«ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՇՈՒՏՈՎ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, 5 Մարտ 2019-ին, Կաթողիկոսարանի ճարտարապետները աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ: Հանդիպման ընթացքին ճշդուեցան թանգարանի վերանորոգման ու վերադասաւորման առնչուած աշխատանքներու ընթացքը: Յայտնենք, որ թանգարանին բացումը կատարուած էր 30 Մարտ 1998-ին: Թանգարանի վերանորոգման աշխատանքներուն իր նիւթական մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Կարօ…