Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՔ ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն ՍԴՀԿ, ՀՅԴ եւ ՌԱԿի լիբանանի մարմիններուն ներկայացուցիչները: Անոնք Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեցին, օր մը առաջ, յառաջիկայ Ապրիլ 24-ի նշման գծով իրենց ունեցած ընդհանուր խորհրդակցութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին գնահատեց երեք կուսակցութիւններու գործակցութիւնը, մաղթելով որ բոլոր գաղութներէն ներս միջ-կուսակցական գործակցութիւնը աւելի…