Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Ողջոյնի խօսքը Համահայկական Կրթական Բ. Խորհրդաժողովին, Երեւան 18-20 Օգոստոս 2006

Օգոստոս 18-20 Երեւանի տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթական Նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Համահայկական Խորհրդաժողով մը հայեցի դաստիարակութեան նուիրուած։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն Խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական սոյն պատգամը կարդաց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան։

Ստորեւ՝ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Համահայկական Կրթական Բ. Խորհրդաժողովը։ Կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան ու Գիտութեան Նախարար Մեծայարգ Տիար Լեւոն Մկրտչեանը, ինչպէս նաեւ Խորհրդաժողովին բոլոր մասնակիցները։

 

Արդարեւ, ոեւէ ժամանակէ աւելի ներկայ աշխարհի հրամայականներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց, հայեցի դաստիարակութիւնը առաջնահերթ խնդիր է։ Հետեւաբար, հայեցի դաստիարակութիւնը համահայկական մաշտապով ու իրապաշտ հայեցակէտով պէտք է քննարկուի ու ծրագրուի՝ հեռու ամէն տեսակ միակողմանի, հապճեպ, քարոզչական ու մակերեսային մօտեցումներէ։ Այս առիթով Խորհրդաժողովի ուշադրութեան կ’ուզենք յանձնել մի քանի կարեւոր կէտեր.-

 

Ա) Հայեցի դաստիարակութիւնը ըստ էութեան հայ մարդու կազմաւորումն է, անոր ինքնութեան ձեւաւորումն է, անոր պատկանելիութեան ճշդումն է, ազգի հաւաքական կեանքին գործնապէս մասնակից դառնալու հայ անհատի գիտակցութեան զարգացումն է։ Վերջապէս, հայեցի դաստիարակութիւնը հայ մարդուն կեանքի նպատակին ճշդումն է։ Հետեւաբար, հայեցի դաստիարակութեամբ հայ մարդն է որ կը պատրաստուի։ Ի՞նչ տեսակ հայ կ’ուզենք պատրաստել վաղուան համար։ Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ եւ բազմազանութեամբ տիրապետուած ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ։ Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Նո՞յնն են արդեօք ամէն տեղ հայ ըլլալու պայմանները, միջոցները ու կարելիութիւնները։ Այս հարցադրումները հարկ է որ լրջօրէն քննարկուին, որպէսզի կարենանք յստակօրէն ճշդել հայեցի դաստիարակութեան մեր մօտեցումները ու աշխատանքները։

 

Բ) Հայեցի դաստիարակութեան նուիրուած մեր աշխատանքին մէջ հարկ է հեռու մնալ տեսական սահմանումներէ, վերացական բանաձեւումներէ, ռոմանթիք մտածողութենէ։ Հարկ է նախ հայեցի դաստիարակութեան հիմնական սկզբունքները ճշդել ու չափանիշները պարզել։ Ինչ որ ալ ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները, հայը, ըստ էութեան նոյն հայն է ու պէտք է ըլլայ՝ իր ինքութեամբ, ազգային հաւատամքով, հոգեւոր արժէքներով, եւ մէկ ազգի ու հայրենիքի պատկանելիութեան իր խոր գիտակցութեամբ։ Պէտք է ճշդել թէ այսօր ի՞նչն է  հիմնականը, մնայունը, էականը, զոր հայեցի դաստիարակութիւնը պէտք է փոխանցէ հայուն մէջ գիտակից հայը կերտելու իմաստով։ Հայեցի դաստիարակութեան հոգեւոր ու բարոյական, ազգային ու գաղափարախօսական հիմք պէտք է տալ։ Սա հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Ցարդ, ընհանրացումներ միայն կատարած ենք։ Այս գծով անհրաժեշտ է մեր քննարկումները աւելի խորացնել։ 

 

Գ) Տարբեր միջավայրերու մէջ ապրելով, անհրաժեշտ է որ տարբեր մօտեցումներ ու գործընթացներ ճշդենք հայեցի դաստիարակութեան կիրարական գետնի վրայ։ Այլ խօսքով, պահելով հանդերձ հայեցի դաստիարակութեան հոգեւոր ու ազգային հիմքը, հէնքը ու նպատակը, Սփիւռքի տարբեր պայմանները կը պահանջեն տարբեր շեշտաւորում ու տարբեր ծրագրաւորում։ Հարկ է միջուկը պահել, իսկ արտաքինը, կեղեւը պէտք է պատշաճեցնել տեղական պայմաններուն։ Արդ, կեդրոնաձիգ մօտեցում հայեցի դաստիարակութեան՝ ծրագրային, մանկավարժական ու դասագրքերու իմաստով, ճիշդ չենք նկատեր։ Սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ հայեցի դաստիարակութեան նուիրուած մեր մշակները լայն փորձառութիւն եւ ըսելիք ունին այս ուղղութեամբ։

 

Դ) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հայեցի դաստիարակութեան աշխատանքներուն մէջ ձեռք ձգած է հարուստ փորձառութիւն։ Յատկապէս վերջին տասնամեակի ընթացքին մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ կազմակերպուած համասփիւռքեան տարողութեամբ համագումարները, մեր թեմերու ուսումնական խորհուրդներու եւ ուսուցիչներու յատուկ աշխատանքային հանդիպումները՝ հայեցի դաստիարակութեան հետ աղերս ունեցող քոնքրէթ խնդիրներու քննարկման նուիրուած, յստակօրէն ցոյց կու տան ո՛չ միայն հայեցի դաստիարակութեան առանցքային կարեւորութիւնը այլ նաեւ զայն վերակազմակերպելու անյետաձգելի հրամայականը՝ միշտ նկատի ունենալով տեղական իւրայատուկ պայմանները։

 

Ե) Հայեցի դաստիարակութիւնը վերակենսաւորելու ու անոր նոր հունաւորում տալու հեռանկարով, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը Մենք կը նկատենք խիստ անհրաժեշտ։ Այս գործակցութիւնը, ինչպէս մեր կեանքի ոեւէ բնագաւառին կապուած գործակցութիւն, պէտք է հիմնաւորուի շօշափելի տուեալներու, գործնապաշտ մօտեցումներու ու հասարակաց սկզբունքներու վրայ։ Հարկ է միասնաբար ճշդել թէ հայրենիքը ի՞նչ կրնայ տալ Սփիւռքին, եւ Սփիւռքը իր այլազան փորձառութեամբ ի՞նչ ձեւով կրնայ նպաստել հայեցի դաստիարակութեան համահայկական ծրագրումներուն ու աշխատանքներուն։ Մէկը միւս ամբողջացնող ու հարստացնող մօտեցումով պէտք է ուսումնասիրուին հայեցի դաստիարակութեան բոլոր հարցերը։

 

Կը սպասենք, որ ներկայ համաժողովին լայնօրէն քննարկուին այս հարցերը՝ ի խնդիր հայեցի դաստիարակութեան առաւել կազմակերպման։ Ձեր բոլորին կը մաղթենք յաջողութիւն։

 

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով,

 

Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

16 Օգոստոս, 2006

Անթիլիաս, Լիբանան