Շաբաթ, 16 Մարտ 2019-ի յետմիջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, սկիզբ առաւ 2018-2019 տարեշրջանի «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներու տասներորդ տարուան առաջին մրցանքը՝ Ասմունքի Ա. հանգրուանը, մասնակցութեամբ 45 աշակերտներու: Ասմունքի Բ. եւ եզրափակիչ մրցանքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 6 Ապրիլին:
Ինչպէս ծանօթ է, մրցանքները կ’ընդգրկեն երեք մարզեր.-
ա. Հայ լեզու եւ գրականութիւն
բ. Հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ եւ կրօնք: Այս տարին մամուլին նուիրուած ըլլալով՝ կարեւոր բաժին մըն ալ յատկացուած է հայկական տպագրութեան եւ մամուլին
գ. Ասմունք
Մրցանքները տեղի կ’ունենան երկու մակարդակով՝ միջնակարգ եւ երկրորդական:
23 Մարտին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ լեզուի եւ գրականութեան մրցանքը, իսկ 30 Մարտին՝ հայոց պատմութեան մրցանքը:
Այս տարուան մասնակիցներուն ընդհանուր թիւն է 118, իսկ մասնակից դպրոցներունը՝ 17:
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ