ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Հայ Եկեղեցւոյ հայրապետներուն կողմէ քառասնօրեայ պահեցողութիւնը բնորոշուած է որպէս «պարիսպ հզօր» եւ «դուռն ամուր», որուն ընթացքին իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատ ինքնավերլուծութեան եւ ինքնազրկումի կ’ենթարկէ իր անձը, հոգեպէս կ’ամրապնդուի՝ պատրաստ դիմաւորելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը: Մեծ Պահքի քառասնօրեայ այս ժամանակաշրջանը լաւագոյն առիթն է հոգեմտաւոր արժէքներով սնուցանելու մեր հոգիները, եւ նոյն այս նպատակին համար է, որ մեր մարմինները կը տկարացնենք, որպէսզի հոգիները զօրանան:

 

Մեր կեանքէն նուազեցնելով կենդանական արտադրութիւն ունեցող կերակուրները, համեմատաբար նուազեցուցած կ’ըլլանք նաեւ մեր մեղանչական ընթացքը, որովհետեւ Մեծ Պահքը հրաւէր մըն է հոգեւորը մարմնականէն աւելի վե՛ր դասելու: Հայ եկեղեցւոյ հայրերէն Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ. «Հոգիի սրբութեան համար արցունքը տաք ջուր է, ողորմութիւնը՝ օճառ եւ երբ անոնց հետ միացնենք պահեցողութիւնն ու աղօթքը սրբած կ’ըլլանք մեր բոլոր մեղքերը»:

 

Եկեղեցւոյ հայրերուն հաստատած աւանդութեան համաձայն, քառասնորդաց պահեցողութեան ընթացքին եկեղեցին հոգեպարար արարողութիւններու ընդմէջէն՝ աղօթական կեանքով հաւատացեալ ժողովուրդը հոգեպէս կը սնուցանէ: Հաւատարիմ մեր հայրապետներու աւանդին, պահելով այս աւանդութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Մեծ Պահոց ամէն Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը առաւօտեան ժամը 7:00-ին տեղի պիտի ունենայ Արեւագալի, իսկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հսկումի եկեղեցական արարողութիւններ:

 

Սոյն արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Յայտնենք, որ ամէն Չորեքշաբթի Արեւագալի արարողութեան աւարտին Միաբան Հայրեր հոգեւոր խորհրդածութիւններով հանդէս պիտի գան:

 

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց, որպէսզի պահեցողութեան այս օրերը լաւագոյնս օգտագործելով հոգեպէս հարստանանք եւ մտապէս ուռճանանք: