15 December, 2023

Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ԵՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՏՕՆԱԾԱՌԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ նախատօնակը հայ եկեղեցւոյ ժողովրդային սուրբերէն՝ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, ինչպէս նաեւ Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին։

 

Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին բարձրացան սուրբերուն յիշատակը օրհներգող շարականներ ու աղօթասացութիւններ։ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Յակոբ մծբնացի հայրապետին մասունքով, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ, օրհնուեցան ներկայ հաւատացեալներն ու մանուկները։

 

Սրբազան մասունքը, որ կը զարդարէր եկեղեցւոյ դասը՝ շրջապատուած Կիլիկեան Ուխտին Միաբանութեամբ եւ Դպրեվանքի սաներով, մաս կը կազմէ Կաթողիկոսութեանս բազմադարեան մասունքներու գանձին։

 

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեան, հաւատացեալ ժողովուրդը, Հայրապետական թափօրին ուղեկցելով, իր քայլերը առաջնորդեց դէպի Մայրավանքի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած տօնածառի լուսաւորման տօնակատարութիւնը։ Մայրավանքի եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատենական երգչախումբի փոքրիկներուն ձեռամբ,  լուսաւորուեցան տօնածառն ու Քրիստոսի մսուրը։ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան խօսքը արտասանեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Գերապատիւ Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը։ Ան ըսաւ, որ Հայրապետին սրտագին մաղթանքն է, որ այս տօնածառին լուսաւորումով լուսաւորուին մեր բոլորին սրտերը, ընտանիքներուն օճախները եւ մեր ողջ ազգին կեանքը։

 

Ապա, «Նարեկացի» երգչախումբը, ճոխացնելով մթնոլորտը, հրամցուց փունջ մը կաղանդի երգեր։ Մանուկներուն եւ փոքրիկներուն համար տօնական մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ կաղանդ պապուկին ժամանումով եւ նուէրներու ցրուումով, որ կարելի դարձած էր շնորհիւ եկեղեցասէր նուիրատուներու։

 

Մեր աղօթքն է, որ Ս. Յակոբ մծբնացի հայրապետին օրհնութիւնն ու բարեխօսութիւնը մշտական ներկայութիւն ըլլան մեր ազգին կեանքին մէջ։

 

Այս առիթով նաեւ կը շնորհաւորենք սուրբին անունը կրող մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները։ Թող սուրբը բարեխօս ըլլայ մեզի, եւ իր կեանքի օրինակը՝ վարակիչ բոլոր քրիստոնեաներուս։