Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հարցազրոյցը ՀԱՍԿ-ի խմբագրութեան հետ

ՙԿԱՌՉԱԾ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ՝ ՄԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱ՜Ն՚

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Ներկայ հարցազրոյցը ՀԱՍԿի   խմբագրութիւնը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ, ՀԱՍԿի Օգոստոս-Սեպտեմբեր թիւին   համար: Հարցազրոյցին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն կ’անդրադառնայ վերջին   շաբաթներու ընթացքին Պիքֆայայի Վանքին մէջ տեղի ունեցած Կրթական ու   Երիտասարդական համագումարներուն: Նաեւ Վեհափառ Հայրապետը կը խօսի ՙհոգեւոր   շարժումներու՚ մասին՝ իր յստակ տեսակէտները յայտնելով այս ուղղութեամբ:

 

Հարցում

Վեհափառ Տէր, անցնող երկու ամիսներու ընթացքին, Կաթողիկոսարանէն ներս Ձեր հովանաւորութեամբ յաջորդաբար երկու համագումարներ տեղի ունեցան, մէկը կրթական իսկ միւսը՝ երիտասարդական: Հակառակ անոր որ այս գծով մամուլին որոշ տեղեկութիւններ տրուած էին, պիտի ուզէինք ունենալ Ձերդ Սրբութեան արժեւորումը՝ նկատի ունենալով անոնց ներկայացուցած կարեւորութիւնը:

 

Պատասխան

Նախ կ’ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել, թէ Մենք կը հաւատանք գործի՜ն՝ հաւատքով ու նուիրումով շաղախուած նպատակասլաց գործին: Համագումար մը իր ճշմարիտ իմաստը կը ստանայ համագումարէն յետոյ՝ երբ ան իր ոգիով ու տեսիլքով, հաւատքով ու որոշումներով վերածուի գործի, կեանքի՝ մեր Ս. Աթոռի առաքելութեան նոր մղում, նոր ճառագայթում տալով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը համագումարներ կը կազմակերպէ մեկնելով ա՜յս յանձնառութենէն: Մեր Ս. Աթոռին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած ազգային թէ միջազգային, կրօնական թէ մշակութային, կրթական թէ երիտասարդական համագումարները միշտ մասնագիտական մօտեցումով ու բծախնդրութեամբ ծրագրուած են՝ մասնակիցներու ընտրութեամբ, օրակարգերու յստակութեամբ, մասնակցութեան որակով, կատարուած քննարկումներու լրջութեամբ, ինչպէս նաեւ անոնք յաջողութեամբ պսակուած են՝ եղած առաջարկներուն ու ճշդուած ուղեգիծերու ներդաշնակութեամբ ու թափանցիկութեամբ:

 

Այս ընդհանուր ներածականէն յետոյ, նախ անդրադառնանք Կրթական համագումարին: Առաջին անգամ չէ որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կրթական համագումար մը կը կազմակերպուի: Վերջին տասը տարիներու ընթացքին, մեր Սուրբ Աթոռը ուսումնական խորհուրդներու եւ ուսուցիչներու յատուկ միջ-թեմական համագումարներ կազմակերպեց, ինչպէս նաեւ չորս տարիներ առաջ առաջին անգամ ըլլալով համասփիւռքեան կրթական համագումար՝ ՙՀայեցի Դաստիարակութիւնը այսօր Սփիւռքի մէջ՚ թեմայով: Այս վերջին համագումարին առնուած կարեւոր որոշումներէն մէկը այն էր, թէ նկատի ունենալով որ հայեցի դաստիարակութեան մեր աշխատանքներուն մէջ կրօնը, հայ լեզուն, գրականութիւնը ու հայոց պատմութիւնը ճշդորոշիչ դեր ունին, յատուկ համագումար մը կազմակերպել, լուսարձակի տակ բերելու յիշեալ նիւթերը: Լիբանանէն ներս տիրող քաղաքական պայմաններու հետեւանքով չկրցանք օրին կազմակերպել յիշեալ համագումարը: Ուրախ ենք, որ շուրջ երեք շաբաթներ առաջ տեղի ունեցաւ կրթական համագումարը Պիքֆայայի Դպրեվանքի յարկին տակ:

 

 

Հարցում

Մնալով կրթական համագումարի ծիրէն ներս, կրնայի՞ք, Վեհափառ Տէր, քիչ մը աւելի մանրամասն տեղեկութիւն հայթայթել մեր ընթերցողներուն:

 

Պատասխան

Մեր մօտեցումը համագումարին եղաւ մասնագիտական, իր ծրագրային թէ աշխատանքային երեսներով: Փորձեցինք առաւելագոյն չափով խուսափիլ ընդհանրացումներէ ու կրկնութիւններէ: Համագումարին մասնակցեցան միայն հայերէն, կրօն, գրականութիւն ու հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ՝ մեր թեմերէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Մասնակիցներուն ընդհանուր թիւն էր 95 հոգի: Մեր բացման խօսքին մէջ, անդրադառնալով համասփիւռքեան համագումարի եզրակացութիւններուն ու անցնող տարիներուն կատարուած աշխատանքներուն, շեշտեցինք մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան նոր մղում տալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը հայ դպրոցին կողմէ՝ լուրջ քննարկումի ենթարկելով մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները ու մարտահրաւէրները: Հայեցի դաստիարակութիւնը տեսութիւն չէ. ան տեղի կ’ունենայ իւրայատուկ միջավայրի մը մէջ: Հետեւաբար, չենք կրնար անտեսել մեր շրջապատը: Անհրաժեշտ է որ մնայուն կերպով վերաքննութեան ու վերարժեւորումի ենթարկուի հայեցի դաստիարակութեան ուղղութեամբ կատարուող մեր աշխատանքը՝ իր ներքին թէ արտաքին տարածքներով, իր մօտեցումներով ու մեթոտներով:

 

Համագումարի մասնակիցները մեկնելով իրենց ունեցած փորձառութենէն, կատարեցին լուրջ քննարկումներ. երբեմն տեսակէտներու տարբերութիւնը ակնյայտ էր, նկատի ունենալով տարբեր գաղութներու պայմանները. սակայն հասարակաց յայտարարները, մօտեցումները ու սկզբունքները մնացին տիրական: Նման համագումարներուն հեռու պէտք է մնալ ամէն բան վարդագոյն տեսնելու, մեր փոքր յաջողութիւնները ուռուցիկ կերպով ներկայացնելու, մակերեսային կամ վաղանցուկ մտահոգութիւնները չափազանցելու վատառողջ մօտեցումներէ: Քննարկումներուն մէջ, մեզ առաջնորդողը պէտք է ըլլայ իրապաշտ մօտեցումը, առողջ դատողութիւնը, փորձառութենէ եկող համոզումը: Այս մօտեցումը տիրապետող էր բոլոր ներկաներուն մօտ: Համագումարի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ քիչ խօսքով շատ բան ըսուած է երբ խորաթափանց մտքով սերտենք զայն:

 

 

Հարցում

Վեհափառ Տէր, իւրաքանչիւր համագումարէն յետոյ բնական կերպով կը մղուինք ըսելու՝ ՙյետոյ ի՞նչ…՚:

 

Պատասխան

Արդա՜ր մտահոգութիւն մը, անկասկած: Քիչ առաջ, որոշ չափով այս մտահոգութեան անդրադարձանք: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նման աշխատանքներու մէջ նախաձեռնողի, համադրողի, յիշեցնողի, թելադրողի, ուղղութիւն տուողի, օգտակար հանդիսանալու դերին մէջն է: Գործնական աշխատանքը պէտք է կատարուի թեմերէն ներս, մեր թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային իշխանութիւններու անմիջական հսկողութեամբ: Բնականաբար, նկատի ունենալով մեր գաղութներու ներքին դրուածքներու եւ զիրենք շրջապատող պայմաններու հիմնական տարբերութիւնները, կարելի չէ Անթիլիասի մէջ մանրամասնութեամբ ճշդել իրենց կատարելիք աշխատանքը: Հետեւաբար, Մեր սպասումն է, որ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցող համագումարներէն բխած թելադրութիւնները կամ ուղեգիծերը առաւելագո՜յն չափով գործընթացքներու վերածուին մեր թեմերուն կողմէ:

 

Հոս կ’ուզենք փակագիծ մը բանալ անդրադառնալու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կրթական մարզին: Փաստօրէն թէ՜ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ կրթական համագումարներ տեղի կ’ունենան, եւ կրկնութիւնը ու խաչաձեւումը երբեմն կը դառնան անխուսափելի: Այս ծիրէն ներս ներդաշնակ ու համադրուած աշխատանքը խիստ հրամայական է: Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը կը նկատենք յոյժ կարեւոր: Այս ուղղութեամբ բնականաբար ըսելիքներ ունինք՝ երբ յարմար առիթը ներկայանայ:

 

 

Հարցում

Ընդհանրապէս այն թիւր ըմբռնումը գոյութիւն ունի ոմանց մօտ, թէ հայեցի դաստիարակութիւնը ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը տարբեր բաներ են եւ նոյնիսկ երբեմն կը լսենք ու կը տեսնենք, որ անհրաժեշտ կարեւորութիւնը չի տրուիր քրիստոնէական դաստիարակութեան մեր կրթական մարմիններուն կողմէ:

 

Պատասխան

Զանազան առիթներով, Մեր պատգամներուն թէ գրութիւններուն մէջ, այս կէտին կարեւորութեամբ անդրադարձած ենք: Բացարձակօրէն ճիշդ չէ այն ըմբռնումը, թէ քրիստոնէական դաստիարակութիւն եւ հայեցի դաստիարակութիւն անջատ իրականութիւններ են: Ճի՜շդ է, իւրաքանչիւրը ունի իր ինքնութիւնը, իւրայատկութիւնը, շեշտաւորումը, նպատակը: Սակայն, մեր ժողովուրդի պարագային, սերտ ներդաշնակութիւն մը գոյութիւն ունի մարդակերտումի հոգեւոր ու ազգային տարածքներուն միջեւ: Անոնք զիրար կը լրացնեն ու կը զօրացնեն: Կարելի՞ է երեւակայել ոչ-քրիստոնեայ հայ մարդ. կարելի՞ է երեւակայել հայ մարդ, որ հեռու է հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներէ: Քրիստոնէութիւն ու հայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս զիրար գրկած ու ամբողջացուցած են: Մեր պատմութեան մեծ դէպքերը ու դէմքերը, արժէքներն ու իրագործումները, մեր լինելութիւնն ու ինքնութիւնը խորապէս արմատացած են հոգեւորին ու ազգայինին անքակտելի ու ներդաշնակ համադրութեան մէջ: Հետեւաբար, մեր դաստիարակչական աշխատանքներուն մէջ պէտք չէ անտեսենք մէկը կամ միւսը: Սակայն, մեր դպրոցներէն ներս այնքան շեշտուեցաւ հայակերտումը, ինչ որ բնական էր Սփիւռք դարձած մեր ժողովուրդին համար, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը փաստօրէն դարձաւ մակերեսային ու լուսանցքային: Մեր նոր սերունդի կեանքին մէջ կը զգանք որոշ պակաս մը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու: Արդ, ինչպէս համագումարին շեշտեցինք, յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի մեր դպրոցներէն ներս քրիստոնէական դաստիարակութեան, որպէս անբաժան մասը հայակերտումի աշխատանքներուն: Այս տարի Հայրապետական Գիրով հռչակած ենք ՙՔրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի՚: Մեր սպասումն է որ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու եւ աւանդութիւններու նկատմամբ մեր ժողովուրդին կապուածութիւնը աւելի ամրանայ եւ մեր ընտանիքներուն, դպրոցներուն ու կառոյցներուն մէջ քրիտոնէական հաւատքի արժէքները, ճշմարտութիւնները ու հրամայականները դառնան գոյութենական ներկայութիւն: Մեր սպասումն է, որ մեր կրթական մարմինները համապատասխան լրջութեամբ մօտենան համագումարին կողմէ որդեգրուած ուղեգծին:

 

 

Հարցում

Վեհափառ Տէր, ինչպէս քիչ առաջ յիշեցիք, Կրթական համագումարը նաեւ անդրադարձաւ հայ լեզուի, հայ գրականութեան ու հայոց պատմութեան, այլ խօսքով՝ հայագիտական նիւթերու: Այս մասին ի՞նչ ըսելիք կամ սպասումներ ունիք:

 

Պատասխան

Փաստօրէն հայագիտութիւնը նահանջի մէջ է այսօր թէ՜ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ: Հայ լեզուն սկսած է աղաւաղուիլ, ուղղագրութեան հարցը կը մնայ անորոշ, արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը սկսած են իրար խառնուիլ, հայ գրականութիւնը սկսած է որակ կորսնցնել, հայագիտական նիւթերու ուսումնասիրութիւնը սկսած է աւելի տեղ գրաւել օտար հայագէտներու մօտ, եւլն.: Այս է ընդհանուր գիծերով հայագիտութեան ներկայ վիճակը: Ի՞նչ են ներկայ կացութեան տուն տուող պատճառները. ինչպէ՞ս կարելի է նոր մղում ու որակ տալ հայագիտութեան. ինչպէ՞ս կարելի է Հայաստան-Սփիւռք լուրջ գործակցութիւն մը յառաջացնել նաեւ ա՜յս մարզէն ներս: Այս հարցերը կը կարօտին համապարփակ ուսումնասիրութեան:

 

Մասնաւորելով Մեր խօսքը հայ դպրոցէն ներս դասաւանդուող հայագիտական նիւթերու, հոս եւս կը տեսնենք զգալի նահանջ: Նախ, պետական կրթական ծրագիրներու ու քննութիւններու պահանջներուն դիմաց, հարկադրաբար հայագիտական նիւթերը սկսած են նահանջել: Սկսած են պակսիլ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու թիւը: Նայեցէք ձեր շուրջը. հայերէն, հայոց պատմութիւն ու հայ գրականութիւն գիտցող քանի՞ ուսուցիչ ունինք մեր դպրոցներէն ներս: Չմոռնանք որ հայ դպրոցը հա՜յ դպրոց դարձնողը հայագիտական նիւթերն են ու իր ջամբած հայեցի դաստիարակութիւնը. եւ այս բոլորը կը կատարուին հայ ուսուցչին կողմէ: Եթէ հայ դպրոցը կորսնցնէ իր այս յոյժ կարեւոր երեսին որակը, պիտի դադրի հայ դպրոց ըլլալէ: Հետեւաբար, հայ ուսուցչի պատրաստութիւնը, ինչպէս միշտ շեշտած ենք, անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է: Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնին առաքելութիւնը հայ ուսուցիչ պատրաստել է: Նոյն կեդրոնէն ներս մօտ ապագային հայ ուսուցչի պատրաստութեան առընթեր կը ծրագրենք նաեւ դասաւանդել հայագիտական նիւթեր՝ պետական համապատասխան վկայական ապահովելով: Ինչո՞ւ շրջանաւարտ մեր ուսանող-ուսանողուհիները այս կեդրոնին մէջ պիտի չկատարելագործեն իրենց ուսումը ապագային որպէս ուսուցիչ ծառայելու մեր դպրոցներէն ներս: Ինչո՞ւ արդէն իսկ մեր դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները վերաորակաւորման համար, ինչ որ կենսական է ուսուցչի մը համար, այս կեդրոնը պիտի չգան: Ուսուցչանոցի մը կարիքին միշտ անդրադարձած ենք: Ահա այդ կարիքը լայն չափով գոհացնող հաստատութիւն մը՝ Կաթողիկոսարանի անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող: Անհրաժեշտ է որ հայագիտական նիւթերու եւ հայ ուսուցչի պատրաստութեան առնչուող խնդիրները լուրջ քննարկումի ենթարկուին մեր կրթական մարմիններուն կողմէ:

 

 

Հարցում

Վեհափառ Տէր, վերադառնանք երիտասարդական համագումարին: Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան Ձեր պատգամին մէջ յատուկ ուրախութեամբ անդրադարձաք երիտասարդական համագումարին: Կրնայի՞ք Ձեր ուրախութեան առիթ տուող պատճառները պարզել:

 

Պատասխան

Մեր նախագահութեամբ, խումբ մը երիտասարդ միաբաններու ու ՀԵՀՈՄ-ի ներկայացուցիչներու կողմէ բաղկացած յանձնախումբ մը մանրամասնութեամբ ծրագրեց այս համագումարը իր բոլոր երեսներով ու հանգրուաններով: Մեր մօտեցումը ու ակնկալութիւնը յստակ էր. նախ ունենալ առաւելագոյնը 100 երիտասարդ-երիտասարդուհի, ո՜չ աւելի, մեր թեմերը ներկայացնող. նախապատուութիւն տալ համալսարանական երիտասարդներու. նկատի ունենալ միաժամանակ մեր եկեղեցւոյ մօտ եւ եկեղեցիէն հեռու գտնուող անձեր. որակը, զանազանութիւնը ու փորձառութիւնը եւս կարեւոր տուեալներ էին յիշեալ համագումարի պատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ: Եւ այս բոլորը կը միտէին առաւելագոյն չափով մասնակցութիւն ապահովել ներկաներուն կողմէ համագումարի աշխատանքներուն: Ուրախ ենք յայտնելու, որ Մեր սպասումները իրականացան: Բոլոր ներկայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները իրենց հետեւողական ու լուրջ մասնակցութիւնը բերին համագումարին՝ թէ՜ հաւաքական քննարկումներուն եւ թէ խմբային աշխատանքներու ճամբով:

 

Մեր բացման խօսքին մէջ ըսինք.- դուք հոս չէք եկած միայն լսելու, այլ նաեւ խօսելու. իրարու հետ պիտի խօսիք, ձեր դիմաց ունենալով մեր ժողովուրդը, մեր հայրենիքը ու մեր եկեղեցին: Պիտի խօսիք, պիտի քննէք, պիտի առաջարկէք՝ մեր հոգեւոր, մշակութային, բարոյական ու ազգային հաւաքական արժէքներու ձեր հաւատարմութենէն ու նախանձանդրութենէն մեկնելով: Եւ այսպէ՜ս ալ եղաւ: Մենք ներկայ գտնուեցանք բացման, ինչպէս նաեւ շուրջ ժամ մը երկխօսութիւն ունեցանք երիտասարդներուն հետ, փակման նիստին: Բոլոր ներկաներուն վկայութեամբ համագումարը յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ կատարուած քննարկումներու իրապաշտութեամբ եւ եղած առաջարկներու գործնապաշտութեամբ:

 

 

Հարցում

Վեհափառ Տէր, ըստ Ձեզի, ի՞նչ էր ամենէն իւրայատուկ երեւոյթը երիտասարդական այս համագումարին:

 

Պատասխան

Յատկանշական շատ երեւոյթներ պարզուեցան համագումարի ընթացքին: Սակայն, Մեր հայեցողութեամբ, ամենէն էականը այն էր, որ ա) երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները մասնակից դարձան համագումարի աշխատանքներուն պատասխանատուութեան ոգիով, լուրջ մօտեցումով ու մեր եկեղեցին աւելի վերանորոգուած տեսնելու ակնկալութեամբ: բ) Երիտասարդներ մեր կեանքի դրական ու ժխտական երեսներուն անդրադառնալով յստակօրէն պարզեցին իրենց ակնկալութիւնները՝ յատկապէս մեր կառոյցներէն ներս երիտասարդութեան աւելի տեղ ու դեր տալու ակնկալութեամբ:

 

Ամբողջութեամբ կը բաժնենք մեր երիտասարդութեան մտահոգութիւններն ու սպասումները: Այս մասին Մենք յաճախ անդրադարձած ենք: Հարկ է երիտասարդութեան տեղ տալ մեր կեանքէն ներս. մեր երիտասարդները ապագային չեն պատկանիր, այլ մեր ներկային. իրենց նոր մտածումներով ու մօտեցումներով անոնք կոչուած են նոր կենսունակութիւն ու ուժականութիւն տալու մեր կառոյցներուն ու ընդհանրապէս մեր գաղութներու կեանքին:

 

Վերադառնանք նո՜յն հարցադրումին. համագումարէն յետոյ ի՞նչ…: Ունեցանք երկու համագումարներ, կրթական եւ երիտասարական, որոնց շօշափած նիւթերը անմիջականօրէն աղերս ունին մեր եկեղեցւոյ ու ընդհանրապէս գաղութներու կեանքին հետ: Արդ, Մեր պատկերացումը հետեւեալն է.- նախ, Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները պէտք է անհրաժեշտ քննարկումը կատարեն յիշեալ համագումարներու արդիւնքներուն: Ապա, այս տարուան Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովի օրակարգի վրայ գտնուող կրթական ու երիտասարդական հարցերու ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութեամբ անդրադառնալ համագումարներու առաջարկներուն՝ զանոնք գործընթացներու վերածելու հեռանկարով: Իսկ թեմական մակարդակի վրայ, ինչպէս շեշտեցինք, անհրաժեշտ է որ համագուարներու եզրակացութիւնները, տեղական պայմաններուն պատշաճեցումով, ծրագրուած ու հետեւողական աշխատանքի վերածուին:

 

 

Հարցում

Երիտասարդական համագումարին ընթացքին յայտնուեցաւ մտահոգութիւն մը՝ մեր կեանքէն ներս հոս ու հոն երեւան եկող այսպէս կոչուած ՙհոգեւոր շարժումներու՚ գծով, որուն նաեւ հպանցիկ կերպով անդրադարձաք Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան Ձեր պատգամին ընթացքին: Կրնայի՞ք այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ տալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

 

Պատասխան

Ներկայ աշխարհին մէջ համաշխարհայնացումը նաե՜ւ թափանցած է քրիստոնէական կեանքէն ներս, յառաջացնելով այնպիսի մտածելակերպեր, գործելակերպեր ու կենցաղակերպեր, որոնք շատ յաճախ չեն համապատասխաներ եկեղեցւոյ աստուածաբանական աւանդական մտածողութեան ու անոր աւանդութիւններուն, սկզբունքներուն ու արժէքներուն: Այս ծիրէն ներս կ’ուզենք անդրադառնալ յատկապէս հետեւեալ երեւոյթներուն.-

 

Առաջին, քրիստոնէական աշխարհէն ներս մտածողութիւն մը սկսած է ձեւաւորուիլ, որուն համաձայն եկեղեցին որպէս հաստատութիւն իր ուսուցումներով, ծէսով, նուիրապետական կառոյցով ու աւանդութիւններով անհրաժեշտ չէ քրիստոնեայ մարդուն համար իր հաւատքը ապրելու ու անոր հրամայականները գործադրելու համար: Այլ խօսքով, քրիստոնեան իր քրիստոնէութիւնը կրնայ ապրիլ ՙես ու Աստուած՚ յարաբերութեան շրջագծէն ներս: Այս երեւոյթը կը բնորոշուի որպէս քրիստոնէութեան ապահաստատութենականացումը (de-institutionalization of Christianity): Ճի՜շդ է, քրիստոնէութիւնը կառոյց չէ, այլ իր էութեամբ առաքելութիւն է. դարձեալ ճի՜շդ է, հաւատքը ձեւ կամ բառ չէ, այլ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելու կեանքի որակ է: Սակայն, հաւատքը, ոեւէ՜ կրօնի պարագային, ժամանակի ու միջոցի մէջ ինքզինք արտայայտելու համար կառոյցի, ձեւի, խօսքի, գոյնի պէտք ունի: Մանաւանդ քրիստոնէութեան պարագային, եկեղեցին սոսկ վարչակազմակերպչական կառոյց չէ մեր հաւատքը արտայայտելու կոչուած. եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է եւ մենք այդ մարմնի անդամներն ենք: Արդ, ինչպէս կարելի է զՔրիստոս ապրիլ իր մարմնէն հեռու: Ինչպէ՞ս կարելի է քրիստոնեայ ըլլալ եկեղեցիէն դուրս: Սա նոր օրերու հերետիկոսութիւն է, որ երբեք ընդունելի չի կրնար ըլլալ ոեւէ՜ եկեղեցւոյ պարագային: Այսօր երկու մտածողութիւններ բախումի մէջ են արեւմտեան քրիստոնէութեան մէջ՝ պատկանիլ (belonging) եւ հաւատալ (believing): Ոմանք շեշտը կը դնեն երկրորդին վրայ եւ կը հեռանան եկեղեցիէն. ուրիշներ, որոնք բնականաբար քրիստոնէութեան մեծամասնութիւնը կը կազմեն, կը հաւատան եկեղեցւոյ առանցքային կարեւորութեան: Գիտակից քրիստոնեայ մը չի կրնայ նման բաժանում մը յառաջացնել. հաւատալ կը նշանակէ պատկանիլ եւ պատկանիլ կ’ենթադրէ հաւատալ: Այս երեւոյթին վերլուծումը կատարած ենք Մեր For a Church Beyond its Walls գրքին մէջ:

 

Երկրորդ, դարձեալ արեւմտեան քրիստոնէական աշխարհին մէջ, ոմանց մօտ կը տեսնենք եկեղեցին ազգութենէ բաժնելու մօտեցում մը: Բնականաբար ազգութիւն ըսելով կը հասկնանք նաեւ մշակոյթ, ինքնութիւն: Բռնազբօս ու արուեստական ճիգ մըն է սա, որ դարձեալ խոտոր կը համեմատի ո՜չ միայն քրիստոնէական կրօնի այլ բոլո՜ր կրօններու ըմբռնումներուն ու ինքնահասկացողութեան: Կրօն մը տուեալ մշակոյթի, ազգի, ընկերութեան եւ միջավայրի ճամբով ինքզինք կ’արտայայտէ: Այս ընթացքին մէջ, փոխ-ազդեցութիւնը երբեմն կ’ըլլայ զօրեղ, եւ երբեմն ներդաշնակ կամ հաւասարակշռուած: Օրինակ, իսլամութեան պարագային, բացարձակ նոյնացում մը կը տեսնենք կրօնի ու մշակոյթի միջեւ: Քրիստոնէութիւնը զանազան մշակոյթներու ճամբով ինքզինք կ’արտայայտէ, եւ այս երեւոյթը քրիստոնէական կրօնի մեծագոյն հարստութիւններէն մէկն է: Սակայն, միջուկը եւ ձեւը, պարունակը եւ պարունակեալը հարկ է իրարմէ զանազանել: Հաւատքը պէտք է արտայայտուի մշակոյթի մը, ազգի մը ճամբով. սակայն իր էութեամբ ու նպատակով հաւատքը կ’անդրանցնի տուեալ ազգի կամ մշակոյթի սահմանները: Ոեւէ կրօն իր ուսուցումներով ու արժէքներով կը ձգտի դառնալ համամարդկային՝ սակայն ազգերու ու մշակոյթներու համանուագին ճամբով: Դարձեալ այս մասին լայնօրէն անդրադարձած ենք Մեր In Search of Ecumenical Vision գրքին մէջ:

 

Երրորդ երեւոյթը, ընդհանրապէս արեւմտեան ու յատկապէս Լատին Ամերիկեան կրօնական մշակոյթին պատկանող, գրաւիչ թուացող ձեւերու, աւանդութիւններու ու սովորութիւններու որդեգրումն է քրիստոնէական կեանքէն ներս: Այս մօտեցումը անբնական է, որովհետեւ, այլ երկրամասերու ու ազգերու քրիստոնեաները կը հեռացնէ իրենց անմիջական միջավայրէն, կը կտրէ իրենց արմատներէն: Օրինակ, Ափրիկէի մէջ պարերով ու թմբուկներով զԱստուած կը պաշտեն եկեղեցոյ մէջ: Միթէ կարելի՞ է նոյնը կատարել Միջին Արեւելքի եկեղեցիներէն ներս: Լատին Ամերիկայի մէջ Պէնտէկոստական շարժումին հետեւող քրիստոնեաներ տարօրինակ ձեւերով պաշտամունքին կը մասնակցին: Միթէ անբնական պիտի չըլլայ նոյն այդ ձեւերուն կիրարկումը այլ շրջաններէն ներս, այլ եկեղեցիներու կեանքէն ներս: Պէտք է յարգել ու պահպանել իւրաքանչիւր կրօնի, եկեղեցւոյ, մշակոյթի ու ազգի պատկանող կրօնական աւանդութիւնները ու ծիսական սովորութիւնները: ՙՈւրիշը՚ կապկելը, ՙուրիշին՚ աւանդութիւնները որդեգրելը պարզապէս ինքնա-ուրացում է:

 

Չորրորդ, Աստուածաշունչի տառացի եւ ազատ մեկնաբանութիւնը սկսած է լայն տեղ գրաւել քրիստոնեայ որոշ շրջանակներէն ներս: Թէեւ նոր չէ այս երեւոյթը, սակայն վերջին տասնամեակին ան նոր շեշտաւորում ստացաւ ազատամիտ մտածողութիւնը քաջալերող կարգ մը Բողոքական եկեղեցիներուն մօտ: Յիշեալ երկու մօտեցումներն ալ վտանգաւոր են, որովհետեւ անոնք կրնան հաւատացեալները սխալ ուղղութեան առաջնորդել: Պատահական չէ որ Աստուածաշունչի մեկնաբանութիւնը Կաթոլիկ ու Ուղղափառ եկեղեցիներու կողմէ միայն եկեղեցւոյ վերապահուած է: Հետեւաբար, աշխարհական քարոզիչներու պարագային Ս. Գրոց մեկնութիւնը եկեղեցւոյ հսկողութեան տակ պէտք է կատարուի: Մինչ Բողոքական եկեղեցիները Աստուածաշունչի տարածումը քաջալերելու մտահոգութենէն մղուած, անցեալին գործեցին հակառակ ուղղութեամբ, եւ այսօր դժբախտաբար հարիւրաւոր կտորներու վերածուած է Բողոքական աշխարհը:

 

Այս երեւոյթներուն, որոնց հպանցիկ կերպով անդրադարձանք, նշանները կամ արձագանգները դժբախտաբար նաեւ կը տեսնենք ու կը լսենք մեր կեանքէն ներս, հոս ու հոն, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Պէտք է ըլլալ զգոյշ ու աչալուրջ նման երեւոյթներուն դիմաց՝ մեկնելով հոգեւոր ու ազգային մտահոգութիւններէ: Իր կեանքէն դուրս հոգեւոր շարժում չի կրնար ընդունիր ոեւէ եկեղեցի: Անկասկած հոգեւոր շարժումը յոյժ կարեւոր է եկեղեցւոյ մը համար. սակայն այդ շարժումը պէտք է մնայ եկեղեցւոյ ծիրէն ներս, եկեղեցւոյ հեղինակութեան ենթակայ եւ եկեղեցին վերանորոգելու ու հզօրացնելու ձգտող: Պատահական չէ որ մեր եկեղեցին իր հովանիին տակ առած է հոգեւոր եղբայրակցութիւնները: Պատահական չէ որ մեր եկեղեցին Սուրբ Գրոց սերտողութեան եւ հոգեւոր դասախօսութեան յատուկ պահեր հաստատած է իր հաւատացեալներուն համար: Մենք մեծապէս կը գնահատենք հոգեւոր արժէքները իրենց կեանքին մէջ ապրելու հետամուտ մեր հաւատացեալներուն հաւատքի ճիգը: Մենք նաեւ կը գնահատենք մեր եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք մեր եկեղեցւոյ մէջ թերութիւններ կը տեսնեն եւ կ’ուզեն մեր եկեղեցին վերանորոգուած ու բարեկարգուած տեսնել: Սակայն, այս նախանձախնդրութիւնը պէտք է արտայայտուի մեր եկեղեցւոյ կեանքին մասնակից դառնալով եւ ո՜չ թէ եկեղեցիէն հեռու այսպէս կոչուած ՙհոգեւոր շարժում՚ անունին տակ ներկայացող աղանդաւորական ու ապազգային շարժումներուն կուրօրէն հետեւելով: Աւելի քան 1700 տարիներու հնութիւն ունեցող մեր եկեղեցին, փոթորիկներուն մէջէն անցած սակայն Աստուծոյ օրհնութեամբ ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւատարմութեամբ կանգուն մնացած մեր հոգեւոր տունը չի կրնար ընդունիլ նման երեւոյթներ: Օտար ու կասկածելի աղբիւրներէ հոսող ջուրով իրաւունք չունինք ջրտուք կատարելու մեր ՙփոքր ածու՚էն ներս: Պէտք է կառչած մնանք մեր սուրբերուն ու նահատակներուն հաւատքի կրակով թրծուած եւ արեան վկայութեամբ շաղախուած հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն: Երիտասարդական համագումարը ա՜յս մարտահրաւէրը ուղղեց մեր նոր սերունդին:

 

 

Հարցում

Որպէս եզրափակիչ խօսք, Վեհափառ Տէր, ի՞նչ պատգամ ունիք փոխանցելիք մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

 

Պատասխան

Ըսինք, կը կրկնենք ու միշտ պիտի յիշեցնենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն.- կառչած մնանք մեր հոգեւոր, մշակութային ու ազգային ինքնութեան: Առանց ինքնութեան ազգ մը կը կորսուի ժամանակի փոշիին տակ: Կազմաւորենք մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէներով հզօրացած նոր սերունդ մը՝ ի խնդիր մեր ազգի, եկեղեցւոյ ու հայրենիքի պայծառ ապագային: Ահա անյետաձգելի առաջնահերթութիւն մը:

 

Փակելէ առաջ Մեր հարցազրոյցը, կ’ուզենք Մեր ջերմ գնահատանքը յայտնել կրթական եւ երիտասարդական համագումարներու բոլոր մասնակիցներուն, մեր թեմերուն, կրթական մարմիններուն, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնին եւ կազմակերպիչ յանձնախումբերուն, որոնք իրենց գործօն մասնակցութեամբ, նիւթական նպաստով ու գործնական աջակցութեամբ մեծապէս նpaստեցին յիշեալ համագումարներու յաջողութեան: