Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱԼԷՊ ԺԱՄԱՆԵՑ

Արամ Ա. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Միշտ Կը Մնայ Հալէպահայութեան Կողքին՝ Զօրակից, Մասնակից Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն»

Հալէպահայութիւնը անհուն բերկրանքով եւ խանդավառութեամբ ողջունեց հաւատքի առաքեալին՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական շնորհաբաշխ եւ օրհնաբեր այցելութիւնը Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին հոծ բազմութեամբ համախմբուելով Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց:

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդր.Վրչ. ատենապետ Ստեփան Տ.Պետրոսեան եւ կազմի անդամ տիար Տիգրան Ճինպաշեան, Գերշ. Տէր Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան, բարերար տիար Նազարէթ Սապունճեան, Հոգեշնորհ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Հոգեշնորհ Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, Հոգեշնորհ Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան, Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան եւ կաթողիկոսութեան Մամլոյ Յանձնախումբը:

Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետ Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Պատկան Մարմինի, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը:

Վեհափառ Հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի: Եկեղեցւոյ դրան դիմաց Վեհափառ Հայրապետին դիմաւորութեան համար շարք կազմած էին ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր արի-արենոյշները եւ Հալէպի հայ առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերը:

Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը կանոնական աղօթք մատուցեց, որմէ ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք Սարգիսեան ողջոյնի եւ բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին ու ըսաւ. «Հովուապետական Ձեր այս այցելութիւնը իւրայատուկ եւ պատմական պիտի դառնայ, որովհետեւ ձեր Ս. Աջով, շնորհաբաշխ ներկայութեամբ պիտի սրբագործէք, վերաօծէք, վերաբանաք պատմական Սրբոց Քառասնից Մանկանց աթոռանիստ Մայր եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդին պիտի տաք հիմնական յոյսը եւ հաւատքը՝ շարունակելու մեր հաւաքական երթն ու հաւատքի առաքելութիւնը»: Ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը տալու:

Վեհափառ Հայրապետը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ երկրորդ անգամ ըլլալով, այս հոգեպարար առիթը ունեցած է՝ որպէս հովուապետ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն հետ ըլլալու: Ապա իր գնահատանքի առաջին խօսքը ուղղեց մեր ժողովուրդին: Այն ժողովուրդին, որ անցնող շուրջ եօթը տարիներուն տառապեցաւ, բայց հաւատաց իր հաւաքական, քրիստոնէական ինքնութեան, իր հոգեւոր, բարոյական արժէքներուն, իր ազգային ձգտումներուն: Այն ժողովուրդին, որ իր հաւատքին խառնեց իր յոյսը եւ կապուած մնաց Սուրիական Հայրենիքին, համախմբուեցաւ իր եկեղեցւոյ, իր համայնքային կառոյցներուն շուրջ եւ սիրոյ ու եղբայրութեան ոգիով շարունակեց գոյակցիլ այս երկրին իսլամ թէ քրիստոնեայ համայնքներուն հետ: Այն ժողովուրդին, որ ինչպէս միշտ իր կեանքին ամէնէն դառն պայմաններուն մէջ ամրապնդեց իր ներքին միասնութիւնը՝ հաւատալով, որ մեր ազգին, մեր գաղութին հզօրութեան աղբիւրը ամէն տեղ, բոլոր պայմաններուն մէջ, Հալէպէն մինչեւ Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, մեր ներքին միասնական կեանքն է:

«Գնահատանքի երկրորդ խօսքս կÿերթայ Առաջնորդ Սրբազանին, որ անցնող շուրջ 15 տարիներու ընթացքին նուիրումով եւ հաւատարմութեամբ ծառայեց ձեզի, իր շուրջ ունենալով հոգեւոր դասը, Ազգային Իշխանութիւնը, յարակից մարմինները եւ քոյր կազմակերպութիւնները: 
«Կÿողջունեմ նաեւ Գերապայծառը եւ վերապատուելին, որոնք միասնաբար, մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ կողք-կողքի, սիրտ-սիրտի ծառայեցին ձեզի: Ինծի համար յատուկ ուրախութիւն է ողջունել Սուրիոյ հայութեան այն ղեկավարութիւնը, որ ինքզինք արժեւորեց ոչ միայն խօսքով, ոչ միայն ծրագրերով, այլ՝ ծառայութեամբ:

«Գնահատանքի երրորդ խօսքս կ’երթայ ձեզմէ իւրաքանչիւրին եւ ձեր բոլորին: Անցնող տարիները ինչպէս ըսի դիւրին չեղան ձեզի համար, ես ալ գիտեմ թէ ի՞նչ կը նշանակէ տագնապի մէջ ապրիլ: Հպարտ եմ ձեզմով, դուք մնացիք կառչած ձեր ընտանիքներուն, ձեր քոյրերուն եւ համայնքին: Ահաւասիկ Գողգոթայէն յետոյ սկսաւ յարութեան պայքարն ու երթը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ ձեր կողքին՝ զօրակից, մասնակից Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Այս առիթով, անհուն ուրախութեամբ ու բարձր գնահատանքով կ’ողջունեմ նաեւ Սուրիոյ Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատը, որ ինք եւս անցնող տարիներու ընթացքին ձեզի նման տառապեցաւ, սակայն երբեք չյուսահատեցաւ, որովհետեւ հաւատաց Սուրիական Հայրենիքին հզօրութեան, հաւատաց իր ժողովուրդին պայծառ ապագային եւ այսօր Սուրիան սկսած է վերազարթօնքի նոր շրջան մը: Սուրիոյ հայութիւնը ամէն տեղ է: Ոստի, միայն դիտողի վիճակի մէջ պէտք չէ ըլլալ, այլ՝ մասնակցողի: Մենք այս հայրենիքին զաւակներն ենք, հետեւաբար այս գիտակցութեամբ կոչուած ենք մեր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու Սուրիոյ վերազարթօնքի աշխատանքներուն»:

Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ: