Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ԵՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՏՕՆԱԾԱՌԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ նախատօնակը հայ եկեղեցւոյ ժողովրդային սուրբերէն՝ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, ինչպէս նաեւ Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին։   Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին բարձրացան սուրբերուն յիշատակը օրհներգող շարականներ ու աղօթասացութիւններ։ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Յակոբ…