1 March, 2019

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԿՐՕՐԵԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 1 Մարտ 2019-ին ընթացք առաւ «Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Միջ-թեմական Յանձնաժողով»-ին երկօրեայ խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցին թեմերու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչները։

 

Յանձնաժողովին ատենապետն է Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, իսկ աշխատանքներու համադրողն է Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։

 

Սրբազան Հօր բարի գալուստի խօսքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը փոխանցելով իր պատգամը՝ ճշդեց ժողովի ուղղութիւնն ու ընթացքը եւ բացուած յայտարարեց խորհրդաժողովը։ Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային առաքելութեան ծառայութիւնը՝ նշելով. «Այս ծառայութիւնը միշտ եղած է համապարփակ՝ բնականաբար հոգեւորը միշտ ըլլալով առաջնահերթ»։ Խօսելով քրիստոնէական դաստիարակութեան մասին Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եկեղեցւոյ գործունէութեան երեսներէն մէկը չէ, այլ եկեղեցին ի՛նք քրիստոնէական դաստիարակութիւն է եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վկայութիւն է Քրիստոսի Աւետարանին, Աստուծոյ մարդեղութեան եւ փրկագործական խորհուրդին։ Առ այդ, Հայրապետը անդրադարձաւ քրիստոնէական կազմաւորման լայն հասկացողութեան, որ չի սահմանափակուիր Սուրբ Գրոց սերտողութեան դասընթացքներով եւ կամ պատանիներու կիրակնօրեայ վարժարաններ յաճախումով, այլ իր մէջ կ՚ընդգրկէ ներկայ պայմաններու, մտայնութիւններու, ժամանակներու եւ միջավայրերերու իւրայատկութիւններու համապատասխան լուծումները։ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով հանդերձ բոլոր թեմերուն մէջ քրիստոնէական դաստիարակութեան հասարակաց յատարարի մը գոյութիւնը որպէս սկզբունք, շեշտեց նաեւ արդի ժամանակներու հետ համապատասխան լուծումներու, միջոցներու, ձեւերու եւ կերպերու անհրաժեշտութիւնը, բոլոր տարիքներու համար. «Բնականաբար, հասարակաց յայտարարներ կան, այլապէս մենք մեր միութիւնը կը կորսնցնենք որպէս եկեղեցի, սակայն յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել միջավայրի, սեռի, տարիքի եւ մեր մեթոտաբանութիւններուն»։ Միաժամանակ, ան աւելցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատուկ հոգածութիւն ցոյց տուած է եւ կու տայ քրիստոնէական դաստիարակութեան, որ հետզհետէ աւելի կը շեշտուի եւ կազմապերպչական բնոյթ կը ստանայ, որուն համար սոյն խորհրդաժողովը տեղի կ՚ունենայ։

 

Նշենք, որ յանձնաժողովին նպատակն է ծրագրել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ժողովուրդին նոր մեթոտներով փոխանցելու միջոցներ՝ առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան, պատշաճեցնելով տուեալ երկրի միջավայրին եւ քննել ժամանակակից ընկերաբարոյական հարցերը։

More News