ԱՄՈ՛ՒՐ ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ
«Ամո՛ւր պահենք մեր դաւանած հաւատքը» (Եբր. 4. 14)։ Բոլո՛ր ժամանակներու Քրիստոսի հետեւորդներուն ուղղուած պատգամ մըն է սա։ Առաքեալին այս պարզ բայց խորիմաստ պատգամին մէջ անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ բերել երեք հիմնական մտածումներ.- առաջին, հաւատքին ինչութիւնը ու կարեւորութիւնը. երկրորդ, մեր դաւանած հաւատքին իւրայատուկ ինքնութիւնը. եւ երրորդ, հաւատքը ամուր պահելու հրամայականը։
Առաջին, հաւատքի սահմանումը Պօղոս Առաքեալը ինք կու տայ Եբրայեցիներուն ուղղած նոյն նամակին մէջ. «հաւատք կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր» (11. 1)։ Մարդու գոյութեան հետ սերտօրէն առնչուած երեւոյթ մըն է հաւատքը։ Անկատար արարած ըլլալով ու ամէն տեսակի ու ձեւի սահմանափակումներով շրջապատուած ըլլալով, կատարեալին ու ամենահզօրին ձգտումը մարդուն մէջ բնական մղում մըն է։ Հետեւաբար, մարդ իր անմիջական պարունակէն ու սովորական շրջագիծէն անդին ու վեր բանի մը պիտի հաւատայ, թէկուզ իր հաւատքի առարկան ըլլայ տարօրինակ իրականութիւն մը, եւ նո՛յնիսկ՝ բացարձակութեան ու կատարելութեան աստիճանի բարձրացուցած իր անձը …։ Հին ժամանակներէն սկսեալ կրօններ փորձած են մարդու կեանքին այս բնական երեւոյթին տալ գիտակից խորք ու հոգեմտաւոր տարածք՝ իւրաքանչիւր կրօն իր հաւատքի առարկային շուրջ կազմաւորելով ու զարգացնելով իր մտածողութիւնը, ինքնութիւնը ու նպատակը։
Պօղոս Առաքեալ հաւատքին կու տայ իր ճշմարիտ բովանդակութիւնը զայն սահմանելով որպէս Աստուծոյ նկատմամբ մարդու ունեցած բացարձակ վստահութիւնը, ենթակայութիւնը, հնազանդութիւնը եւ յոյսը՝ խարսխուած պատմութեան մէջ տեղի ունեցած աստուածային յայտնութեան վրայ։ Այս խոր համոզումէն մեկնելով, Առաքեալը արդարօրէն հաւատքը կը նկատէ մարդկային պատմութեան բոլոր մեծ իրագործումներուն ու իրադարձութիւններուն մղիչ ուժը երբ ան կ’ըսէ թէ՝ հաւատքի ճամբով է որ կու գանք հաստատելու տիեզերքին ոչինչէն ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ կողմէ։ Հաւատքով է որ Նոյը տապանը շինեց եւ մարդկութիւնը փրկեց յաւիտեան կորուստէ։ Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած իր հաւատքով է որ Աբրահամ հնազանդեցաւ Աստուծոյ կոչին եւ ճամբայ ելաւ որպէս պանդուխտ առանց գիտնալու թէ ո՞ւր կ’երթայ։ Հաւատքով է որ Սառա, որ ամուլ էր, իր յառաջացած տարիքին զաւակ մը ունեցաւ։ Հաւատքով է որ Եբրայեցի ժողովուրդը Կարմիր Ծովէն անցաւ՝ չոր գետնի վրայէն անցնելու պէս։ Հաւատքով է որ Երիքովի պարիսպները կործանեցան երբ Եբրայեցի ժողովուրդին զաւակները եօթը օր անոնց շուրջը դարձան։ Շարունակելով իր խօսքը Առաքեալը կը հաստատէ թէ՝ հաւատքի զօրութեամբ է որ Քրիստոսի հետեւորդները քարկոծուեցան, բանտարկուեցան, հալածուեցան ու սպաննուեցան դառնալով հաւատքի ախոյեանները (Եբր. 11)։
Արդարեւ, Քրիստոսի անմիջական հաղորդութեան մէջ ապրած առաքեալները իրենց գոյութենական փորձառութեամբ, ո՛չ տեսական վերլուծումներով, իրենց խոր համոզումով, ո՛չ զգացական արտայայտութիւններով, կը վկայեն հաւատքի մեծ ուժին մասին, որ կրնայ լեռներն իսկ տեղէն շարժել (Մատթ. 17. 19)։
Երկրորդ, հաւատքը համամարդկային երեւոյթ ըլլալով հանդերձ, որպէս քրիստոնեաներ տարբեր մօտեցում պէտք է ունենանք մեր հաւատքին խորքին, բնոյթին ու էութեան նկատմամբ։ Ի՞նչ է «մե՛ր դաւանած հաւատքը»։ Քրիստոնեայ մարդը իր հաւատքը տեսական յղացքի մը, վերացական ճշմարտութեան մը, գալիք իրականութեան մը, անդրանձնական երեւոյթի մը չէ կապած երբեք։ Քրիստոնեայ մարդուն հաւատքի աղբիւրը Քրիստոս ի՛նքն է, Աստուծոյ Միածին Որդին. «Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը» (Յովհ. 1. 14)։
Աւետարանիչները շեշտակի կերպով կը պարզեն, թէ Բեթղեհէմի մէջ ծնած, խաչուած ու յարութիւն առած Քրիստոսն է ամբողջ մարդկութեան փրկիչը. եւ թէ Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ մարդը մեղքէն փրկութեան առաջնորդելու, մարդը ազատագրելու չարէն ու անոր կեանքը բարիով պայծառակերպելու։ Աւետարանները այնքան գեղեցկօրէն կը պարզեն հաւատքի կենսական կարեւորութիւնը մարդկային կեանքէն ներս։
Արդարեւ, Քրիստոսի արտասանած իւրաքանչիւր բառին, անոր կատարած իւրաքանչիւր հրաշքին, անոր պատմած իւրաքանչիւր առակին, անոր երկրաւոր կեանքի իւրաքանչիւր քայլափոխին մէջ հաւատքը տիրական ներկայութիւն է։ Հաւատքն է, որ համրերուն լեզու, կոյրերուն լոյս, խուլերուն ձայն, հիւանդներուն բժշկութիւն, մեղաւորներուն թողութիւն, բանտարկեալներուն ազատութիւն, եւ նոյնիսկ մեռելներուն կեանք կու տայ։ «Քու հաւատքդ քեզ փրկեց» (Մատթ. 9. 22) խօսքը Քրիստոսին իր մէջ կը խտացնէ Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն առաքելութեան նպատակը ու անոր պատգամը։
Այդ հաւատքին մասին իր կենդանի վկայութիւնը տուաւ Պետրոս Առաքեալ Քրիստոսին ուղղած իր խօսքով, թէ՝ ուրիշներ քեզ կը նկատեն Յովհաննէս Մկրտիչ, Եղիա մարգարէն կամ Երեմիան. սակայն դուն Քրիստո՛սն ես, Աստուծոյ Որդին (Մատթ. 16. 13-16)։ Արդ, հաւատալ կը նշանակէ վկայե՛լ հաւատքի առարկային մասին, վկայել կեանքով, գործով ու մտածումով։ Ահա հաւատքին քրիստոնէական ըմբռնումը։
Երրորդ, Առաքեալը կոչ կ’ուղղէ մեզի թէ «ամո՛ւր պահենք մեր հաւատքը»։ Չի՛ բաւեր միայն գիտնալ ու վկայել հաւատքի մասին, անհրաժեշտ է, որ մեր քրիստոնէական հաւատքը ամուր պահենք։
ա) Ամուր պահել քրիստոնէական հաւատքը կը նշանակէ՝ զայն անքակտելիօրէն շաղախել մեր կեանքին՝ մեր մտածումներուն, մեր ապրումներուն, մեր երազներուն, մեր գործերուն հետ։ «Հաւատքո՛վ է որ կ’ապրինք» (Բ. Կորնթ. 5. 7), կ’ըսէ Առաքեալը։ Այլ խօսքով, մարդու գոյութիւնը սոսկ ֆիզիքական չէ. առանց հաւատքի մեր կեանքը կը կորսնցնէ իր ճշմարիտ, ինքնութիւնը ու նպատակը։ Արդեօք որքանո՞վ ներկայ է հաւատքը մեր կեանքին մէջ. կը լսե՞նք Քրիստոսի խօսքը՝ «ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւին հաւատք չունիք» (Մարկ. 5. 40)։ Արդ, իւրաքանչիւր քրիստոնեային ամէնօրեայ աղօթքը պէտք է ըլլայ ո՜վ Տէր, «աւելցուր մեր հաւատքը» (Ղուկ. 17. 5), որովհետեւ «ինչ որ հաւատքո՛վ խնդրէք՝ պիտի ստանաք» (Մատթ. 21. 22)։
բ) Ամուր պահել քրիստոնէական հաւատքը կը նշանակէ՝ հաւատարիմ մնալ մեր հաւատքին ուղղափառութեան։ Մեր կեանքին ճշմարտութիւնը, մեր կեանքին գերագոյն գանձը, մեր կեանքին «Ալֆան ու Օմեկան» Քրիստոսն է։ Հեռու Քրիստոսով աշխարհին յայտնուած սկզբունքներէն ու արժէքներէն, հեռացում է ճշմարիտ հաւատքէն։ Օտար ըմբռնումներէ ու մշակոյթներէ ներածուած արտայայտութիւններուն մէջ սկսած ենք մեր հաւատքը փնտռել։ Սկսած ենք օտարամուտ երեւոյթներու ազդեցութեան տակ, հաւատքի ձեւին կառչիլ եւ մոռացութեան քօղին տակ ծածկել հաւատքին խորքը, էութիւնը։ Քրիստոսի անունով մարդիկ այնպիսի «ճշմարտութիւններ» կը փորձեն փոխանցել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք մոլորեցուցիչ են եւ մեր հաւատացեալները ու երիտասարդները կ’առաջնորդեն սխալ ճամբաներ։ Լսենք Քրիստոսի խօսքը՝ «զգուշացէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ոչխարի կերպարանքով կը մօտենան ձեզի, մինչ ներքնապէս յափշտակիչ գայլեր են» (Մատթ. 7. 15)։ Ամուր պահենք Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ մեզի փոխանցուած եւ մեր հայրերուն արիւնո՛վ թրծուած ճշմարիտ հաւատքը, ուղղափառ հաւատքը։
գ) Ամուր պահել քրիստոնէական հաւատքը կը նշանակէ՝ եկեղեցւոյ կեանքին մասնակից դառնալ։ Քրիստոսակեդրոն հաւատքով շաղախուած եւ իրարու հետ սիրոյ կապով սերտօրէն միացած հաւատացեալներու խումբն է, հաւատքի համայնքն է եկեղեցին՝ իր կեանքով ու առաքելութեամբ։ Եկեղեցւոյ մէջ է որ քրիստոնեան իր հաւատքը կ’ապրի, իր հաւատքը կը զօրացնէ, հաւատքով կը սնանի։ Եկեղեցւոյ համայնական կեանքէն դուրս, ինչպէ՞ս կարելի է որպէս քրիստոնեայ ապրիլ՝ բառին ճշմարիտ հասկացողութեամբ։ Այս օրերուն քրիստոնէական աշխարհին մէջ «հաւատալու» ու «պատկանելու» միջեւ բաժանում յառաջացնելու միտող սխալ ըմբռնումներ սկսած են յառաջանալ. եւ դժբախտաբար, նմանօրինակ թիւր մօտեցումներ սկսած են նաեւ թափանցել մեր կեանքէն ներս։ Նման մտածողութիւն ապաքրիստոնէական է։ Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Քրիստոսի հաւատալ. ու Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ եկեղեցւոյ պատկանիլ, գործնապէս մաս կազմել Քրիստոսի խորհրդական մարմնոյն՝ եկեղեցւոյ կեանքին ու հետեւիլ եկեղեցւոյ ուսուցումներուն եւ կանոններուն։
դ) Ամուր պահել քրիստոնէական հաւատքը կը նշանակէ՝ հաւատքը գործո՛վ արտայայտել։ Հաւատքի վրայ խարսխուած քրիստոնէական կեանքը պէտք է ինքզինք գործո՛վ արտայայտէ։ Յակոբոս Առաքեալը յստակօրէն կը յիշեցնէ մեզի թէ՝ «հաւատքը առանձինն՝ առանց գործերու՝ մեռած է» (Յակոբոս, 2. 17)։ Ան նաեւ կ’ըսէ թէ՝ «պատուիրանները լսելով մի գոհանաք, այլ՝ կատարեցէք զանոնք, այլապէս դուք ձեզ խաբած կ’ըլլաք» (Յակոբոս, 1. 22)։ Քրիստոնէութիւնը ուսուցումներու ամբողջութիւն մը չէ. ան սոսկ Աստուածաշունչի ճանաչողութիւն չէ։ Գիտնալէ ու ճանչնալէ անդին՝ քրիստոնէութիւնը կեանքը հաւատքո՛վ ապրիլ է, զՔրիստոս ունենալով մեր կեանքին առանցքը ու նպատակը։
Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեամբ օծուն այս օրերուն, որպէս քրիստոնեայ հայեր հրաւիրուած ենք անդրադառնալու մեր դաւանած հաւատքի իսկութեան ու պահանջին, ինչպէս նաեւ վերանորոգելու Քրիստոսի Յարութեան վրայ կանգնած մեր հաւատքը (Ա. Կորնթ. 15. 14)։ Արդարեւ, հաւատքն է մեզ դէպի փրկութիւն, դէպի Աստուած առաջնորդող միակ ճամբան. «Աստուծոյ մօտեցողը պէտք է հաւատայ» (Եբր. 11. 6)։
Արդ, պէտք է կառչած մնանք մեր քրիստոնէական հաւատքին՝ այն հաւատքին, որ մեր ժողովուրդի կեանքի ճամբան լուսաւորեց պատմութեան խաւար ու մռայլ պայմաններուն մէջ. այն հաւատքին, որ մեր ժողովուրդին կեանք տուաւ պատմութեան պարտադրած մահուան դիմաց. այն հաւատքին, որ մեր ժողովուրդին կեանքը լեցուց հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներով ու իրագործումներով. այն հաւատքին, որ մեր ժողովուրդին ամբողջականութիւնը ու միութիւնը պահեց նոյնիսկ պատմութեան բաժանարար պայմաններուն մէջ։
Հաւատքը մեր ժողովուրդին համար եղաւ ու միշտ կը մնայ՝ գոյութենական իրականութիւն սերտօրէն առնչուած իր ամէնօրեայ կեանքին հետ. տիրական ներկայութիւն՝ իր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս ինքնզինք արտայայտող։ Հետեւաբար, հաւատքը միշտ պէտք է մնայ մեր ժողովուրդի կեանքին ճշմարիտ սնուցիչը, մեր հզօրութեան անսպառ աղբիւրը, մեր ցաւերուն ու վէրքերուն բուժիչ դարմանը, մեր կեանքի լուսատու փարոսը։
Պէտք է ամո՛ւր պահենք մեր դաւանած հաւատքը, ինչպէս ամուր պահեցին զայն մեր նահատակները նոյնիսկ իրենց արիւնո՛վ։ Պէտք է ամո՛ւր պահենք մեր դաւանած հաւատքը՝ հաւատարիմ մնալով Աստուածաշնչական սկզբունքներուն, ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն. հաւատարիմ մնալով Աւետարանը իրենց կեանքին մէջ թարգմանած մեր հայրապետներուն ու սուրբերուն։ Պէտք է ամո՛ւր պահենք մեր դաւանած հաւատքը, որպէսզի քրիստոսաւանդ հաւատքով մեր կեանքը իմաստաւորենք ու պայծառակերպենք Աստուծոյ յաւիտենական փառքին համար։
*
* *
Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Ռոպերթ Քոչարեանը, իրեն մաղթելով քաջառողջութիւն եւ նորանոր իրագործումներով հարուստ գործունէութիւն՝ ի սպաս մեր հայրենիքին ու սիրելի ժողովուրդին։
Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան, Պատրիարք Երուսաղէմի Հայոց, եւ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան, Պատրիարք Թուրքիոյ Հայոց, իրենց մաղթելով եկեղեցանուէր ծառայութիւններով լեցուն երկար գահակալութիւն։
Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալները։ Կը հայցենք Բարձրեալն Աստուծմէ, որ Քրիստոսի Յարութեան յոյսով ու լոյսով պայծառակերպէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Ս. Զատիկ, 2006
Անթիլիաս.