Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ԱՄՈ՛ՒՐ ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ   «Ամո՛ւր պահենք մեր դաւանած հաւատքը» (Եբր. 4. 14)։ Բոլո՛ր ժամանակներու Քրիստոսի հետեւորդներուն ուղղուած պատգամ մըն է սա։ Առաքեալին այս պարզ բայց խորիմաստ պատգամին մէջ անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ բերել երեք հիմնական մտածումներ.- առաջին, հաւատքին ինչութիւնը ու կարեւորութիւնը. երկրորդ, մեր դաւանած հաւատքին իւրայատուկ ինքնութիւնը. եւ երրորդ, հաւատքը ամուր պահելու հրամայականը։  …