22 Հունվարի, 2006

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը, որ տուաւ մեր ժողովուրդին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի 22 Յունուար 2006-ին, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի գումարման առթիւ

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ

ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, որ տուաւ մեր ժողովուրդին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի 22 Յունուար 2006-ին, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի գումարման առթիւ։

 

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ժողովուրդին ներկայացաւ առաքելութիւն մը կատարելու յանձնառութեամբ, երբ Նազարէթ գիւղի սինակոկին մէջ կարդաց Եսայի Մարգարէին հետեւեալ տողերը.-

 

          «Տիրոջ հոգին վրաս է,

          որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝

          աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու,

          սրտաբեկները մխիթարելու,

          գերիներուն ազատութիւն բերելու,

          կոյրերուն աչքերը բանալու,

          հարստահարուածները ազատելու

          եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամանակը,

          երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը»

                                                            (Ղուկ. 4։ 16–20)

 

Այս յանձնառութեան հաւատարմութեամբ իր առաքելութիւնը իրագործեց Աստուծոյ Որդին։ Եւ իր երկրաւոր առաքելութեան վերջալոյսին նո՛յն պատգամը տուաւ իր աշակերտներուն՝ իր քարոզած ճշմարտութիւններուն թարգմանը ըլլալու, իր բերած յաւիտենական կեանքին քարոզիչը դառնալու, իր բացած նոր ճամբուն առաջնորդները հանդիսանալու։ Քրիստոսի Առաքեալները գացին աշխարհի բոլոր կողմերը եւ դարձան քարոզիչները, վկաները ու նահատակները Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանին։ Իր հոգեւոր սպասաւորներու ճամբով եկեղեցին շարունակեց Առաքեալներուն հաւատքի առաքելութիւնը նոյնիսկ կեանքի ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ։ Նո՛յն հաւատարմութեամբ ու նո՛յն հաւատքով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին իր հիմնադիր առաքեալներէն սկսեալ կը շարունակէ իր քրիստոսակեդրոն առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը զՔրիստոս մեր ժողովուրդին տանելու նո՛յն առաքելութեան է լծուած ամբողջական նուիրումով։ Առաքելութիւն մը, որ խարսխուած է Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանին վրայ. առաքելութիւն մը, որ նաեւ կը ներառէ Աւետարանի ճշմարտութիւններով թրծուած մեր հոգեմտաւոր արժէքներու տարածումը, ինչպէս նաեւ հայ մարդուն հոգեկերտումը ու հայակերտումը։ Մեր Սուրբ Աթոռին այս համապարփակ առաքելութեան մէջ առանցքային դեր ունի մեր միաբանութիւնը։ Հո՛ս է մեր միաբանութեան գոյութեան պատճառը, անոր իւրայատուկ ինքնութիւնը, անոր յստակ նպատակը։  Արդարեւ, մեր միաբանութիւնը կոչուած է ո՛չ միայն հաւատարիմ մնալու իր աստուածատուր կոչումին, այլ նաեւ շարունակ վերանորոգելու, վերակազմակերպելու ու վերածաղկեցնելու իր ծառայական առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։

 

Ահա այս գիտակցութենէն ու նախանձախնդրութենէն մղուած անցնող երեք օրերու ընթացքին մեր միաբանութիւնը դարձեալ ունեցաւ իր Ընդհանուր Ժողովը։ Աւելի քան քառասուն միաբաններ՝ աբեղայ թէ վարդապետ, եպիսկոպոս թէ արքեպիսկոպոս, վանքին մէջ թէ մեր թեմերուն մէջ ծառայող, աղօթքի ու խորհրդածութեան ճամբով, եղբայրական ջերմ սիրոյ մթնոլորտի մէջ միասնաբար քննեցին իրենց առաքելութեան առընչուած շարք մը ծրագիրներ։

 

Ժողովին որպէս ընդհանուր թեմա ճշդած էինք՝ «Ինքնաքննութիւն ու Վերանորոգում»։ Կը հաւատամ որ այս թեմայէն բխող մտահոգութիւնները, առաջադրանքները ու մարտահրաւէրները պէտք է լուրջ խորհրդածութեան ու աշխատանքի մղեն ո՛չ միայն մեր եկեղեցւոյ, այլ նաեւ մեր ազգի ծառայութեան լծուած բոլոր կառոյցները։ Կազմակերպութիւն մը կը կորսնցնէ իր ներքին ուժականութիւնը եւ կը նահանջէ իր նպատակներու իրագործման ճամբուն վրայ, երբ ինքզինք ինքնաքննադատութեան ճամբով վերանորոգման մնայուն ընթացքի մէջ չի տեսներ։ Մեր Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովին, իրապաշտ ու ինքնահայեցողութեան ճամբով փորձեցինք տեսնել թէ ո՞ւր է այսօր մեր միաբանութիւնը ընդհանրապէս ներկայ աշխարհի ու յատկապէս մեր ժողովուրդի ներկայ կեանքի պայմաններուն դիմաց։ Ի՞նչ ազդու միջոցներով կարելի է վերանորոգման ենթարկել մեր առաքելութիւնը՝ մեր կոչումին, աշխատելաձեւին, ծառայութեան եւ մեր կեանքի հոգեւոր, մտաւոր ու վարչական տարածքներուն հետ աղերս ունեցող խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու իրապաշտ քննարկումով։

 

Այսօր, տարբեր պայմաններու մէջ կ’ապրի մեր եկեղեցին, եւ տարբեր առաջնահերթութիւններու ու կարիքներու դիմաց կը գտնուի։ Մեր ժողովուրդի կենցաղակերպը, մտածելակերպը ու գործելակերպը հիմնական փոփոխութիւններու է ենթարկուած։ Որպէս ժողովուրդի ծառայութեան լծուած հոգեւոր սպասաւորներ չենք կրնար, իրաւունք չունինք, նո՛յնը մնալու, նո՛յն ձեւով մտածելու, ծրագրելու ու գործելու։ Հակառակ այն իրողութեան, որ մեր միաբանութիւնը թէ՛ Կաթողիկոսարանէն եւ թէ մեր թեմերէն ներս, հոգեւոր, կրթական, մշակութային, ազգային եւ այլ մարզերուն մէջ նշանակալից իրագործումներ կատարած է, Ժողովի ընթացքին չխօսեցանք մեր ձեռք ձգած նուաճումներուն մասին. քաջութիւնը ունեցանք խօսելու մեր թերացումներու մասին փորձեցինք ախտաճանաչումներ կատարել ու միասնաբար որոնեցինք այն ճամբաները, որով կարելի ըլլայ մեր միաբանութեան առաքելութեան նոր կենսունակութիւն տալ։ Կը հաւատանք որ ա՛յս է ճամբան յաջողութեան ու յառաջդիմութեան։

 

Այսօր, ո՛չ միայն մեր միաբանութիւնը, այլ նաեւ մեր ողջ եկեղեցին հրամայական անհրաժեշտութիւնը ունի վերանորոգման. վերանորոգում՝ հոգեւոր ու ազգային իմաստով, վերանորոգում՝ մտածելակերպի ու գործելակերպի,  վերանորոգում հաւատքի ու կոչումի։ Հետեւաբար, մեր Միաբանական Ժողովի ընթացքին մեր աղօթքներուն, քննարկումներուն, խորհրդածութիւններուն ու որոշումներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձան ինքնաքննութիւնն ու վերանորոգումը։ Վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով՝

 

– Մեր միաբանութիւնը վերանորոգեց իր հոգեւոր կեանքը։ Հոգեւոր կեանքը եկեղեցւոյ սպասաւորին անձին ու գործին էութիւնը կը կազմէ։ Ան հոգեւորական է բառին ամբողջական ու հարազատ իմաստով՝ իր կեանքը աղօթքով լիցքաւորող, իր գործը աղօթքով թրծող, իր մտածումները աղօթքով շաղախող։ Հոգեւորականը այն անձն է, որ ո՛չ միայն կ’աղօթէ, այլ աղօթքը ծառայութեան կը վերածէ. ո՛չ միայն քարոզիչն է հոգեւոր արժէքներու, այլ նաեւ այդ արժէքներու հայելին ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Մեր Սուրբ Աթոռին միաբանները կարեւորութեամբ շեշտեցին թէ աղօթքը ու հոգեւոր խորհրդածութիւնը, պէտք է դառնան մնայուն ներկայութիւն միաբանի մը կեանքէն ներս։ Միաբանական այս ժողովը սքանչելի առիթ մը եղաւ ժամերգութիւններու, խորհրդածութիւններու ու միաբանական հաւաքներու ճամբով առաւել հարստացնելու մեր կեանքը հոգեւոր արժէքներով։

 

– Մեր միաբանութիւնը վերանորոգեց իր հաւատարմութիւնը։ Ոեւէ կազմակերպութեան պատկանող անձի մը համար հաւատարմութիւնը պէտք է դառնայ կեանքի ու գործի որակ ու մնայուն ընթացք։ Մանաւանդ մեր Սուրբ Աթոռին պատկանող միաբանի կեանքէն ներս հաւատարմութիւն՝ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն, մեր եկեղեցւոյ ուսուցումներուն, դաւանանքին ու ծէսին եւ հաւատարմութիւն՝ մեր Սուրբ Աթոռի սկզբունքներուն, կը նկատենք նախապայման մեր միաբանութեան անդամակցութեան։ Ուրախութեամբ հաստատեցինք թէ մեր Սուրբ Աթոռին միաբանութիւնը ձեռնադրութեան ընթացքին իր կատարած ուխտին հաւատարիմ է գործնապէս՝ իր կեանքով ու ծառայութեամբ։ Ժողովի ընթացքին մենք առիթը ունեցանք հոգեւորականի կոչումի գիտակցութենէն եկող հաւատարմութիւնը վերահաստատելու։

 

 – Մեր միաբանութիւնը վերանորոգեց իր հնազանդութիւնը։ Հաւատարմութիւն նաեւ կ’ենթադրէ հնազանդութիւն։ Հնազանդութիւն՝ մեր Սուրբ Աթոռի հոգեւոր գերագոյն իշխանութեան, հնազանդութիւն՝ առնուած որոշումներուն ու կանոնագրութեան սկզբունքներուն նկատմամբ։ Մեր միաբանութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկն է հնազանդութիւնը։ Միաբանական այս ժողովը առիթ մը եղաւ, որ մենք ո՛չ միայն կարեւորութեամբ շեշտենք հնազանդութեան կենսական անհրաժեշտութիւնը, այլ նաեւ յիշեցնենք մեր անձերուն թէ անհնազանդ ընթացքի մէջ գտնուող ոեւէ միաբանի նկատմամբ հարկ է ցուցաբերել խիստ վերաբերում։

 

– Մեր միաբանութիւնը վերանորոգեց հոգեմտաւոր արժէքներուն իր կապուածութիւնը։ Քրիստոսի Աւետարանը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ճառագայթեց մեր մշակութային արժէքներուն ճամբով։ Այլ խօսքով, մեր մշակոյթը ծաղկեցաւ քրիստոնէական հաւատքի ճամբով ու քրիստոնէական հաւատքը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս արմատացաւ հայ մշակոյթի ճամբով։ Հետեւաբար, մշակոյթը անբաժանելի մասը նկատելով մեր հաւատքի առաքելութեան, մեր միաբանութիւնը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը շարունակելու իր ծառայութիւնը մեր մշակութային արժէքներուն առաւել ծաղկման ու ծարածման մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։

 

– Մեր միաբանութիւնը վերանորոգեց իր զօրակցութիւնը մեր ժողովուրդի արդար դատին։ Քրիստոնէական եկեղեցին իր էութեամբ ժողովուրդի եկեղեցին է. այլ խօսքով՝ ժողովուրդն է եկեղեցին Քրիստոս ունենալով իր կեանքին առանցքը։ Արդ, ժողովուրդի կեանքը յուզող բոլոր տագնապները նաեւ եկեղեցւոյ տագնապները պէտք է դառնան։ Անբնական չէ, հետեւաբար, մեր եկեղեցւոյ ստանձնած նաեւ ազգային դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Անբնական չէ արդարութեան համար պայքարը մեր եկեղեցւոյ։ Միթէ այդպէս չըրա՞ւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս։ Ցեղասպանութիւն ու աքսոր տեսած այս Սուրբ Աթոռը իր միաբանութեամբ կոչուած է առաւել ուժականութեամբ շարունակելու իր մասնակցութիւնը մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն։

 

– Մեր միաբանութիւնը վերանորոգեց հայրենաշինութեան իր մասնակցութիւնը։ Արեան անբաժանելի կապերով միացած ենք Հայաստանին, զայն կը նկատենք մեր բոլորին հայրենիքը։ Երբ տակաւին Հայաստանը կը գտնուէր տարբեր պայմաններու մէջ, այս Սուրբ Աթոռին միաբանները դարձան ազատ ու անկախ Հայաստանի դրօշակիրները, իրենց գրիչով, իրենց խօսքով, իրենց կեանքով ու գործով պայքարելով ազատ անկախ Հայաստանին համար։ Հետեւաբար այսօր, մեր միաբանութիւնը գործնապէս մասնակից է հայրենակերտումի գործին եւ զօրակից է Ղարաբաղեան պայքարին եւ պիտի շարունակէ միշտ այդպէ՛ս մնալ։

 

Արդ, միաբանական ժողովը առիթ մը եղաւ մեր միաբանութեան կոչումը ամրացնելու ու անոր բազմերես առաքելութիւնը վերանորոգելու։ Մեր Սուրբ Աթոռը միաբաններ չունի, այլ միաբանութի՛ւն ունի։ Մենք ա՛յս գիտակցութեամբ կ’ապրինք, կը ծրագրենք ու կը ծառայենք։ Հաւաքականը եւ ընդհանրականը, ամբողջականը ու մնայունը մեր կեանքին ընթացքը եւ նպատակը կը ճշդեն։ Մենք ա՛յս նախանձախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ լծուած ենք մեր հաւաքական առաքելութեան Կաթողիկոսարանէն ներս թէ թեմերու մէջ։ Մեր միաբանութիւնը ուխտեա՛լ միաբանութիւն է. հաւատարմութիւն, հնազանդութիւն ու ծառայութիւն՝ աղօթական կեանքի ճամբով արտայայտուող հէնքը կը կազմէ մեր միաբանութեան կառոյցին ու հիմքը անոր կոչումին։ Մենք միշտ խիստ մօտեցում պիտի ունենանք այն բոլոր երեւոյթներուն ու մօտեցումներուն նկատմամբ, որոնք կրնան տկարացնել մեր միաբանութեան հզօրութիւնն ու կենսունակութիւնը, անոր ծառայութեան որակը ու նուիրուածութիւնը։ Աստուծոյ օրհնութեամբ մեր Սուրբ Աթոռին միաբանութիւնը պիտի շարունակէ իր առաւել հզօրացման ու վերանորոգման ընթացքը.-

 

ա) Դպրեվանքէն ներս ընդունելով այնպիսի աշակերտներ, որոնք հոգեմտաւոր կազմաւորման ընթացքին մէջ մտնելու ատակ ըլլան՝ իրենց նկարագրով ու մտային կարողութեամբ։

 

բ) Ձեռնադրելով այնպիսի անձեր, որոնք Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայելու կոչումը իրենց անձին ու կեանքին հետ շաղախեն եւ հաւատարմութեան ու հնազանդութեան յանձնառութեամբ երթան մեր ժողովուրդին՝ իրենց փառքը ծառայութեան մէջ միայն փնտռելու։

 

գ) Ապրելով այնպիսի կեանք, ծառայելով այնպիսի կերպով, ուր ճառագայթէ Աստուծոյ ներկայութիւնը՝ հեռու ամէն տեսակ անձնական, նիւթական ու աշխարհիկ հետաքրքրութիւններէ։

 

դ) Միաբանութեան անդամ ընդունելով այնպիսի հոգեւորականներ, որոնք հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ամբողջականութեան հասկացողութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սկզբունքներուն անխախտ հաւատարմութեամբ ծառայեն մեր ժողովուրդին։

 

Ահա՛ Մեր կոչումը Սրբազան. ահա՛ Անթիլիասական ուխտը մեր նուիրական։

 

Այսպէ՛ս եղած է միշտ մեր Սուրբ Աթոռի Վեհափառ Հայրապետներու մօտեցումը. եւ ա՛յս է Մեր յստակ կեցուածք մը։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր միաբան արժէք է Մեզի համար եւ այս նախանաձախնդրութենէն մեկնելով Մենք պիտի շարունակենք մեր բոլոր կարելիութիւններով հոգեմտաւոր կազմաւորում տալ, բարձրագոյն ուսում հայթայթել ու ծառայութեան լայն կարելիութիւններ ընծայել մեր միաբաններուն՝ այն խոր սպասումով, որ մեր Սուրբ Աթոռի ծառայական առաքելութեան իրենց մասնակցութիւնը նկատեն պատիւ ու առանձնաշնորհում։ Մենք ամէ՛ն բանէ առաջ հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած միաբաններ ենք։ Մէկ է հայ եկեղեցին. մէկ է հայ ժողովուրդը։ Սակայն, այդ ծառայութեան կոչուած ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով։ Մենք նոյնացած ենք Հայրապետական դարաւոր այս Սուրբ Աթոռին հետ։ Այս Սուրբ Աթոռին ճամբով մենք բացուեցանք Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն, մեր հոգեւոր արժէքներուն, մեր մշակութային իրագործումներուն, մեր ժողովուրդի տագնապներուն ու ձգտումներուն, մեր եկեղեցւոյ ու ազգի պատմութեան։ Անթիլիասի ճամբով մենք ճանչցանք թէ ինչ կը նշանակէ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորութեան լծուիլ, թէ ինչ կը նշանակէ Քրիստոսի Աւետարանին քարոզիչը դառնալ, ինչ կը նշանակէ ժողովուրդին ծառայել։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով մենք ահաւասիկ որպէս մէկ միաբանութիւն, 20 տարեկան միաբանէն սկսեալ մինչեւ 95 տարեկան միաբանը, վերանորոգեցինք մեր կոչումը ծառայական։

 

Այսօր, մեր ժողովուրդի այլազան կարիքներուն ու ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց մեր վերանորոգեալ միաբանութիւնը պատրաստ է շարունակելու իր ծառայութիւնը Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին ու մեր հայրենիքին՝ առաւել՛ հաւատքով ու յանձնառութեամբ։ Ահա պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

More News