18 Հունվարի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃՈՐՃ ՍԱԼԻՊԱ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Հինգշաբթի, 17 Յունուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց ասորի եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Ճորճ Սալիպա Եպիսկոպոսը։ Անոր կ՚ընկերանար Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։

 

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի քոյր եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու, աստուածաբանական երկխօսութեան մէջ արեւելեան եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու հարցեր, ինչպէս  նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանդապէս միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի աշխատանքներուն առնչուած հարեցերուն։

More News