Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ

Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը:   Մտերմիկ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած երկար հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր քննութեան ենթարկելու Հայաստանի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց յառաջիկայ հանգրուանի առնչուած խնդիրներ ու մօտեցումներ: