս Լիբանանի մէջ: Ան բարերարն է Ճիւնի-Թրիփոլի մայրուղիին եւ Հարիսայի ճամբու խաչմերուկին վրայ տեղադրուած լիբանանեան- հայկական բարեկամութեան յուշակոթողին: