ԴԱՆԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Դանիոյ ազգային, լուտերական եկեղեցին ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քոփենհակընի եպիսկոպոսը, միջ-եկեղեցական օգնութեան յանձնախումբի ատենապետը եւ Միջին Արեւելքէն ներս Դանիոյ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայնօրէն անդրադառնալու Դանիոյ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան։ Արդարեւ,…