1 January, 2005

Հայրապետական Կոնդակ Հայկական Ցեղասպանութեան 90-ամեակին առիթով

ԱՐԱՄ

ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ

ԱԶԳԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

ՇՆՈՐՀՔ, ՍԷՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՏԵԱՌՆԷ ԵՒ ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ի ՄԷՆՋ

ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ

 

ԹԵՄԱԿԱԼ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՑ, ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԵՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՈՅ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ, ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ, ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ, ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԵՒ ԹԵՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՑ, ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ, ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ԾԱՌԱՅԻՑ ՀԱՅ ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ, ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ԵՒ ՄԱՄԼՈՅ ՍՊԱՍԱՒՈՐԱՑ ԵՒ ՀԱՄՕՐԷՆ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՀԱՐԱԶԱՏԱՑ ՄԵՐՈՅ ՀԱՅԿԱԶՆԵԱՆ ԱԶԳԻ ՈՐ Ի ՍՓԻՒՌՍ ԱՇԽԱՐՀԻ. ՔՐԻՍՏՈՍԱՒԱՆԴ ՍԻՐՈՅ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՈՂՋՈՅՆ Ի ՄԷՆՋ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ. ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ, ՍԷՐ ՈՐԴՒՈՅՆ ՄԻԱԾՆԻ ԵՒ ՇՆՈՐՀՔ ՀՈԳՒՈՅՆ ՍՐԲՈՅ ԵՂԻՑԻՆ ԸՆԴ ՁԵԶ ԸՆԴ ԱՄԵՆԵՍԵԱՆԴ. ԱՄԷՆ:

 

2005 տարին 90-ամեակն է Հայկական Ցեղասպանութեան։ Հետեւաբար, հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ սովորական թուական մը չէ ու պէտք չէ ըլլայ այս տարին՝ իւրաքանչիւր հայու եւ ողջ հայութեան համար։

 

Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար 2005 տարին, առաջին հերթին, պէտք է դառնայ անցեալին նայելու եւ մեր պատմութեան մէջ 1915 թուականին իւրայատուկ տեղը, իմաստն ու պատգամը վերյիշելու եւ վերաշեշտելու առիթ մը։ Արդարեւ, կա՞յ աշխարհի վրայ հայ մը, որ չի գիտեր թէ Օսմանեան Թուրքիան 1915-ին, օգտուելով Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ստեղծած անորոշ կացութենէն, գործադրութեան դրաւ հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ բնաջնջելու իր սարսափազդու ծրագիրը՝ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդելով։ Կա՞յ աշխարհի վրայ հայ մը, որ իր մանկութեան օրերուն իսկ խոր ընդվզումով տեղեակ չէ դարձած Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն դէմ ամէնէն բարբարոս կերպով կատարուած ջարդերուն՝ Պոլիսէն մինչեւ հեռաւոր գաւառները, պատմական Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն մինչեւ Տէր Զօրի անապատները։ Արդարեւ, Հայկական Ցեղասպանութեան առթած տագնապով ու ցասումով դաստիարակուեցան բազմաթիւ սերունդներ։ Ջարդուած ու իրաւազրկուած ազգի մը պատկանելիութիւնը խոր վէրք մը ձգեց հայ մարդու ինքնութեան կազմաւորման մէջ՝ անցնող 90 տարիներու ընթացքին։

 

Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական անժխտելի իրողութիւն է՝ ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի պատմութեան էջերուն վրայ սեւ ու անջնջելի տառերով արձանագրուած, այլ նաեւ համաշխարհային պատմութեան մէջ, եւ նոյնի՛նքն ցեղասպան Թուրքիոյ պետական-դիւանագիտական փաստաթուղթերուն մէջ յստակօրէն տեղ գրաւած։ Անցնող տարիներու ընթացքին հայ թէ օտար պատմաբաններու կողմէ համապարփակ ու գիտական մօտեցումով, փաստաթղթային տուեալներով ու նաեւ կենդանի վկայութիւններով կատարուած ուսումնասիրութիւնները աւելի՛ շեշտեցին Հայկական Ցեղասպանութեան անհերքելի իրողութիւնը առաւել լոյս սփռելով անոր ներքին ծալքերուն վրայ։

 

2005 թուականը մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար պէտք է դառնայ անցեալը վերյիշելէն ու վերարժեւորելէն անդին, ապագային նայելու ու աշխարհին դիմաց անպատիժ մնացած ցեղասպանութեան մը պահանջատէրը դառնալու սքանչելի առիթ մը։ Հաւաքական յիշողութիւնը ժողովուրդի մը կեանքին մէջ կենսական է։ Ժողովուրդի մը պատմութիւնը կերտող, անոր գոյութիւնը ամրացնող, շարունակականութիւնը ապահովող եւ ինքնութիւնը բիւրեղացնող ուժ է հաւաքական յիշողութիւնը։ Պէտք չէ մոռնալ անցեալը։ Սակայն, անհրաժեշտ է միաժամանակ յիշողութիւնը վերածել պահանջատիրութեան։ Շնորհիւ մեր կազմակերպութիւններուն ու ժողովուրդի զաւակներուն կազմակերպ ու հետեւողական աշխատանքներուն, միջազգային ընտանիքին մէկ մասը ճանչցաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Այս առիթով Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք արդարութեան պաշտպան ու իրաւազրկուած ժողովուրդներու զօրակից բոլոր ազգերուն, պետութիւններուն, կրօններուն, եկեղեցիներուն ու կազմակերպութիւններուն։ Հարկ է սակայն, որ ամբո՛ղջ աշխարհը ճանչնայ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած այս հաւաքական ոճիրը։ Բայց բոլորէն առաջ, մեր ժողովուրդի արդա՛ր պահանջն է որ նոյնինքն ցեղասպան Թուրքիան պաշտօնապէս ճանչնայ իր նախորդներուն կողմէ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ։

 

Պահանջատէ՛ր է հայ ժողովուրդը իր մարդկային ու ազգային բռանաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ։ Միշտ պահանջատէր պիտի մնայ հայ ժողովուրդը ի՛նչ ալ ըլլան իր դիմաց գտնուող դժուարութիւնները։ Ո՛չ մէկ հայ իրաւունք ունի հեռու մնալու մեր ազգային պահանջատիրական պայքարէն։ Ազգային պահանջատիրութիւնը հայուն ամէնէն նուիրական ու առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն մէկն է։ 90-ամեակը Հայկական Ցեղասպանութեան մարտահրաւէր մըն է ուղղուած մեր ժողովուրդին իր հաւաքական յիշողութիւնը վերաթարմացնելու եւ իր պահանջատիրութիւնը վերակենսաւորելու՝ խոր հաւատքով, ամուր կամքով ու վառ տեսիլքով։

 

Հայ եկեղեցին միշտ եղաւ իր ժողովուրդի կողքին, նոյնիսկ իր պատմութեան ամէնէն դժնդակ պայմաններուն մէջ։ Ան եղաւ իր ժողովուրդին իրաւունքներուն ամուր պահապանը եւ անոր արդար դատին զօրեղ պաշտպանը։ Իր ժողովուրդին հետ ջարդ տեսած ու աքսորի արհաւիրքը ապրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մանաւանդ միշտ եղաւ իր ժողովուրդին հետ՝ Կիլիկիոյ քաղաքներէն ու գիւղերէն մինչեւ Տէր Զօրի անապատները եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Գողգոթայի ճամբէն քալած, սակայն իր ժողովուրդին նման ու իր ժողովուրդին հետ յարութեան շունչով իր կեանքը վերակազմակերպած ու իր առաքելութիւնը կենսագործած Հայրապետական այս դարաւոր Սուրբ Աթոռը 90 տարիներ շարունակ, իր պապենական հողերէն արմատախիլ դարձած իր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեկան ու ֆիզիքական կարիքներուն օգտակար դարձաւ, գաղութներու կազմաւորման ու կազմակերպման մէջ վճռական դեր ունեցաւ, եկեղեցի ու դպրոց շինեց, հոգեւոր, բարոյական ու մշակութային արժէքներու նուիրեալ տարածիչը դարձաւ, ինչպէս նաեւ իր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման անվեհեր ջահակիրը հանդիսացաւ։ Եւ այսօր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հաւատարիմ իր քրիստոնէական կոչումին, իր հաւատքի առաքելութեան ու ազգային ուխտին, վերանորոգ հաւատքով ու վճռակամութեամբ իր ժողովուրդի զաւակներուն իրաւունքները կը հետապնդէ՝ աշխարհէն արդարութիւն պահանջելով։

 

Արդ, Հայրապետական սոյն սրբատառ Կոնդակով 2005 տարին կը հռչակենք՝

 

ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ

 

Հայկական Ցեղասպանութեան 90-ամեակէն եկող պատգամով ու մարտահրաւէրով պէտք է արժեւորուի 2005 տարին մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս։ Հետեւաբար, սովորական ձեռնարկներէ անդին, մեր կեանքէն ներս հետք ձգող, մեր պահանջատիրական պայքարին մէջ նոր էջ մը բացող եւ մեր ժողովուրդը դէպի լուսապայծառ ապագայ առաջնորդելու կոչուած նախաձեռնութիւններով, դէպքերով ու իրագործումներով լեցուն տարի մը պէտք է դառնայ այս թուականը։

 

Ահա ա՛յս հաւատքով ու տեսիլքով, ա՛յս մտածումով ու սպասումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ թելադրելով իրենց.-

 

Առաջին, 90-ամեակը Հայկական Ցեղասպանութեան պէտք է նշել համազգային տարողութեամբ, միասնական ճիգով, համախումբ մասնակցութեամբ եւ Հայաստան-Սփիւռք սերտ ու ներդաշնակ գործակցութեամբ։ Մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու պէտք է մնան կուսակցական, քաղաքական, համայնքային կամ այլ տեսակ տարակարծութիւններէ, եւ համախմբուելով մեր ազգային ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներուն ու պահանջներուն շուրջ, պէտք է աշխարհին ներկայանան որպէս մէ՛կ ազգ՝ հաւաքական մէ՛կ պահանջատիրութեամբ։

 

Երկրորդ, մեր բոլոր գաղութներէն ներս, մեծ թէ փոքր, հեռաւոր թէ մօտաւոր, կազմակերպ ձեւով ու հանդիսաւոր շուքով պէտք է նշուի 90-ամեակը Հայկական Ցեղասպանութեան։ Այս առիթով կատարուելիք աշխատանքները ու տեղի ունենալիք ձեռնարկները հարկ է համապատասխանեն տուեալ գաղութի ներքին դրուածքին ու զինք շրջապատող իւրայատուկ պայմաններուն։ Իւրաքանչիւր գաղութ, իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն եւ իւրաքանչիւր հայ անհատ պէտք է իր գործօն ու ամբողջական մասնակցութիւնը բերէ այս կարեւոր դէպքի արժեւորման մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ։

 

Երրորդ, ներկայ աշխարհը բոլորովին տարբեր է յարաբերաբար մօտիկ անցեալին։ Մեզ շրջապատող պայմանները, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները տարբեր բնոյթ, շեշտ ու տարողութիւն ունին։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ 90-ամեակի համազգային նշումը տարբեր արժեչափերով, հայեցակէտերով ու մօտեցումներով կազմակերպուի։ Հարկ է դիմել այնպիսի ազդու միջոցներու ու գործելակերպերու, որոնք մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը դարձնեն այժմէական ու համահունչ միջազգային ընտանիքի մտահոգութիւններուն ու առաջադրանքներուն։

 

Չորրորդ, 90-ամեակը Հայկական Ցեղասպանութեան առիթ մը պէտք է դառնայ մեր Թեմակալ Առաջնորդներուն, Ազգային Իշխանութեանց, մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն, կառոյցներուն, միութիւններուն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր խնամքին ենթակայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ մասնակից դառնալու այս յոյժ կարեւոր ամեակի համազգային տօնակատարութեան, զայն վերածելով ազգային պահանջատիրական պայքարի հզօրացման եզակի դէպքի մը։

 

Հինգերորդ, մի՛ մոռնաք, սիրելի՛ զաւակներ հայ ժողովուրդի, Տէր Զօրը. մի՛ մոռնաք, որ մեր հայրերն ու մայրերը, եղբայրներն ու քոյրերը 90 տարիներ առաջ Տէր Զօրէն անցան։ Ոմանք, Տէր Զօրի կիզիչ աւազներուն մէջ մնացին ու այսօր որպէս նահատակներ յաւիտենականութեան կը պատկանին։ Իսկ ուրիշներ, Տէր Զօրի տառապանքն ու դառնութիւնը ճաշակած, ցրուեցան ի սփիւռս աշխարհի, ընտանիք կազմեցին եւ համայնք կազմակերպեցին՝ դառնալով Սփիւռքի օտարացնող միջավայրերուն մէջ հայ ժողովուրդի վերապրելու հաւատքին ու կամքին հերոսները։ Չմոռնանք, որ մենք զաւակներն ենք Տէր Զօր ապրած ու Տէր Զօրէն վերապրած մեր քաջ, նահատակ ու յարուցեալ ժողովուրդին։ Հետեւաբար, Տէր Զօրը մեր կեանքին ու մեր պահանջատիրական պայքարին մէջ պէտք է մնայ մնայուն ու տիրական ներկայութիւն։ Ան պէտք է իւրաքանչիւր հայուն համար դառնայ կենդանի յուշարար Հայկական Ցեղասպանութեան, եւ ներշնչման ու հզօրացման աղբիւր՝ ազգային պահանջատիրութեան։ Տէր Զօրը պէտք է դառնայ նաեւ ուխտավայր ո՛ղջ հայութեան համար։ 90-ամեակին առիթով, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու կտակին հաւատարմութեամբ ուխտի երթալու Տէր Զօր, վերանորոգելու մեր քրիստոնէական ու ազգային սրբազան ուխտը։

 

Արդ, Հայրապետական սոյն Կոնդակով կը թելադրենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր Թեմակալ Առաջնորդներուն ու Ազգային Իշխանութեանց անմիջապէս աշխատանքի լծուելու, եւ գործակցութեամբ իրենց թեմի սահմաններէն ներս գտնուող կրօնական, համայնքային, քաղաքական, կուսակցական, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, մարզական եւ ազգային այլ կառոյցներուն, Հայկական Ցեղասպանութեան 90-ամեակը նշելու համազգային տարողութեամբ ու միասնական ճիգով։

 

Խո՜ւնկ ու աղօ՜թք մեր բիւրաւոր նահատակներու անթառամ յիշատակին։

 

Յարգա՜նք ու պատի՜ւ նահատակներու նուիրական կտակին հաւատարմութեամբ ապրող ու պայքարող հայ ժողովուրդին։

 

Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալք շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ։ Ամէն։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Տուաւ Կոնդակս ի Կաթողիկոսարանիս

Ի դուռն Մայր Տաճարիս Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին

Որ յԱնթիլիաս, Լիբանան

Ի 1-ն Յունուարի, 2005 թուին Քրիստոսի, եւ

Ի թուին Հայոց ՌՆԾԴ.

Ընդ համարաւ Վ/ՄԿԷ.

 

More News