ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» ու Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանները մասնակցեցան Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպած «Թանգարաններու Գիշեր» ձեռնարկին։

 

Ինչպէս Լիբանանի բոլոր թանգարաններն ու պատմական վայրերը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թանգարանները եւս իրենց դռները լայնօրէն բացին 1200 այցելուներու դիմաց, որոնք եկած էինք Լիբանանէն եւ օտար երկիրներէ՝ մասնակցելու այս իւրայատուկ համաշխարհային ձեռնարկին։

 

Նշենք, որ ձեռնարկին իրենց օժանդակութիւնը բերին Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան անդամներն ու երիտասարդներու կամաւոր խումբ մը, որոնք օգտակար հանդիսացան ուղեկցելու այցելուներուն  եւ օտարներուն լաւագոյնս ներկայացնելու մեր դարաւոր պատմական հարստութիւններն ու Ցեղասպանութեան քրոնիկոնը։