Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Երեքշաբթի, 15 Յունուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի (ընդհանուր քարտուղարուհի) եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեան (Գործադիր Վարչութեան անդամ), ինչպէս նաեւ զանազան բաժանմունքներու տնօրէններ: Պատուիրակութիւնը Նորին Սրբութեան ներկայացուց Խորհուրդի վերջին տարուան աշխատանքները՝ կեդրոնանալով տնտեսական, վարչական, աստուածաբանական եւ ընկերային մարզերուն վրայ։ …