Ուրբաթ, 25 Յունուար 2019-ին, Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը (ՀՀՀ) իր ընթացիկ հանդիպումը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն ներս։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ բարձրաձայն մտածելու եւ խորհրդակցելու Համախմբումին յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մասին։
Յայտնենք, որ այս տարի ՀՀՀ իր ընթացիկ հաւաքները պիտի կայացնէ իւրաքանչիւր ամսուան վերջին Ուրբաթ երեկոները, ժամը 8:00-ին։ Փափաքողները կրնան ներկայանալ Կաթողիկոսարան հաւաքոյթին օրը եւ կամ կապ հաստատել ՀՀՀ-ի ատենապետ Յակոբ Հանտեանին հեռաձայնելով 03-325779 թիւին։
Նշենք, որ նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Նորին Սրբութեան, ՀՀՀ-ն Կաթողիկոսարանին հովանիին տակ կը գործէ 2012 թուականէն սկսեալ։ Անոր նպատակն է ի մի խմբել հայ համալսարանաւարտներ ու անոնց գիտական, կրթական ու այլ ոլորտի ներուժը օգտագործել հայ գաղութի բարեկեցութեան ու բարելաւման նպաստող ծրագիրներու մշակման ու ձեռնարկներու իրագործման համար։