Գիր Հայրապետական Օրհնութեան Ս. Թադէի վանքի 54-րդ ուխտագնացութեան առթիւ յԱտրպատական, Պարստկաստան

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ, սիրելի՜ ուխտաւորներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն:   Ահա դարձեալ եկած էք Սուրբ Թադէ, որպէս ուխտաւորներ ձեր քրիստոնէական հաւատքը ամրապնդելու ու ձեր կեանքը քրիստոնէական արժէքներով ու ճշմարտութիւններով շաղախելու: Ուխտագնացութիւնը ընդհանրապէս քրիստոնէական կեանքին մէջ ու յատկապէս մեր եկեղեցեւոյ կեանքին մէջ իւրայատուկ կարեւորութիւն մը ունի: Ան ոչ միայն…