Հայոց աշխարհի հաւատքի հօր եւ երկրորդ Լուսաւորիչին մուտն ի Վիրապ տօնը յատկանշական է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար, որովհետեւ ան Անթիլիասի Մայրավանքի ուխտի օրն է։ Այդ օրը Գրիգոր Լուսաւորիչին Ս. Աջը, ինչպէս նաեւ «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած բազմաթիւ սուրբերու մասունքները, որոնք Անթիլիաս հասած են գողգոթայի ճամբէն անցնելով, դուրս կը բերուին եւ կը տրամադրուին ուխտաւորներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Արդարեւ, Կիրակի, 7 Ապրիլ 2019-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Ս. եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, իսկ Պատարագը մատուցեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ օրհնաբաշխ Աջով Հայրապետական շքեղ թափօր եւ ջրօրհնէք։
Պատարագիչ Սրբազանը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աստուածատուր առաքելութեան մասին եւ զայն թարգմանեց ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն ու հայ հաւատացեալին այդ գծով տանելիք գործունէութեան։ Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը սուրբին լուսաւորութեան ապահովութիւնը ապրեցաւ իր պատմութեան ամէնէն տաժանակիր ժամանակաշրջաններուն եւ իր հաւատքին շնորհիւ կարողացաւ գոյատեւել։ Սրբազանը ընդգծեց, որ մեր հայրերուն արիւնով կերտուած հաւատքը հարկ է ամէնօրեայ ներկայութիւն դարձնել մեր կեանքին մէջ ու կոչ ուղղեց Ուխտի տօնին առիթով վերանորոգելու մեր հաւատքը։
Պատարագի աւարտին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը ձեռին՝ Վեհափառ Հայրապետը գլխաւորեց Դպրեվանքի աշակերտութեան, Լիբանանի Թեմի քահանայից դասուն ու միաբան հայրերու կողմէ կազմուած շքեղ թափօրը։ Թափօրը շրջեցաւ Մայրավանքի շրջափակին մէջ եւ խուռներամ ուխտաւորներու բազմութիւնը, տարեց թէ փոքր, այր թէ կին, մօտենալով Վեհափառ Հայրապետին՝ ստացան Լուսաւորչի Ս. Աջին օրհնութիւնը եւ վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ մնալ հաւատարիմ լուսաւորչաժառանգ հաւատքին, որուն աղբիւրն է Անթիլիասի Մայրավանքը ողջ սփիւռքահայութեան համար։
Թափօրի աւարտին, Հայրապետը Խորան բարձրանալով՝ Լուսաւորչի Ս. Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, մինչեւ ուշ գիշեր, Լուսաւորչի Ս. Աջը, ինչպէս նաեւ այլ աջեր ու մասունքներ, մնացին Ս. Խորանին վրայ եւ բազմահազար հայորդիներ գալով՝ ստացան անոնց օրհնութիւնը եւ ըմպելով Լուսաւորչի Ս. Աջով օրհնուած ջուրէն՝ խնդրեցին Ամենակալէն, որ մաքրէ իրենց հոգեւոր ու մարմնաւոր բոլոր ախտերն ու հիւանդութիւնները։