Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹԵԶԷԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Թեզէի Երիտասարդական Միջազգային Համախմբումին իրենց մասնակցութիւնը բերած խումբ մը հայ առաքելական երիտասարդներ, որոնք տարբեր յանձնախումբերու մէջ ծառայած էին։

 

Յիշեալ համագումարին մասնակցած էին աւելի ճան 1600 երիտասարդներ զանազան եկեղեցիներու մշակոյթները ներկայացնող ու միասնաբար քննարկած երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրներ։ Այս գծով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող երիտասարդները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած էին համագումարին աշխատանքներուն։

 

Գնահատելով իրենց մասնակցութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները ընդհանրապէս ու հայ երիտասարդութեանը յատկապէս։ Ան շեշտեց երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը երկխօսութեան ու մասնակցութեան ճամբով քննարկելու կարեւորութիւնը եւ ընդգծեց երիտասարդութեան բերելիք կարեւոր դերը մեր հաւաքական կեանքին մէջ։