6 Հունվարի, 2006

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԱՆՈՒԿԸ

ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԱԶԱՏԱԳՐԻՉԸ

 

Դարձեալ մեր հաւատքի աչքերը ուղղուած են Բեթղեհէմի մէջ ծնած Յիսուս Մանուկին։

 

Անոր, որ աշխարհ եկած էր՝ աղքատներուն, յուսաբեկներուն, տառապեալներուն, հիւանդներուն, հալածուածներուն փրկութեան աւետիսը տալու։

 

Անոր, որ ծնունդէն մինչեւ գերեզման, Բեթղեհէմէն մինչեւ Գողգոթա հալածուեցաւ ու չարչարուեցաւ։

 

Անոր, որ եղաւ, կը մնայ ու պիտի մնայ մեծագոյն ազատագրիչը բոլո՛ր ժամանակներուն բոլո՛ր մարդոց։

 

Արդարեւ, այն օրէն երբ առաջին մարդը՝ Ադամը շահագործեց Աստուծոյ կողմէ իրեն շնորհուած ազատութիւնը եւ վտարուեցաւ դրախտէն, դարձաւ գերի. գերի՝ իր եսին, նիւթին, չարին, աշխարհին։

 

Հին Կտակարանի ժողովուրդին կեանքը ու տեսլականը յատկանշող Մեսիայի գալուստը մէ՛կ նպատակ կը հետապնդէր՝ Աստուծոյ միջամտութեամբ Եբրայեցի գերիվարուած ժողովուրդին ազատագրումը։ Սակայն, Բեթղեհէմի մէջ աշխարհին յայտնուած Մեսիան կու գար ո՛չ թէ հին աշխարհի կայսրութիւններու կողմէ գերուած Եբրայեցի ժողովուրդը ազատագրելու, այլ մարդը ազատագրելու. մարդը ազատագրելու իր եսի, նիւթի, փառքի, չարի տիրապետութենէն։ Ան կու գար ո՛չ թէ Սիոնի բարձունքին հաստատելու ժողովուրդի մը թագաւորութիւնը, այլ ամբողջ աշխարհի տարածքին հաստատելու ի՛ր թագաւորութիւնը, մարդու նիւթեղէն թագաւորութեան փոխարէն իր հոգիի՛ թագաւորութիւնը։

 

Պատահական չէր, հետեւաբար, երբ Յիսուս իր երկրաւոր առաքելութեան սկսելէ առաջ, իր ծննդավայր Նազարէթ քաղաքի սինակոկին մէջ մտնելով կը բանայ Եսայի մարգարէին գիրքը ու կը կարդայ այն բաժինը, ուր կը խօսուէր Մեսիայի գալուստին մասին.–

 

«Տիրոջ հոգին վրաս է. որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու՝ թէ հասած է ժամանակը, երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը» (Ղուկ. 4։ 16–19)։

 

Ապա, Յիսուս կ’աւելցնէ.– «Այս մարգարէութիւնը, որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ» (Ղուկ. 4։ 21)։

 

Եւ, իրաւամբ, Նազարէթէն մինչեւ Երուսաղէմ ու Գողգոթա Նազովրեցի Յիսուսի առաքելութիւնը դարձաւ հաւատքի անդուլ պայքար՝ ի խնդիր մարդուն ամբողջական ազատագրութեան։ Եւ ճիշդ հո՛ս կը կայանայ Աստուծոյ մարդեղութեան իմաստը ու նպատակը։

 

Փրկութիւնը աստուածաշնչական հասկացողութեամբ կը նշանակէ ազատագրութիւն։ Քրիստոսի հրաշքներուն, առակներուն եւ ուսուցումներուն մէջ առանցքային ներկայութիւն է մարդու ազատագրումը։ Աստուծմէ հեռացած, մոլորած ու մեղքի տիղմին մէջ խրած մարդու ազատագրումն էր Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան նպատակը։ Այլապէս կարելի չէ՛ ըմբռնել Բեթղեհէմի խորհուրդը։ Այս հայեցակէտով պէտք է մօտենալ Աւետարանի իւրաքանչիւր էջին ու բառին։

 

*

*  *

 

Այսօր մարդը դարձեալ գերիվարուած է աւելի ահեղ ու տեսանելի թէ անտեսանելի ուժերուն կողմէ։ Բեթղեհէմով սկուած մարդու ազատագրութեան պայքարը կը շարունակուի։

 

Այսօր եւս Քրիստոս պատրաստ է մեզ ազատագրելու.–

 

Մեզ ազատագրելու մեր եսին տիրապետութենէն։ Մարդը ստրկացնող մեծագոյն չարը իր եսն է։ Աստուած ո՛չ միայն մարդու գոյութեան պատճառն է, այլ նաեւ անոր կեանքի նպատակը։ Մարդ իրաւունք չունի ինքն իրեն համար ապրելու՝ իր կեանքին առանցքը ու նպատակը իր անձը նկատելով։ Անձնակեդրոն կեանքը ժխտումն է Աստուծոյ։ Իր անձին նեղ պարունակին մէջ ապրող ու անով միայն առաջնորդուող մարդը կը դառնայ գերին իր իսկ անձին՝ իրմէ դուրս ոչինչ տեսնելով, ո՛չ մէկ արժէք գնահատելով, ո՛չ մէկ նպատակ հետապնդելով։ Աւետարանի մէջ պատմուած Մեծատան ու Փարիսեցիին առակները պերճախօս են այս ուղղութեամբ։

 

Այսօր,  որքա՜ն մարդեր կան, որոնք կ’ապրին իրենց ես–ով միայն՝ հոն տեսնելով իրենց գոյութեան միակ պատճառը ու նպատակը։ Մեր կեանքին մէջ որքա՜ն մարդեր կան, որոնք կը փորձեն նոյնիսկ իրենց ես–ը գերագոյն արժէքէն անդին գերագոյն արժեչափի վերածել։ Ես–ի պաշտամունքը գերեվարութիւն մըն է նոյնինքն անձին համար։ Քրիստոնէութիւնը կը հաւատայ անհատ անձի արժէքին։ Քրիստոս իննըսուն իննը ոչխարները ձգեց եւ մէկ մոլորեալ ոչխարը իր հօտին ուզեց վերադարձնել։ Սակայն, անհատը արժէք է երբ պատասխանատուութեամբ կը գործէ, երբ համարատուութեան գիտակցութեամբ կը ծառայէ Աստուծոյ եւ իր նմանին։

 

Մեզ ազատագրելու օրէնքի տիրապետութենէն։ Օրէնքը Հին Կտակարանին մէջ մարդակեդրոն իրականութիւն մըն է։ Ան հոմանիշ է Աստուծմէ հեռու ինքնիշխան կերպով իր կեանքը ապրելու մարդու ձգտումին։ Քրիստոս եկաւ մարդը ազատագրելու օրէնքի կալանքներէն։ «Օրէնքի գերի էինք ժամանակ մըմենք այլեւս Աստուծոյ կը ծառայենք» (Հռոմ. 7։ 6)։ Քրիստոսի արիւնով մարդ ազատագրուեցաւ օրէնքի ստրկութենէն ու դարձաւ Աստուծոյ որդեգիր զաւակը։

 

Մարդուն կողմէ հաստատուած օրէնքը կենսական է մարդկային հաւաքական կեանքը կազմակերպելու ու կառավարելու համար։ Սակայն, օրէնքը մարդուն համար է, եւ ո՛չ թէ մարդը օրէնքին։ Օրէնքը միջոց է եւ ո՛չ նպատակ։ Շրջուած մօտեցում՝ մարդը կը ստրկացնէ։ Դա՛րձեալ լսենք Առաքեալի խօսքը. «Ամուր պահեցէք այդ ազատութիւնը, եւ վերստին ստրկութեան լուծին տակ մի մտնէք» (Գաղ. 5։ 1)։ Ազատութիւնը մարդուն տրուած աստուածային պարգեւ է։ Սակայն, մարդ իրաւունք չունի չարաշահելու զայն անձնակեդրոն նպատակներու։ Պատասխանատուութեամբ պէտք է մարդ ազատութեան երկնային շնորհքը արժեւորէ՝ ի խնդիր հաւաքական ու յաւիտենական արժէքներու կենսագործման։

 

Մեզ ազատագրելու նիւթի տիրապետութենէն։ Քրիստոնէութիւնը կը հաւատայ նիւթի ու հոգիի ներդաշնակ գոյակցութեան՝ միշտ հոգին նկատելով գերիվեր։ Աստուած մարդը այս կերպ ստեղծեց։ Թէ՛ Հին եւ թէ Նոր Կտակարաններուն մէջ յստակօրէն կը շեշտուի հոգիի գերակայութիւնը, առանց սակայն անտեսելու նիւթը՝ (Ղուկ. 12։ 31, Մատթ. 6։ 24–34)։ Հետեւաբար, նիւթին գերակայութիւնը ժխտումն է այն բոլոր աստուածատուր շնորհներուն ու արժէքներուն, որոնք «Աստուծոյ պատկերը» կը կազմեն մարդուն մէջ։

 

Նիւթով ու նիւթական արժէքներով եւ արժեչափերով տիրապետուած է ներկայ ընկերութիւնը։ Յաճախ նիւթական շահեր ու հաշուարկումներ անհատներ թէ կառոյցներ կը մղեն անյպիսի մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու, որոնք մեր կեանքէն կը հեռացնեն այն հոգեւոր, բարոյական ու մարդկային արժէքները ու սկզբունքները, որոնք մարդուն ինքնութեան եւ կոչումին եւ կառոյցի մը հզօրութեան առանցքը կը կազմեն։ Նիւթը նկատել մեր կեանքին գերագոյն արժէքը, կը նշանակէ անոր ենթակայութեան տակ ապրիլ։ Քրիստոսի հաւատարմօրէն հետեւող մարդը կը մերժէ կեանքը ըմբռնելու ու ապրելու նման կերպ։

 

Մեզ ազատագրելու չարի տիրապետութենէն։ Քրիստոնէութիւնը կը մերժէ բարիի ու չարի գոյակցութիւնը։ Աստուած բարին է որ ստեղծեց. չարը բարիին բացակայութիւնն է։ Չարը մարդկային կեանքին մէջ կը դառնայ ներկայութիւն, երբ մարդ իր ինքնիշխան կամքով ու սխալ գործերով բարին կը հեռացնէ իր կեանքէն։ Չարը միշտ պատրաստ է մօտենալու մարդուն իր տկար պահերուն։ Այսպէս եղաւ նո՛յնիսկ բարութեան աղբիւր Քրիստոսին։ Սակայն, Քրիստոս ըսաւ՝ «ետիս գնա, սատանայ» (Մատթ. 4։ 10), եւ իր խաչով չարի իշխանութեան ենթակայ մարդը ազատագրեց։

 

Մեր ներկայ կեանքի պայմանները այնպիսին են, որ չարը զանազան կերպերով ու անուններով եւ յաճախ հրապուրիչ ձեւերով կը մօտենայ մարդուն։ Քրիստոսի ներկայութեամբ զօրացած մենք պիտի կարենանք չարը մերժել, որքան ալ անոր «բարիքները» մեզ ժամանակաւորապէս շլացնեն։ Հաւատքի ու կամքի այս քաջ մօտեցումը պէտք է ունենայ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ։ Բարիին դիմաց չարը միշտ պիտի պարտուի, որովհետեւ Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ չարի իշխանութիւնը մերժել։

 

Մեզ ազատագրելու մահուան տիրապետութենէն։ Աստուածաշունչին մէջ մահը սոսկ մարդու ֆիզիքական գոյութեան դադրումը չէ։ Ան Աստուծոյ բացակայութիւնն է, եւ հետեւաբար, մեղքի տիրապետութիւնը։ Մահուան ճիրաններուն մէջ կը տուայտէր դրախտէն վտարուած մարդը։ Մարդուն նկատմամբ իր ունեցած անհուն սէրէն մղուած, ինչպէս կ’ըսէ Աւետարանիչը (Յովհ. 3։ 16), Աստուած մարդ դարձաւ կեանք տալու մարդուն. Աստուած խաչ բարձրացաւ յաւիտենական կեանքով օժտելու մարդը։ Քրիստոսի էջքը գերեզման, մարդուն ազատագրումն է մահէն։

 

Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն բառերը յաւերժապէս կը հնչեն.– ես եմ կեանքի հացը. ես եկայ որպէսզի կեանք ունենաք. ով որ ինծի կը հաւատայ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ (Յովհ. 6։ 22–59)։ Մեր ապրած օրերուն մէջ յաճախ շրջապատուած ու տիրապետուած ենք խաւարային մտածումներով, սատանայական արարքներով, մահուան երկիւղով։ Յաճախ մեր իսկ կեանքով ու գործով մասնակից կը դառնանք մեղքի, ապականութեան ու մահուան իշխանութեան հաստատման մեր անձերուն վրայ, մեր ընտանիքներէն ու կառոցներէն ներս։ Չմոռնանք, որ Քրիստոս իր արիւնով մեզ փրկեց մահուան տիրապետութենէն, եւ ցոյց տուաւ կեանքի ճշմարիտ ճամբան։ Չմոռնանք, որ Աստուած «մեզ վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով» (Եփես. 2։ 5) ու դարձանք «նոր մարդ» (Բ. Կորնդ. 5։ 18)։

 

Հետեւաբար, դժուարութիւններով ու անորոշութիւններով լեցուն մեր կեանքին մէջ երբեք չվհատինք, որովհետեւ Բեթհեղէմի մսուրին մէջ ծնած Քրիստոս մարդուն մեծագոյն ազատագրիչն է։ Լսենք Քրիստոս հալածած, սակայն Քրիստոսով մեղքի ու մահուան տիրապետութենէն ազատագրուած Պօղոս Առաքեալի հետեւեալ բառերը.–

 

«Ամէ՛ն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք.

Տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք.

Հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք.

Յաճախ խոշտանգուած ենք, բայց խորտակուած չենք» (Բ. Կորնթ. 4։ 9)։

 

Եկէ՛ք այս հաւատքով ու յոյսով բացուինք Բեթղեհէմի խորհուրդին։

 

*

*  *

 

Նոր Տարուան եւ Աստուածայայտնութեան տօներու ուրախ առիթով, եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր սիրելի հոգեւոր եղբայրները, հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, իրենց մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով բեղուն երկար գահակալութիւն։

 

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական սիրով կ’ողջունենք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Ն.Վ. Արկադի Ղուկասեանը, իրենց մաղթելով հայրենաշէն նուաճումներով հարուստ ծառայութիւն։

 

Հայրական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, Ազգ. Իշխանութիւնները, մեր գաղութներուն մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւնները ու միութիւնները եւ մեր ժողովուրդի զաւակները, իրենց մաղթելով աստուածային օրհնութեամբ ու բարիքներով լեցուն տարի մը։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

6 Յունուար, 2006

Անթիլիաս, Լիբանան.

More News