Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամը ուղղուած Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. 16 Օգոստոս, 2008:

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. 16 Օգոստոս, 2008:

 

Ահա դարձեալ հաւաքուած ենք որպէս ուխտաւորներ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մեր քրիստոնէական հաւատքը վերանորոգելու:  Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը սոսկ տեսութիւններու կամ ուսուցումներու ամբողջութիւն մը չէ. այլ արժէքներու վրայ հիմնուած կեանքի որակ է, ուր կը ճառագայթէ Քրիստոս՝ աշխարհ բերած իր ճշմարտութիւններով, սկզբունքներով ու արժէքներով: Քրիստոնեայ ըլլալը մեր կեանքը Քրիստոսով շաղախելու մնայուն ճիգ մըն է: Հետեւաբար, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, որպէս քրիստոնէական արժէքներով կազմաւորման մնայուն ընթացք, անհրաժեշտ է որ առաջնահերթ տեղ գրաւէ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Այս հեռանկարով ու սպասումով, ինչպէս գիտէք, ներկայ տարին Հայրապետական յատուկ Գիրով հռչակեցինք որպէս ՙՔրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի՚:

 

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն այս համախումբ ներկայութիւնը պատեհ առիթ նկատելով, ձեզ կը  հրաւիրենք լրջօրէն խորհրդածելու քրիստոնէական մեր ինքնութեան ու կազմաւորման հետ սերտ աղերս ունեցող հետեւեալ չորս հրամայականներուն մասին.-

 

Ա) Հայ ընտանիքը առողջ պահել՝ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային իմաստով: Ընտանիքը առանցքն է եկեղեցւոյ կեանքին: Պատահական չէ որ ընտանիքը յաճախ բնորոշուած է որպէս փոքր եկեղեցի: Ընտանիքին մէջն է որ մանուկը կը սկսի աճիլ ու կազմաւորուիլ ֆիզիքական, հոգեւոր ու բարոյական իմաստով: Հետեւաբար, ընտանիքին մէջ պէտք է արտացոլան մեր եկեղեցւոյ ճշմարտութիւնները, արժէքները ու աւանդութիւնները: Ա՜յս գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը մօտեցած է ընտանիքին: Ա՜յս նախանձախնդրութեամբ ընտանիք կազմած են մեր ժողովուրդի զաւակները ու ընտանեկան նուիրական յարկին տակ զաւակներ դաստիարակած: Հայ ընտանիքը այսօր որոշ երեւոյթներ կը պարզէ, որոնք մտահոգիչ են:

 

Առաջին հերթին, խառն ամուսնութիւններու թիւը սկսած է բարձրանալ, եւ դժբախտաբար, սկսած է դառնալ բնական երեւոյթ: Չորս տարիներ առաջ, անդրադարձանք այս մտահոգիչ երեւոյթին: Այսօր, ստիպողաբար դարձեա՜լ կ’անդրադառնանք նո՜յն մտահոգութեան: Ազգային Առաջնորդարանի թիւերուն համաձայն, անցնող երեք տարիներու ընթացքին, իւրաքանչիւր տարի օրհնուած շուրջ 250 ամուսնութիւններուն 70-ը խառն ամուսնութիւն է. մօտաւորապէս նոյն թիւը կը ներկայացնէ հայ աղջիկներու ամուսնութիւնը օտարներուն հետ: Եթէ Սփիւռքի հայութեան սիրտը հանդիսացող այս հայահոծ գաղութին մէջ նման տխուր պատկեր մը կը պարզուի, կրնանք երեւակայել արեւմտեան երկիրներուն մէջ հաստատուած մեր գաղութներուն վիճակը: Ինչ ալ ըլլան խառն ամուսնութեան տուն տուող պատճառները, անընդունելի երեւոյթ մըն է մեր ժողովուրդին համար: Մեր ծնողները, մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները մանաւանդ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ պէտք է մօտենան այս խնդրին:

 

Մնալով հայ ընտանիքի սահմաններէն ներս, նաեւ կ’ուզենք անդրադառնալ տակաւ աճող ամուսնալուծումներուն: Դարձեալ, Ազգ. Առաջնորդարանի տոմարներուն համաձայն, անցնող երեք տարիներուն, իւրաքանչիւր տարի շուրջ 35 ամուսնալուծման վճիռ տրուած է: Ինչո՞ւ այդ տխուր պատկերը մեր գաղութի կեանքէն ներս: Հասկնալի եւ ոչ-հասկնալի բացատրութիւններ կրնան տրուիլ այս մասին: Մեզ մտահոգողը հայ ընտանիքի սրբութեան միութեան պահպանումն է: Չմոռնանք որ ընտանեկան մթնոլորտին մէջ մեր զաւակները պիտի աճին ու կազմաւորուին. չմոռնանք որ իրենց կեանքի տիպարները իրենց ծնողքը պիտի դառնայ: Ինչպէ՞ս պիտի դաստիարակուին մեր զաւակները ընտանիքի մը մէջ, ուր խռովք, անհասկացողութիւն, անհանդուրժողութիւն ու բաժանում գոյութիւն ունին՝ փոխանակ սիրոյ, համերաշխութեան ու միութեան: Զգո¯յշ… հայ ընտանիքին անկումը մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին, մեր հայրենիքին անկումն է: Հայ ընտանիքին վերականգնումը պէտք է դառնայ մեր հաւաքական ու անմիջական պատասխանատուութիւնը:

 

Բ) Գործնապէս մասնակից դառնալ մեր եկեղեցւոյ կեանքին: Հայ եկեղեցին մեզի համար սոսկ վայր մը չէ, ուր կ’երթանք միայն աղօթելու ու խորհրդակատարութեանց ներկայ գտնուելու: Եկեղեցին ինքզինք նոյնացուցած է մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին հետ՝ դառնալով անոր ծառան ու առաջնորդը Քրիստոսի օրինակով. դառնալով հոգեւոր ու բարոյական արժէներու աղբիւրը: Մեր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելով մեր ժողովուրդի զաւակները իրենք զիրենք զգացած են զօրեղ, կեանքի փոթորիկներուն դիմաց. մեր եկեղեցւոյ կեանքին մասնակից դառնալով անոնք վերանորոգած են իրենց հաւատքի կեանքը ու ազգային պատկանելիութիւնը: Նո՜յնը կը մնայ եկեղեցին մեր ժողովուրդին համար:

 

Մեծապէս կը գնահատենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետզհետէ ամրացող կապուածութիւնը հոգեւոր արժէքներուն: Մեր եկեղեցիները լեցուն են հաւատացեալներով. հաղորդուողներուն թիւը զգալիօրէն բարձրացած է. Ս. Գրոց սերտողութեան եւ հոգեւոր դասախօսութիւններուն մասնակցողներուն թիւը եւս սկսած է աճ արձանագրել վերջին տարիներուն: Այս դրական երեւոյթին դիմաց, սակայն, կ’իմանանք, որ մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք, Հայաստանի թէ Սփիւռքի կարգ մը գաղութներէն ներս, հոգեւոր արժէքներու իրենց փնտռտուքին մէջ մասնակից կը դառնան տարօրինակ անուններով յայտնուող այսպէս կոչուած հոգեւոր շարժումներու: Այս շարժումները իրենց օտարամուտ քարոզչութիւններով, ձեւերով ու մօտեցումներով մեզ կը հեռացնեն մեր դարաւոր եկեղեցւոյ արժէքներէն ու աւանդութիւններէն, Լուսաւորիչներու, Նարեկացիներու ու Շնորհալիներու շունչով լեցուն մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր մթնոլորտէն: Աշխարհի առաջի՜ն քրիստոնեայ ժողովուրդը դարձած այս ժողովուրդին զաւակները, հոգեւոր արժէքները իրենց մայրենի եկեղեցիէն դուրս այլ օտարամուտ ու օտարացնող շարժումներուն մէ՞ջ միթէ պիտի փնտռեն. ո՜չ: Մենք կը քաջալերենք մեր եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը վայելող հոգեւոր շարժումները: Սակայն, հեռու պէտք է մնալ անոնցմէ, որոնք ՙհոգեւոր՚ բառը կը շահագործեն եւ իրենց ջուրը կը խմեն ապականեալ ու մեր կեանքը ապականացնող աղբիւրներէ: Հայ եկեղեցին մեզի համար եղած է մեր հոգեւոր դաստիարակը: Հայ եկեղեցւոյ ճամբով է, որ իրենց հոգեւոր դաստիարակութիւնը ստացած են մեր սուրբերը, նահատակները ու հերոսները: Եկեղեցին մեզի համար մայր է՝ իր զաւակներուն սէր բաժնող, իր զաւակները դէպի Քրիստոս առաջնորդող: Հետեւաբար, չհեռանանք մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքներէն, մեր դարաւոր արմատներէն, մեր հարազատ ինքնութենէն:

 

Գ) Հայ դպրոցէն ներս յատուկ կարեւորութիւն ընծայել քրիստոնէական դաստիարակութեան: Ընտանիքի ու եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոցը վճռական դեր ունի քրիստոնէական կազմաւորման մեր հաւաքական աշխատանքներուն մէջ: Նո՜յնը շեշտեցինք շուրջ երեք շաբաթներ առաջ հոս Պիքֆայայի վանքին մէջ Մեր հրաւէրով ու նախագահութեամբ տեղի ունեցած Համասփիւռքեան Կրթական Բ. Համագումարին, որ առաւելաբար յատկացուած էր հայ լեզուի, կրօնի ու պատմութեան դասաւանդութեան առնչուած նիւթերու:

 

Կրօնական դաստիարակութիւնը հի՜մքն է հայեցի դաստիարակութեան: Մեր ժողովուրդի հարուստ փորձառութեան վրայ հիմնուած այս անհերքելի ճշմարտութիւնը իրաւունք չունինք անտեսելու: Հայ մարդուն մէջ ամէն բանէ առաջ պէտք է կազմաւորենք հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով սնած ու թրծուած մարդը: Դժբախտաբար, սակայն, մեր դպրոցներէն ներս ընդհանրապէս լուսանցքայնացած կը տեսնենք կրօնական դաստիարակութիւնը ինչ-ինչ պատճառներով: Այս կացութինը պէտք է հիմնովին շրջուի: Կրօնական դաստիարակութիւնը ոչ թէ սոսկ որպէս կրօնի դասաւանդութիւն, այլ էապէս որպէս կրօնաբարոյական կազմաւորում պէտք է մեր դպրոցներու ծրագիրներուն ու հաւաքական կեանքին մէջ առաջնահերթ տեղ գրաւէ՝ բնականաբար նկատի ունենալով գաղութներու տեղական պայմանները: Մեր թեմական իշխանութիւնները ու հոգեւորական դասը կարեւոր դեր ունին այս գծով: Եթէ նոյնիսկ մեր կրթական մարմինները անհրաժեշտ կարեւորութիւնը չեն ընծայեր կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան, մեր ծնողներուն պարտականութիւնն է պահանջել զայն ու հետամուտ ըլլալ իրենց զաւակներուն կրօնա-բարոյական կրթութեան: Չմոռնանք նաեւ որ մեր ծնողներուն առաջին պարտաւորութիւնն է իրենց զաւակները յանձնել հայ դպրոցին:

 

Դ) Զգոյշ ըլլալ այնպիսի կենցաղակերպերէ, որոնք մեզ կը հեռացնեն բարոյական ու հոգեւոր արժէքներէ: Արագ եւ աննախատեսելի փոփոխութիւններով յատկանշուող ներկայ աշխարհին մէջ, դրական զարգացումներուն կողքին նաեւ ականատես ու ականջալուր կ’ըլլանք ժխտական երեւոյթներու: Մարդը հարստացնող յառաջդիմութիւններու առընթեր, մեր շուրջը նաեւ կը տեսնենք մարդը հոգեպէս ու բարոյապէս աղքատացնող կենցաղակերպեր, մտածելակերպեր ու գործելակերպեր: Մեր ժողովուրդի զաւակները եւս, մաս կազմելով ներկայ ընկերութեան կեանքին, բնականաբար շրջապատուած են նման դրական թէ ժխտական իրականութիւններով: Բարձր կը գնահատենք ներկայ աշխարհի դրական ու շինիչ յառաջդիմութիւններուն հետ քայլ պահելու մեր զաւակներուն ճիգը՝ միաժամանակ զգուշացնելով յատկապէս մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները, հեռու մնալու այնպիսի վատառողջ վիճակներէ, որոնք մեր կեանքէն կը հեռացնեն մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքները:

 

Արդարեւ, կ’իմանանք, որ թմրամոլութիւնը, սեռային ապականիչ երեւոյթները, գինեմոլութիւնը, անառակ կեանքի զանազան արտայայտութիւնները, որոնք ներկայ ընկերութեան բարոյական ու ընկերային ախտերը դարձած են, սկսած են թափանցել նաեւ մեր կեանքէն ներս՝ Հայաստանէն սկսեալ Սփիւռքի տարածքին: Զգո¯յշ, ժողովուրդ հայոց… նման երեւոյթներ մեզ կ’առաջնորդեն ինքնաքանդումի՝ բառին ամբողջական հասկացողութեամբ:

 

Այս եւ այլ նման մտահոգիչ երեւոյթներուն անդրադարձ կատարուեցաւ Պիքֆայայի վանքին մէջ Մեր նախաձեռնութեամբ անցնող երեք օրերուն տեղի ունեցած Երիտասարդական Համասփիւռքեան Համագումարին: Զանազան գաղութներէ եկած աւելի քան հարիւր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ լուրջ քննարկումի ենթարկեցին երիտասարդութեան տեղը ու դերը մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Անոնք խօսեցան իրենց դիմագրաւած մտահոգութիւններուն ու սպասումներուն մասին եւ վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն նկատմամբ:

 

Սակայն, պէտք չէ՜ բաւարարուինք միայն մտահոգութիւններու մատնանշումով: Պէտք չէ՜ միայն դատապարտենք կամ մտահոգուինք. պէտք է պայքարինք նմանօրինակ չարիքներու դէմ: Յիշեալ յոռի կենցաղակերպերուն առաջքը չենք կրնար առնել սոսկ ժամանակաւոր դարմաններ որոնելով, այլ միայն կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան ճամբով: Նման վատառողջ երեւոյթներու ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս պէտք է հայ եկեղեցին, հայ դպրոցը, հայ ընտանիքը, մեր կառոյցները ու մեր ժողովուրդի զաւակները մղէ կազմակերպ ու ներդաշնակ աշխատանքով զսպանակուած այնպիսի ազդու միջոցներու, որոնց ճամբով կարելի ըլլայ դաստիարակել կրօնական, բարոյական ու ազգային իմաստով առողջ սերունդ մը:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

16 Օգոստոս, 2008

Անթիլիաս, Լիբանան