Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին ու Լիբանանի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն, Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 09։30-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։
Աւանդութիւն դարձած է, որ մեր եկեղեցւոյ լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով, Լիբանանի Հայոց Թեմի կիրակնօրեայ վարժարանները, իրենց ուսուցչական կազմով ու աշակերտութեամբ, միախմբուին Անթիլիասի Մայրավանք՝ նշելու նաեւ «Կիրակնօրեայի Օր»ը։
Արդարեւ, Ս. Պատարագը մատուցեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի աւարտին, կիրակնօրեայ վարժարաններու մեծ ընտանիքը, գլխաւորութեամբ պատասխանատու հայր սուրբին եւ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Սարգիսեանին ու Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեանին, բարձրացաւ Վեհարան, ուր Մայրավանքի կիրակնօրեայի ուսուցիչ Արին Մարգարեանը բացման խօսքով հանդէս եկաւ։ Ապա, իւրաքանչիւր շրջանի կիրակնօրեայ ներկայացուց կոկիկ յայտագիր մը՝ սաղմոսասացութեամբ եւ շարականի երգեցողութեամբ։
Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր բարձր գնահատանքն եւ իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց մանուկներուն։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Մայրավանքէն ներս խումբ մը փոքրիկներու ներկայութեան գեղեցիկ տեսարանին, ուր անոնք ամէն Կիրակի կը հաւաքուին եւ Աստուծոյ խօսքը ստանալով, առաւել եւս հոգեւոր սնունդով կը լիցքաւորուին։ Ի վերջոյ, Մայրավանքի պարտէզին մէջ, Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատուները եւ խումբ մը փոքրիկներ տնկեցին մշտադալար ծառ մը, որպէս խորհրդանիշ իրենց հաւատքի արմատաւորման։