ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍԻՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց»։ Մեծանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի յիշեալ բառերը մեզ մտածել կու տան մեր գոյութեան պատճառին մասին։ Կան մարդիկ, որոնք այս կեանքը կ՚ապրին ու կ՚ըմբռնեն որպէս նպատակ, իսկ ուրիշներ՝ իբրեւ միջոց հասնելու համար իրենց անձերէն վեր հաւաքական ու սրբազան նպատակներու։ Այս վերջին խումբին պատկանեցան…