Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւի վերջին օրերու Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած կացութեան զարգացումներուն եւ այդ ծիրէն ներս հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Արդարեւ, Շաբաթ, 2 Փետրուար 2019-ին, Նորին Սրբութիւնը, հակառակ հեռաձայնային հաղորդակցութեան դժուարութիւններուն, կրցաւ դարձեալ կապ հաստատել Վենեզուելայի հոգեւոր տեսուչին՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ հոգեւոր հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանի…