Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը կը նուիրուի քրիստոնէական միութեան՝ «Աղօթքի Շաբաթ Քրիստոնէական Միութեան» անունին տակ: Այս շաբթուան ընթացքին, ընդհանրապէս առօրեայ դրութեամբ, աշխարհի բոլոր կողմերը ու զանազան եկեղեցիներէ ներս յատուկ եկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ’ունենան՝ աղօթքներու, մաղթանքներու, շարականներու ու քարոզներու ճամբով լուսարձակի տակ բերելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:
Լիբանանի մէջ եւս ներկայ շաբթուան ընթացքին տարբեր եկեղեցիներու մէջ տեղի կ’ունենան եկեղեցական արարողութիւններ: Այս ծիրէն ներս, Աղօթքի շաբթուան փակումը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ քրիստոնեայ համայնքներու պետերու:
Փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 27 Յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն իրենց ներկայութեամբ մասնակից դառնալու եկեղեցիներու միութեան նուիրուած արարողութեան: