11 Մարտի, 2019

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻ

24-էն 28 Փետրուար 2019-ին, Ինտոնեզիոյ Պալի շրջանին մէջ, տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Միջազգային Հարցերու Յանձնախումբի ժողովը:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն ժողովին մասնակցեցաւ Միջազգային Հարցերու Յանձնախումբի անդամ նշանակուած Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեանը: Սոյն յանձնախումբը ունի աշխատանքային հարուստ բնագաւառներ՝ բարեփոխում միջազգային կառավարման ձեւերու, տնտեսական արդարութիւն, աշխատանք ի նպաստ հիւլէական զէնքերու զինաթափման, մարդկային իրաւունքներ, գաղթականներու հարց, հպատակութիւն չունեցողներու հարց, ցեղային խտրականութիւն, կենսոլորտի կապուած հարցեր, կրօնք եւ վայրագրութիւն, ինչպէս նաեւ յատուկ տարածաշրջաններու կապուած հարցեր, ինչպէս՝ Ափրիկէ, Միջին Արեւելք, թրքական հարց, հարաւային Սուտան, Գոլոմպիա, կիպրական հարց, Երուսաղէմի կապուած հարցեր, քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս, եւայլն…:

 

Յանձնախումբը ամէն տարեշրջանի համար կը ճշդէ աշխատամարզերու առաջնահերթութիւններ, զանոնք մօտէն հնազանդելու համար եւ արձագանգելու յատուկ տարածաշրջաններու տագնապներուն՝ Ե.Հ.Խ.-ի ձայնը լսելի դարձնելով անոնց գծով:

 

Դոկտ. Նորա իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ ժողովի քննարկումներուն, ինչպէս նաեւ «միջազգային կառավարման ձեւերու (International Governance) բարեփոխման» եւ «Միջին Արեւելքի»-ի յատուկ ենթայանձնախումբերու աշխատանքներուն:

 

Կ՚արժէ յիշել, թէ յանձնախումբի անդամներուն առընթեր ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ե.Հ.Խ.-ի անձնակազմը, որուն շարքին տիկին Գարլա Խիճոյեանը, որ Ե.Հ.Խ.-ի մօտ Միջին Արեւելքի գրասենեակին պատասխանատուն է՝ առաջադրուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ:

More News