11 January, 2019

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՆԻՍՏԵՐ՝ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ ՀՌՉԱԿՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայ Մամուլի Տարի հռչակելու առիթով, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցան խորհրդակցական հանդիպումներ՝ յառաջիկայ Ապրիլին, զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ գործող գլխաւոր խմբագիրներու եւ մամուլի հեղինակաւոր գործիչներու համահայկական համաժողով կազմակերպելու համար։

 

Խորհրդակցութեան  մասնակցեցեան Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, Նոյեան Տապան լրատու գործակալութեան տնօրէն եւ լրագրողներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Ազդակի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, Զարթօնքի տնօրէն Սեւակ Յակոբեան, Արարարտի խմբագիր Աւետիս Փօշողլեան, Կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, կաթողիկոսութեան հայագիտական-կրթական գրասենեակի պատասխանատու Ժիրայր Դանիէլեան, Տեղեկատուական բաժանմունքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։

 

Խորհրդակցութեան առաջին նիստին Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը կարեւորելով հայ մամուլին դերը՝ անդրադարձաւ այն գլխաւոր գործառոյթներուն, որոնք հայ մամուլը իբրեւ առաքելութիւն պէտք է վերաիմաստաւորէ՝ ներկայ ժամանակակից պայմաններուն լոյսին տես։

 

Յաջորդող նիստերուն, մամուլի գործիչները քննարկեցին համաժողովի ընդհանուր խորագիրին, նիստերուն եւ զեկուցումներուն համար ձեւակերպելիք թեմաներուն եւ մասնակցութեան ձեւաչափի վերաբերող հարցեր եւ կատարեցին առաջարկներ, իբրեւ ուղենիշ նկատի ունենալով վեհափառ հայրապետի հրապարակած պատգամը՝ 2019-ը հայ մամուլի տարի հռչակելու առնչութեամբ։

 

More News