ԽՈՀՐԴԱԺՈՂՈՎ. ԿՐՕՆՔԻՆ ԴԵՐԸ ՄԵՏԱՔՍԵԱՅ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՄԷՋ

«ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋ ԴԱՐՁԱՒ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ՄԻՋԵՒ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

 

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Երկուշաբթի, 7 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մետաքսեայ Ճամբուն նուիրուած խորհրդակցական հանդիպում մը՝ «Կրօնքին Դերը Մետաքսեայ Ճամբուն Վերահաստատման Մէջ» խորագիրով։

 

Այս խորհրդաժողովը առաջին հանդիպումն է Չինաստանի Մինզու համալսարանի եւ Զուիցերիոյ «ԱԿԱԲԷ» հիմնարկին նախաձեռնած ուսումնասիրութեան։ Ծրագիրը առաջարկուած է Չինաստանի կառավարութեան կողմէ եւ անոր նպատակն է քննել կրօններուն ազդեցութիւնը Մետաքսեայ Ճամբուն առեւտրական յարաբերութեան վրայ։ Նկատի ունենալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայ եկեղեցւոյ կապն ու շփումը բոլոր մշակոյթներուն հետ, նախաձեռնողները դիմած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ առաջարկած անոր հիւրընկալութիւնը ու մասնակցութիւնը նշեալ ուսումնասիրութեան ծրագիրին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 2022։ Համալսարանին եւ հիմնարկին մասնագէտներու կողքին, սոյն խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանէն եւ Ֆրանսայէն մասնագէտներ։

 

Նորին Սրբութիւնը հանդէս եկաւ բացման նիստին ու ներկայացուց Մետաքսեայ Ճանապարհին վրայ հայ եկեղեցւոյ ազդեցութեան ազդակները։ Ողջունելէ ետք խորհրդաժողովին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առնելը, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր կեդրոն մը ըլլալու կողքին, երկխօսութեան եւ զանազան կրօններու հանդիպման վայր մը ըլլալու յատկութիւնները, որոնք տակաւին կը շարունակեն հայ եկեղեցւոյ վկայութեան մաս կազմել, նշեց ան։ «Այս խորհրդաժողովին պիտի խօսինք ու ներկայացնենք հայ ժողովուրդին առնչուածութիւնը Մետաքսեայ Ճանապարհին վրայ», յայտնեց ան։ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ Մինզու համալսարանը ձեռնարկած է այս ուսումնասիրութեան, որպէսզի քննէ պատմական եւ ներկայի այն ոլորտներն ու արժէքները, ուր կրօնքը կրնայ սատարել Մետաքսեայ Ճամբուն վերստին գործունեայ դարձնելը՝ նկատի առնելով ներկայի կացութիւնը, իսկ կրօնքը կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցած է Մետաքսեայ Ճամբուն վրայ։

 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց հայ եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնը։ Առաջին հերթին խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ մարդոց ուղղուած առաքելութիւն մը ըլլալու մասին։ Ապա, մանրամասնեց մշակոյթին եւ հաւատքին փոխյարաբերութեան մասին, որուն շնորհիւ հոգեւորն ու ազգայինը երկխօսութեան մէջ մտնելով՝ հայ մշակոյթին կու տայ հոգեւոր յատկութիւններ։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ այլոց բացուելու կարողութեան ու հայ եւ այլ մշակոյթներու միջեւ կամուրջ մը հանդիսանալուն մասին։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց բարոյագիտական արժէքներու եւ երկխօսութեան մշակոյթի ճամբով սոյն ծրագիրին նպաստելու մասին։

 

Բացման նիստէն ետք փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց ու ամփոփեց երկու օրերու վրայ երկարող ծրագիրին մասնրամանիւթիւնները։ Երկրորդ նիստով փրոֆեսորներ Քրիսթոֆ Սչուքլպրպր եւ Եու Պին ներկայացուցին իրենց նիւթերը։

 

Յայտնենք, որ այսօր խօսք պիտի առնեն Քլոտ Մութաֆեանն ու Ռէմոն Գէորգեանը եւ պիտի ներկայացնեն հայ ժողովուրդին կապը Մետաքսեայ Ճամբուն հետ։