2006։ Հայ Դպրոցի Տարի

Հայրապետական յատուկ Գիրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 2006 տարին հռչակեց ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՏԱՐԻ։ Պատգամը՝ ստորեւ։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, Եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն,   Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն, եւ ձեզի կը մաղթենք հոգեւոր, մշակութային ու…