5 February, 2019

«ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

3 եւ 4 Փետրուար 2019-ին, կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութեան եւ հովանաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին ու Ալ-Ազհարի Շէյխ Դոկտ. Ահմատ Ալ Թայիպին, «Մարդկային եղբայրութիւն» թեմայով միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Ապու Տապիի մէջ:

 

Համագումարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը։

 

Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ պատգամ մը ղրկած էր համագումարին՝ ընդառաջելով համագումարի կազմակերպիչներու փափաքին։

More News