ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն, Մեծ պահոց քառասնօրեակին կանխող Կիրակին Բուն Բարեկենդանի Կիրակին է, որկրօնականին կողքին յատկանշական է իր ազգային աւանդութիւններով։ Այս ծիրին մէջ, Անթիլիասի Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները՝ ծպտուած տարբեր կերպարներով, այցելութիւն կու տան Վեհափառ Հայրապետին ու տօնը կը նշեն քրիստոնէական ու մշակութային ոլորտին մէջ:

Այս տարի եւս, Կիրակի, 3 Մարտ 2019-ին, յաւարտ Բուն Բարեկենդանի Ս. եւ Անմահ պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ու վայելեց անոնց պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը։ Փոքրիկներով շրջապատուած Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան առաքելութեան նուիրուած կամաւոր ուսուցիչներուն, որոնք դարուս մարտահրաւէրները կը դիմադրեն իրենց հաւատքով, ինչպէս նաեւ կը քալեն Քրիստոսի գծած ճամբով՝ քրիստոնէութիւնը տարածելովժողովուրդին զաւակներուն մէջ։ Հայրապետը իր գնահատական խօսքը ուղղեց նաեւ ծնողներուն, որոնք չեն զլանար իրենց ընտանեկան բոյնին կիզակէտը դարձնել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը: