ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ Ե.Հ.Խ.Ի ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) անդամ եկեղեցիներու աւելի քան 60 միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքներու պատասխանատուներ առցանց ժողով մը գումարեցին 21-23 Մարտ 2023-ին։ Սոյն ժողովին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։ Ժողովը կը նպատակադրէր ամրացնել Ե.Հ.Խ.ի անդամ եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը Խորհուրդի կեանքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆ ԴՈԿՏ. ՍԻՄՈՆ ՔԱՐԱՄ

Ուրբաթ, 31 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան դոկտ. Սիմոն Քարամի այցելութիւնը:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ դժուարութիւններուն ու յատկապէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առնչուած աշխատանքներուն:  

«ՓՐՕՃԵՔԴ ՈՒԱԹԱՆ» ԾՐԱԳՐԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը «Փրօճեքդ Ուաթան» ծրագրի Գործադիր վարչութեան: Լիբանանեան քաղաքական այս նոր նախաձեռնութեան մաս կը կազմեն երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ, նախկին արտաքին գործոց նախարար Շարլ Մալեքի զաւակը՝ դոկտ. Հապիպ Մալեք, Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հուսէյն Ալ-Հուսէյնիի զաւակը՝ Հասան Ալ-Հուսէյնի, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ասաատ Էիտ, հայ կաթողիկէ համայնքի…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 60 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ՝ «ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆԸ՝ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԴԵՍՊԱՆ» ԹԵՄԱՅՈՎ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 60 ամեակը՝ ձեռնարկելով հայ ուսանողութիւնը հայ ինքնութեան հետ առնչող զանազան ծրագիրներու, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2023 թուականը Սփիւռքի վերակազմակերպման տարի հռչակելուն ծիրէն ներս։   Առ այդ, Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի «Կիլիկիա»…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ ԺԸՊՐԱՆ ՊԱՍԻԼԸ

Երեքշաբթի, 28 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց լիբանանեան Ազատ Հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլը, կուսակցութեան պատկանող երկու պետական երեսփոխաններու հետ միասին։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեան հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։   Քննարկումները առաւելաբար կեդրոնացան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վրայ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հետեւեալ այցելութիւնները.-   — Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց Նորին Ս. Օծութեան։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, Լիբանանի այժմու կացութեան, յատկապէս նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցերու։   — Կիրակի, 26 Մարտ 2023-ին, Հայրապետը ընդունեց եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ KAICIID-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ապտալլահ Պին Ապտուլազիզ Բ. Թագաւորի անուան միջ-կրօնական եւ միջ-մշակութային միջազգային կեդրոնի (KAICIID) Fellows Programme ծրագրի կրօնական-կրթական հիմնարկներու տնօրէններու համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 17-18 Մարտ 2023-ին, Մալիզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լումփուրի մէջ։ Սոյն համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 34 կրօնական-կրթական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2023-ին, Վատիկանի մէջ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850 ամեակի նշման նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, Վատիկանի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի (ներկայացուցիչ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան), Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի (ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան) եւ Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Պօղոսեան (ներկայացուցիչ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան) միջեւ:…

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՋԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՇԽՈՒԵՑԱՒ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Քառասնօրեայ պահեցողութեան օղակներէն՝ Գալստեան Կիրակիին կը վերաբացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Ս. Խորանի վարագոյրը՝ նշելով Հայրապետարանիս Ուխտի Օրը:   Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քերոզեց Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։   Հայրապետական թափօրը, եկեղեցւոյ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿ

Անթիլիասի Ուխտի Օրուան նախօրէին, Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերաւ սուրբերու մասունքները, որոնց օրհնութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն համայն հայութեան եւ ներկայ ուխտաւոր հայորդիներուն պիտի բաշխուի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ուխտի օրուան աւանդական թափօրի ընթացքին, զոր կը գլխաւորուի հայ եկեղեցւոյ հաւատքի հօր՝…

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԻՇԴԱԴ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 24 Մարտ 2023-ին, Գերմանիոյ Իշդադ համալսարանի աստուածաբանական ամպիոնի տնօրէն Թովմաս Գլէմր այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք, ընկերակցութեամբ երկու դասախօսներու եւ երեք դոկտորայի ուսանողներու:   Անոնք մօտէն ծանօթացան Մայրավանքի Մայր Տաճարը, «Կիլիկիա» թանգարանն ու մատենադարանը եւ յարակից գրասենեակները:   Ապա, հիւրերը այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին եւ մօտէն իմացան մեր Ս. Աթոռին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն մասին, յատկապէս միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՄԻՔԱԹԻԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչները՝ Պութրոս Ասաքերը եւ Զիատ Միքաթին։ Պութրոս Ասաքեր եղած է Ֆրանսայի ու Արաբական Լիկայի մօտ Լիբանանի դեսպան եւ այժմ վարչապետի պաշտօնակատարին դիւանագիտական հարցերու խորհրդականն է, իսկ Զիատ Միքաթի վարչապետարանէն ներս ծրագիրներու գրասենեակի պատասխանատուն է։   Վարչապետի պաշտօնակատարին ներկայացուցիչները եկած…

ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ ԹԵՄԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Չորեքշաբթի, 22 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Քույէթի եւ շրջակայից թեմի Ազգային Իշխանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի։   Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրել հովուապետական այցելութիւն տալու Քուէյթի եւ շրջակայից թեմին, 9-13 Մայիս 2023-ին:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ընդհանրապէս Քուէյթին եւ յատկապէս…

ՊՔԷՐՔԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Չորեքշաբթի, 22 Մարտ 2023-ին, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ յիշեալ եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին միջեւ, ներկայութեամբ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ պատրիարքական փոխանորդ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսին։   Հանդիպման միակ նիւթը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն էր։ Յիշեցնենք, որ այս հարցին գծով Ռայի Պատրիարք շուրջ երկու ամիս առաջ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՐՈՆԻԹ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2023-ի երեկոյեան, մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչը՝ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Հանդիպման նպատակն էր յանուն Պատրիարքին խորհրդակցիլ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող աշխատանքներուն մասին:   Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը Սայյահ Արքեպիսկոպոսին փոխանցեց իր տեսակէտները՝ շեշտելով կարելի փութով նախագահ ընտրելու հրամայականը, որ ընդունելի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԻԿՈՍԻՈՅ ԱԶԳ. ՆԱՐԵԿ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

«ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱՐԵՒՈՐ ՍԻՒՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ. ԶԱՅՆ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ ԱՄՈՒՐ ՈՒ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Նիկոսիոյ Ազգ. Նարեկ վարժարանի տոմարին մէջ վերոնշեալ արձանագրութիւնը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, երբ երէկ՝ Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2023-ին, իր շքախումբով հայրական այցելութիւն մը տուաւ յիշեալ վարժարանին:   Ազգային երգերով ու արտասանութիւններով աշակերտները…

ՆԻԿՈՍԻԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2023-ին, Նիկոսիոյ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին եւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ճորճիոս Գ. Արքեպիսկոպոս Փափաքրիսոսթոմուին միջեւ:   Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին էին Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան,…

«ԱՐՑԱԽԻ ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԸ ԴԷՄ Է ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԷՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այսօր հարիւրերորդ օրն է Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած Արցախի շրջափակումին: Չենք կրնար լուռ մնալ միջազգային համայնքին եւ մեր մօտ թէ՛ հեռու բարեկամներու անտարբերութեան դիմաց: Փաստօրէն ցեղասպանութեան համազօր անմարդկային արարք մըն է ազերիներու կողմէ 180,000 բնակչութիւն հաշուող Արցախի դէմ կատարուած շրջափակումը: Չի՛ բաւեր միայն դատապարտել ու քննադատել: Անհրաժեշտ է գործնական քայլերու դիմել ու պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Նիքոս Քրիսթոտուլիտէսին հետ:   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը.- ա) Կիպրոսի հայ համայնք, բ) Արցախի շրջափակում, գ) Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներ, դ) Լիբանանի նախագահական ընտրութիւն եւ ե) Կիպրոսի դերը Միջին Արեւելքէն ներս։   Վերոնշեալ հարցերու շուրջ տեսակէտներու…

ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԱՐՈՆԻԹ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 19 Մարտ 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կիպրոսի մարոնիթ համայնքի առաջնորդ Սալիմ Եպիսկոպոս Սֆէյրին։   Սֆէյր Եպիսկոպոս պարզեց Կիպրոսի մէջ մարոնիթ համայնքին կացութիւնը ու յատկապէս շեշտեց մարոնիթ եւ հայ եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ ու եղբայրական յարաբերութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, բարձր գնահատանքով ողջունեց Կիպրոսի մէջ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՏՆՕՐԷՆՆ ՈՒ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐԸ

Կիրակի, 19 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Կիպրոսի համալսարանի աստուածաբանական ու փիլիսոփայական բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Քրիսթոս Էքոնոմու, ընկերակցութեամբ համալսարանի դասախօսներու:   Տնօրէնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց համալսարանի դասընթացքները: Ան յայտնեց, թէ Կիպրոսի համալսարանը կը գործակցի Թեսաղոնիկէի (Յունաստան) համալսարանին հետ:   Յայտնենք, որ Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան յիշեալ…

«ՆԵՐԿԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ԿՐՆԱՆՔ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱԿԵԴՐՈՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԱՊՐԵԼՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս խօսքերով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց կիպրահայութեան, Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, որ մատուցուեցաւ Նորին Ս. Օծութեան Կիպրոսի հայոց թեմին տուած հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը՝ Կիրակի, 19 Մարտ 2023-ին։   Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, քահանայ հօր, դպրաց դասուն եւ հաւատացեալներու հոծ…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԿԻՊՐԱՀԱՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԵՒ ՕՐՀՆԵՑ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ

Հովուապետական այցելութեամբ Կիպրոս ժամանած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Շաբաթ, 18 Մարտ 2023-ի երեկոյեան, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Իւթիւճեան սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ կիպրահայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ներկայ էին Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, թեմական մարմնի ներկայացուցիչը, Ազգային Վարչութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսը, Ս.Դ.Հ.Կ.ի, Հ.Յ.Դ.ի,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՆԻԿՈՍԻԱՅԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 18 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, Կիպրոսի հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Շուէտի կառավարութեան հովանաւորութիւնը վայելող Religious Track գրասենեակի պատասխանատու Սալբի Էսքիճեանի, Կիպրոսի պապական նուիրակ Ճորճ Եպիսկոպոսի եւ լատին եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Պրունօ Եպիսկոպոս Վարիանոյի: Հանդիպումներուն ներկայ էին Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՄԱՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍ

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Կիպրոս: Նորին Ս. Օծութեան դիմաւորելու եկած էին Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի հայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Կիպրոսի մօտ Լիբանանի դեսպան Գլոտ Ալ Հաժալ, Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան եւ քահանայ հայրեր:   Ընդունելութենէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2023-ին, շուրջ մէկ ժամ հանդիպում կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսին միջեւ: Հինէն ծանօթ ըլլալով վարչապետին, հանդիպումը տեղի ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Հանդիպման սկիզբը ներկայ էր Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան: Ապա, զրոյցը շարունակուեցաւ առանձին՝ Վեհափառ Հայրապետին եւ վարչապետին միջեւ:   Նորին Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՅՈՒՆԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԷՆ ՆԵՐՍ ԳՈՐԾՈՂ ՔՈՅՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 15 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Յունաստանի մօտ Լիբանանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ դեսպան Ղատի Ալ-Խուրիի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, առաջնորդական փոխանորդ եւ Գոմոթինի շրջանի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան եւ Յունաստանի Ազգային Վարչութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 14 Մարտ 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային դասախօսութիւն մը տուաւ Աթէնքի համալսարանին մէջ։   Յայտնենք, որ ութ տարի առաջ, Հայրապետը դասախօսած էր նոյն համալսարանին մէջ եւ արժանացած պատուոյ դոկտորայի։   Այս անգամ, Նորին Ս. Օծութեան նիւթն էր Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին յոյն եկեղեցւոյ հետ ունեցած յարաբերութիւնը եւ քրիստոսաբանական մօտեցումը։ Դասախօսութեան ներկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԷՆ ՆԵՐՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Յունաստանի հայոց թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը, այցելեց հայ աւետարանական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր պատասխանատուներուն եւ շրջեցաւ հայ դպրոցները:   Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ազգային «Զաւարեան» վարժարանը, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ: Նորին Ս. Օծութեան այցելութեան առիթով, վարժարանի աշակերտութիւնը հայ երգերով, ասմունքներով ու պարերով գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը ներկայացուցին: Յայտագրի…

ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երեքշաբթի, 14 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.ին կողմէ:   Արքեպիսկոպոսին շուրջ ներկայ էին մետրոպոլիտներ, եպիսկոպոսներ ու քահանայ հայրեր։   Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

Սփիւռքին պարզած գոյավիճակն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները նկատի ունենալով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2022 եւ 2023 թուականները յաջորդաբար հռչակած էր «Սփիւռքի Տարի»՝ լուսարձակի տակ բերելու աշխարհացրիւ հայ գաղութներուն մտահոգութիւններն ու տագնապները: Անցնող տարուան ընթացքին շեշտուեցաւ Սփիւռքեան հայ կեանքի ինքնաքննութիւնը։ Իսկ այս տարուան Հայրապետական հռչակագրով Նորին Սրբութիւնը թելադրեց, քննարկումներէ անդին, քննարկել գործադրութեան հեռանկարներուն եւ միջոցներուն կարելիութիւնները՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ

«ՆԵՐԿԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄՆ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Այս շեշտաւորումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց Յունաստանի հայութեան, Աթէնքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, որ մատուցուեցաւ Նորին Սրբութեան Յունաստանի հայոց թեմին տուած հովուապետական օրհնաբաշխ այցելութեան երկրորդ օրը՝ Կիրակի, 12 Մարտ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՈՒ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐԸ

Շաբաթ, 11 Մարտ 2023-ի գիշերը, «Լէոնտիօ» սրահին մէջ, Յունաստանի հայոց թեմին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի: Յայտագրին, Յունաստանի Քոմոթինի եւ Թեսաղոնիկէ շրջաններէն Աթէնք համախմբուած երիտասարդներ, հրամցուցին ազգային երգերէ կտորներ ու ներկայացուցին հայ մշակութային ժառանգութենէն պարեր։   Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Ազատ Օր» թերթի խմբագրապետ Քերոբ Էքիզեան։ Ան իր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթ, 11 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Աթէնք (Յունաստան) եւ օդակայանին մէջ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան։ Նորին Ս. Օծութեան դիմաւորելու եկած էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Տիգրան Վարդանեան եւ Լիբանանի դեսպան Ղատի Ալ-Խուրի, Յունաստանի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսին ներկայացուցիչը, Յունաստանի հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍ

Շաբաթ, 11 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Յունաստանի Հայոց Թեմ:   Նորին Ս. Օծութեան այցելութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ Ուրբաթ, 17 Մարտ 2023 եւ պիտի ներառնէ Հայրապետական պատգամներ, այցելութիւններ ու հանդիպումներ՝ ազգային, միջ-եկեղեցական ու պետական մարմիններու ու պատասխանատուներու հետ:   Ապա, Վեհափառ Հայրապետը Աթէնքէն պիտի մեկնի Կիպրոս։ Հոն եւս ան իր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ուրբաթ, 10 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն (Ա.Մ.Ն.) Լիբանան ժամանած վեց հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին քարտինալներ եւ եպիսկոպոսներ: Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Լիբանանի այժմու կացութեան եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն կողմէ կատարուող աշխատանքներուն: Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց նախ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն պարզած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐ ԶԱՐԵՀ ՍԻՆԱՆԵԱՆԸ

Ուրբաթ, 10 Մարտ 2023-ին, շուրջ երկու ժամ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի հարցերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի միջեւ: Սինանեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց վերջին շրջանին զանազան գաղութներ իր կատարած այցելութիւնները, եւ անոնց արժեւորումը կատարելով՝ շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը առաւել սերտացնելու կարեւորութիւնը: Հայրապետը, իր կարգին, լայնօրէն անդրադարձաւ մեր ժողովուրդը յուզող ներկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 9 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին ներկայացուցիչ Փօլ Սայյահ արքեպիսկոպոսը։ Հանդիպման առանցքը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն էր։   Յայտնենք, որ շուրջ երկու ամիս առաջ, Ռայի Պատրիարք այցելած էր Անթիլիասի Մայրավանք եւ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր յիշեալ հարցին շուրջ։ Ապա, Անթիլիասի ու Պքէրքէի միջեւ կապերը շարունակուած էին նախագահական…

ՎԱՆԱԲՆԱԿ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 28 տարիները եղան ո՛չ միայն հայ կեանքէն ներս բազմազան ու այլազան տագնապներով լեցուն շրջան մը, այլ նաե՛ւ ու մանաւա՛նդ այդ տագնապները հաւատքո՛վ, իմաստութեա՛մբ ու քաջութեա՛մբ դիմագրաւելու շրջան մը՝ առաջնորդութեամբ ու գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Ա՛յս կը վկայէ անցնող աւելի քան քառորդ դարու մեր ազգին պատմութիւնը։ Նորին Ս. Օծութեան կատարած իրագործումներուն…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ. ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Շաբաթ, 4 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Գերագոյն Խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Հրաչ Գույումճեանը։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստանը, Արցախը ու Սփիւռքը յուզող այժմէական հարցերու վրայ, շեշտուեցաւ մեր ազգին ոյժերը համախմբելու կարեւորութիւնը եւ այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերը, յատկապէս Սփիւռքի մէջ։   Նոյն օրը Վեհափառ…

«ԱՏԻԷՆ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 3 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը «Կրօններ» (Adyan) կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնին՝ դոկտ. Էլի Ալ-Հինտիին, ընկերակցութեամբ նոյն կազմակերպութեան ծրագիրներու ղեկավարին։   «Ատիէն»ը  Միջին Արեւելեան կազմակերպութիւն մըն է։ Ան գրասենեակներ ունի տարբեր շրջանի երկիրներու մէջ։ Անոր նպատակն է երկխօսութիւն ու գործակցութիւն յառաջացնել յատկապէս իսլամութեան ու քրիստոնէութեան միջեւ։ Այս կազմակերպութեան մաս կը կազմեն թէ՛…

ԵՐԵՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Ընդառաջելով Վատիկանի միջ-քրիստոնէական յարաբերութեանց բաժանմունքի հրաւէրին, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ հոգեւորականներէն Հոգշ․ Տ․ Արտաւազդ Վրդ․ Շարոյեան (տեսուչ «Կիլիկա» թանգարանի), Հոգշ․ Տ․ Եղիա Աբղ․ Մալխասեան (Թեսաղոնիկէի (Յունաստան) Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ) եւ Արժ․ Տ․ Մովսէս Քհն․ Շաննագեան (Կլէնտէյլի (Ա.Մ.Ն. արեւմտ.) Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ), Արեւելեան…

ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ՝ ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ

Երբ պահը հասնի եւ մահկանացուներուս՝ այս կեանքին հրաժեշտ տալու ժամանակը գայ, որքան ալ մեզի համար վաղ կամ անագան թուի այդ, հոս մնացողներս մեր հոգիներուն ու սրտերուն մէջ կը կրենք մեկնողին ֆիզիքական բացակայութեան եւ ոգեղէն ներկայութեան յառաջացուցած զգացումներուն դրոշմը։ Իսկ երբ մահացողը մեր ազգային կեանքին մէջ իր կնիքը ձգած ըլլայ, այդ մեզ կը դնէ թէ՛ իր…