Հայրապետական Կոնդակ Գիրերու Գիւտին 1600-ամեակին առիթով

ԱՐԱՄ

ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ

ԱԶԳԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

ՇՆՈՐՀՔ, ՍԷՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՏԵԱՌՆԷ ԵՒ ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ի ՄԷՆՋ

ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ

 

ԹԵՄԱԿԱԼ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՑ, ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԵՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՈՅ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ, ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ, ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ, ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԵՒ ԹԵՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՑ, ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ, ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ԾԱՌԱՅԻՑ ՀԱՅ ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ, ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ԵՒ ՄԱՄԼՈՅ ՍՊԱՍԱՒՈՐԱՑ ԵՒ ՀԱՄՕՐԷՆ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՀԱՐԱԶԱՏԱՑ ՄԵՐՈՅ ՀԱՅԿԱԶՆԵԱՆ ԱԶԳԻ ՈՐ Ի ՍՓԻՒՌՍ ԱՇԽԱՐՀԻ. ՔՐԻՍՏՈՍԱՒԱՆԴ ՍԻՐՈՅ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՈՂՋՈՅՆ Ի ՄԷՆՋ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ. ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ, ՍԷՐ ՈՐԴՒՈՅՆ ՄԻԱԾՆԻ ԵՒ ՇՆՈՐՀՔ ՀՈԳՒՈՅՆ ՍՐԲՈՅ ԵՂԻՑԻՆ ԸՆԴ ՁԵԶ ԸՆԴ ԱՄԵՆԵՍԵԱՆԴ. ԱՄԷՆ:

 

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ծանօթ իրողութիւն է, որ հինգերորդ դարու սկիզբը, 405 թուականին, տեղի ունեցաւ հայոց պատմութեան մեծագոյն դէպքերէն՝ Հայ Գիրերու Գիւտը։ Սոսկ լեզուական կամ մշակութային իմաստով կարեւոր իրադարձութիւն մը չէր հայ գիրերու ստեղծումը։ Այս եզակի դէպքին ամբողջական իմաստը ու իւրայատուկ կարեւորութիւնը ըմբռնելու համար, անհրաժեշտ է զայն դիտել մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ծիրէն ներս։ Անհրաժեշտ է զայն արժեւորել մեր ժողովուրդի համայնական կեանքի հոգեւոր, մշակութային, կրթական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներէն ներս։

 

Այլ ժողովուրդներ ալ ունեցած են իրենց սեփական գիրերու գիւտը։ Անոնց համար ալ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող իրագործում մըն է իրենց աշխարհահայեացքին ու մշակոյթին ձեւ ու իմաստ տալու կոչուած գիրերու ստեղծումը։ Սակայն, մեր ժողովուրդին համար մեծ նշանակութիւն ու վճռական կարեւորութիւն ունեցաւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հոգեմտաւոր երկունքներուն, ճենճերումներուն ու տեսիլներուն արդիւնքը եղող ու հրաշքի համազօր հայոց Ա. Բ. Գ.ի գիւտը։ Վկա՛յ մեր երգի ու վէրքի, խաչի ու յարութեան պատմութիւնը։

 

Արդարեւ, Մեսրոպաստեղծ Ա. Բ. Գ.ը մեր ժողովուրդին համար դարձաւ իր ազգային ինքնութիւնը կերտող հոգեմտաւոր ուժ։ Ան դարձաւ մեր ժողովուրդի պատմութեան ճամբան լուսազարդող պայծառ արեգակ։ Ան դարձաւ մեր ժողովուրդի կեանքը ոգեղէն արժէքներով ջրդեղող յաւերժահոս աղբիւր։ Տակաւին ան դարձաւ մեր գոյապայքարը ամրացնող զօրեղ կռուան։ Եւ այս բոլորին առընթեր՝ Ա. Բ. Գ.ով մարմնաւորուած հայոց ոսկեղնիկ լեզուն դարձաւ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը ապահովող ու կռուանող աստուածառաք գերագոյն պարգեւ ու յաւերժութեան ճանապարհ։ Հայ մանուկին շրթներէն ծորող, հայ քահանային աղօթքով երկինք բարձրացող, հայ մտքի ու հոգիի ջինջ աղբիւրներէն հոսող Ա. Բ. Գ.ը մեզի համար եղաւ ու կը մնայ Աստուծոյ ապրող ու ապրեցնող ներկայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Դարե՜ր շարունակ հայ հոգեւորականներ ու բանաստեղծներ, գրագէտներ ու երաժիշտներ, ուսուցիչներ ու մտաւորականներ յաւերժափայլ փառքը հիւսեցին դարերուն հետ քալած ու դարեր նուաճած Ա. Բ. Գ.ին։ Իսկ օտարներ հիացան Ա.Բ.Գ.ով ձեւ ու կառոյց ստացած հայ լեզուին հնչողական, քերականական եւ այլ իւրայատկութիւններուն վրայ։

 

Ահա թէ ինչու արդա՛րօրէն մեր ժողովուրդի “սրբութիւն սրբոց”ներու կարգին կը դասուի հայ լեզուն։ Լեզուական ու լեզուաբանական ընթացիկ ըմբռնումներէ ու մօտեցումներէ անդին՝ հայ լեզուն իւրաքանչիւր հայու համար ազգային անփոխարինելի հարստութիւն մըն է։ Հետեւաբար, ոեւէ անտարբերութիւն հայ լեզուին նկատմամբ, մեր ժողովուրդին համար համազօր է ազգային դասալքումի։ Եթէ նոյնիսկ մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք ինչ-ինչ պատճառներով պարտադրուած են հայ լեզուին ամբողջական ծանօթիւնը չունենալու, եւ կամ  չգործածելու հայերէնը, սակայն անոնք վստահաբար հայ լեզուն կը նկատեն, ու պէ՛տք է նկատեն, մեր ժողովուրդի եզակի գանձերէն ու սրբազան արժէքներէն մէկը. եւ իբր այդպիսին՝ պաշտամունքի հասնող սէր ու երկիւղածութիւն պէտք է ունենան անոր նկատմամբ։

 

Ահա, դարեր շարունակ մեր ժողովուրդին ինքնութիւնը երաշխաւորած, գոյութիւնը ամրապնդած, մշակոյթը ծաղկեցուցած ու իր կեանքի ընթացքը ճշդած հայ Գիրերու Գիւտին 1600-ամեակն է, որ մեր ժողովուրդը՝ Հայաստանի պետութեամբ, իր եկեղեցիով, իր բոլոր գաղութներով ու կառոյցներով պիտի նշէ 2005 տարուան ընթացքին։ Սովորական ամեակի հասկացողութեամբ պէտք չէ մօտենալ Գիրերու Գիւտին 1600-ամեակին։ Մեր ժողովուրդի կեանքին մեծագոյն յեղափոխութիւններէն մէկը դարձած եւ մեր ազգին կեանքը հիմնովին յեղաշրջած Հայ Գիրերու Գիւտին եզակի իմաստը ու հզօր պատգամը անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ բերել՝ մեր ներկայ կեանքի հրամայականներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Արդարեւ, մշակոյթներ ձուլող, համայքներ քանդող, արժէքներ ոչնչացնող ու ինքնութիւն այլափոխող համաշխարհայնացումի ահաւոր հոսանքին դիմաց, հայ լեզուն մեր ժողովուրդին համար ամէ՛ն բանէ առաջ պէտք է դառնայ ազգակերտումի սրբազան դարբնոց ու ազգային ինքնապաշտպանութեան զօրեղ վահան։ Ան պէտք է մնայ մեր սրտին տրոփները, մեր հոգիին թռիչքներն ու մտքին յղացքները վաւերականօրէն արտայայտող ու համապարփակ կերպով կազմաւորող կենսական ազդակ։ Ու տակաւին, հայ լեզուն պէտք է դառնայ աշխարհի բոլոր կողմերը ցրուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ազգային պատկանելիութեան անխորտակելի առանցքը ու միութեան ամուր շաղախը։

 

Այս բոլոր կարելիութիւններով օժտուած է հայ լեզուն։ Հետեւաբար, ոեւէ ժամանակէ աւելի այսօ՛ր ճակատագրական է անոր դերը հայ կեանքէն ներս։ Անմահանուն Խաչատուր Աբովեանի տագնապը հայ լեզուի առողջ ու անաղարտ պահպանման նկատմամբ, նաեւ մեր բոլորի՛ն տագնապն է այսօր ու պէ՛տք է ըլլայ։ Առանց հայ լեզուին՝ հայը պիտի կտրուի իր արմատներէն, պիտի հեռանայ իր ինքնութենէն ու պիտի կորսուի պատմութեան քառուղիներուն վրայ։ Առանց հայ լեզուին՝ համաշխարհայնացումը իր քանդիչ արժէքներով պիտի խաթարէ մեր դիմագիծը ու ազգերու ծաղկաստանէն ներս պիտի փճացնէ մեր “փոքր ածու”ն։

 

Արդ, հայ լեզուի փառաբանանքը կատարելէն ու անցեալին հայ լեզուին ունեցած ճշդորոշիչ դերին մասին խօսելէ անդին, 1600-ամեակը իւրաքանչիւր հայուն համար պէտք է դառնայ հայ լեզուին նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեան ուխտի վերանորոգութեան մարտահրաւէր մը։ Արդարեւ, Սուրբ Թադէոս ու Սուրբ Բարթողիմէոս Առաքեալներուն ճամբով Հայաստան մուտք գործած ու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչով պաշտօնական հանգամանք ստացած քրիստոնէական հաւատքը 405 թուականին Հայ Գիրերու Գիւտին ճամբով հայկական գոյն ու ազգային ինքնութիւն ստացաւ։ Այլ խօսքով, Աստուած հայերէն խօսեցաւ մեզի հետ ու մենք հայ լեզուին ճամբով կենդանի հաղորդութեան մէջ մտանք Աստուծոյ հետ եւ աստուածային ճշմարտութիւններն ու երկնային արժէքները ընկալեցինք, ըմբռնեցինք ու տարածեցինք մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։

 

1600 տարիներ շարունակ մեր եկեղեցին հարուստ գանձարանը եղաւ հայ լեզուին։ Ան եղաւ նաեւ զօրեղ ամրոցը հայ լեզուի առողջ պահպանութեան ու անվթար պաշտպանութեան։ Հայ եկեղեցին եղաւ ու մնաց հայ լեզուի ու գրականութեան ծաղկման ու տարածման յանձնառու առաքեալը։ Ուստի, նո՛յն առաքելութեան հաւատարիմ մեր եկեղեցին կոչուած է յատուկ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու նաեւ այսօ՛ր, հայ լեզուի մնայուն ու ճշգրիտ գործածութեան ու անոր բիւրեղ ու անաղարտ պահպանման գծով։

 

Հետեւաբար,

 

Առաջին, 1600-ամեակը մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար պէտք է առիթ մը դառնայ վերահաստատելու իրենց անխախտ հաւատարմութիւնը հայ լեզուին նկատմամբ։ Արդարեւ, հայ լեզուի ճիշդ ու հարազատ գործածութիւնը՝ իր խօսակցական ու գրաւոր ձեւերով, ու մանաւանդ անոր մնայուն գործածութիւնը մեր ընտանիքներէն, դպրոցներէն ու կազմակերպութիւններէն ներս, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներու ամէնօրեայ փոխյարաբերութեանց ընթացքին եւ յատկապէս մեր պատանիներուն ու երիտասարդներուն մօտ, կը նկատենք անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն ու հրամայական պարտաւորութիւն։ Չմոռնանք, որ մեր լեզուին խաթարումը նաեւ մեզ պիտի խաթարէ՝ հոգեւոր, ազգային ու մշակութային իմաստով։ Չմոռնանք, որ մեր լեզուին նկատմամբ ցուցաբերած մեր անտարբերութիւնը մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի օտարացում։ Հայաստանի պետութեան, մեր եկեղեցւոյ, մեր մշակութային, կրթական ու հասարակական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններուն համար հայ լեզուի առողջ ու կենդանի պահպանումը կը նկատենք համազգային առաջնահերթ ու նուիրական պարտաւորութիւն։

 

Երկրորդ, 1600-ամեակը պէտք է առիթ մը դառնայ շեշտելու հայ լեզուին առանցքային դերը մանաւանդ այսօ՛ր՝ որպէս անխախտ ու անխախտելի հիմքը մեր ժողովուրդի ցեղային, ազգային ու մշակութային միութեան։ Պայմաններու բերումով մեր ժողովուրդին պարտադրուեցան տարբեր ուղղագրութիւններ ու որդեգրուեցան օտար բառեր, լեզուական ձեւեր ու արտայայտութիւններ։ Մեր լեզուէն ներս գոյութիւն ունեցող ներկայ տարբերութիւնները, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք ներկայ աշխարհագական բաժանուածութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն, կրնան բաժանման խրամատեր յառաջացնել մեր կեանքէն ներս։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ անոնք հանգրուանային կերպով, համազգային մաշտապով ու ծրագրուած մօտեցումով սրբագրուին ու մեր լեզուն լուրջ ու համապարփակ վերանայման եւ վերաբիւրեղացման ենթարկուի։ Հայաստան եւ Սփիւռք միա՛սնաբար ու անյապաղ պէտք է նախաձեռնեն նման գործընթացք մը՝ ի խնդիր հայ լեզուի ամբողջականութեան պահպանման ու միութեան ամրացման, ինչպէս նաեւ որպէս երաշխիք մեր ժողովուրդի ամբողջականութեան պաշտպանութեան ու միութեան  հզօրացման։

 

Արդ, անհուն օրհնութեամբ ու հոգեկան ուրախութեամբ կ‏՛ողջունենք Հայ Գիրերու Գիւտին 1600-ամեակը, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական սոյն սրբատառ կոնդակով՝

 

Կոչ կ՛ուղղենք մեր թեմերու Առաջնորդներուն ու Ազգային Իշխանութեանց, մեր կրթական, մշակութային ու հասարակական կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն, յատուկ ձեռնարկներու, ծրագիրներու ու աշխատանքներու ճամբով կարեւորութեամբ շեշտելու հայ լեզուի վճռական տեղը ու դերը մեր գաղութներու կեանքի հոգեւոր, կրթական, մշակութային, ընկերային ու հասարակական մարզերէն ներս։

 

Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մեր հոգեւոր խնամքին յանձնուած մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, խոր գիտակցութեամբ ու յատուկ նախանձախնդրութեամբ արժեւորելու Հայ Գիրերու Գիւտին 1600-ամեակը իրենց անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս։ 

 

Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալք շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ։ Ամէն։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Տուաւ կոնդակս ի Կաթողիկոսարանիս

Ի դուռն Մայր Տաճարիս Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին

Որ յԱնթիլիաս, Լիբանան

Ի 30-ն Յունուարի, 2005 թուին Քրիստոսի, եւ

Ի թուին Հայոց ՌՆԾԴ.

Ընդ համարաւՎ/ՄՀԱ