Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որպէս իրհայրական սիրոյն ու քրիստոնէական դաստիարակութեան նկատմամբ ցուցաբերած իր յատուկ նախանձախնդրութեան` գործնական արտայայտութիւն, յաճախակի կերպով կ’ընդունի Կիրակնօրեայ վարժարաններուաշակերտները, ուսուցիչներնու պատասխանատուները: Այս հանդիպումներուն ընթացքինՆորին Սրբութիւնըիր գնահատանքը կը յայտնէ ու միաժամանակ կը կատարէ անհրաժեշտ ցուցմունքներ, բարելաւելու եւ ճիշդ ուղղութեան մէջ դնելու Կիրակնօրեայ վարժարաններու առաքելութիւնը:

 

         Այս ծիրէն ներս, Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2014-ին, Ս. ևԱնմահպատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Անթիլիասի շրջանի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներով։ Վեհափառը իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց փոքրիկներուն ու գնահատեց բոլոր ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը ղրկեն Կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի անոնք դաստիարակուին մեր եկեղեցւոյ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով։