«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ Ս. ԱԹՈՌԻՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԵՒՈՐ ՄԱՐԶԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Յաճախակի առիթներով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձած է քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան: Արդարեւ, վերջերս Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին պատասխանատուներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յատուկ ուշադրութիւն ընծայելու հրամայականը։ Ան յիշեցուց, որ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը միայն Միջին Արեւելքի պատկանող երեւոյթ մը չէ, այլ նաեւ ներկայ բազմակրօն ընկերութիւններուն։ Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհը…