Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շարք մը հարցեր քննարկելու Հայաստանի ներկայ կացութեան, Արցախի, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան վերջերս Հալէպ կատարած հովուապետական այցելութեան առնչուած։