24 April, 2006

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը, զոր տուաւ 24 Ապրիլ 2006-ի առաւօտուն,

ԱՊՐԻԼ 24՝

ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամին, զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք՝ Ապրիլեան Նահատակներու Մատրան առջեւ հոծ բազմութեան ներկայութեան։ Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք սկսաւ ժողովրդային քայլարշաւը՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը։

 

Ապրիլ 24 է դարձեալ. նահատակներու օր. ազգային պահանջատիրութեան օր. այլ խօսքով՝ հաշուետուութեան օր։

 

Այսպէ՛ս կը բնորոշեմ ես Ապրիլ 24-ը հայ ժողովուրդի կեանքի օրացոյցին վրայ։ Այսպէ՛ս կը սահմանեմ այս օրը հայ ժողովուրդի պատմութեան գնացքին վրայ։

 

Ահա հաշուետուութեան գիտակցութեամբ դա՛րձեալ հաւաքուած ենք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, մեր նահատակներու անթաղ աճիւններուն շուրջ։ Արդարեւ, 91 տարիներ առաջ, ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները այսօր մեզմէ հաշի՛ւ կը պահանջեն։ Պատրա՞ստ ենք հաշիւ տալու հաւատքի ու հայրենիքի, իրենց մարդկային ու ազգային իրաւունքներուն համար արիւն թափած մեր նահատակներուն։

 

Պատրա՞ստ է հայ աշակերտը հաշիւ տալու մեր նահատակներուն, թէ՝ ինք դպրոցի գրասեղանին առջեւ ուսում ու գիտութիւն ստանալու կողքին նաեւ կը սորվի, երբեք չմոռնալու համար, թէ իր ազգը 91 տարիներ առաջ զոհ է դարձած  ցեղասպանութեան։

 

Պատրա՞ստ է հայ երիտասարդը հաշիւ տալու մեր նահատակներուն, թէ՝ իր կեանքի առօրեայ տաղտուկներուն ու հետաքրքրութիւններուն մէջ իսկ իր գիտակցութեան խորքը անխախտ կը մնայ նահատակներուն անմեռ կտակը։

 

Պատրա՞ստ է հայ մտաւորականը հաշիւ տալու մեր նահատակներուն, թէ՝ իր գրիչով ու խօսքով արթուն ու քաջ պաշտպանը կը մնայ մեր նահատակներու իրաւունքներուն։

 

Պատրա՞ստ է հայ հոգեւորականը հաշիւ տալու մեր նահատակներուն, թէ՝ մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն հետապնդումը նաեւ իր հաւատքի առաքելութեան մաս կը կազմէ. եւ հետեւեաբար, քարոզիչն է ան մեր ժողովուրդի մարդկային իրաւունքներուն ու ազգային արժանապատուութեան։

 

Պատրա՞ստ է ազգային ղեկավարը, համայնքային թէ կուսակցական, պետական թէ հասարակական, հաշիւ տալու մեր նահատակներուն, թէ՝ ինք կոչուած է մեր նահատակներուն սրբազան  դատը իր կեանքին ու գործին առաջնահերթութիւնը նկատելու ու պայքարելու ի խնդիր մեր ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման։

 

Վերջապէս, պատրա՞ստ է իւրաքանչիւր հայ, ինչ հանգամանքի տէր ալ ըլլայ, ինչ տարիք ալ ունենայ, այս երկրագունդին վրայ ուր որ ալ գտնուի, հաշիւ տալու մեր նահատակներուն, թէ՝ ինք չէ մոռցած ու երբեք պիտի չմոռնայ մեր նահատակները՝ անոնց յիշատակը պայքարի վերածելով, անոնց կտակը պահանջատիրութեամբ թարգմանելով, անոնց նահատակութենէն եկող պատգամը իր ամէնօրեայ կեանքին հետ շաղախելով։

 

Հայ ըլլալ կը նշանակէ մեր նահատակներուն կտակին հաւատարիմ մնալ։

 

Հայ ըլլալ կը նշանակէ մեր նահատակներու կտակին հաւատարմութեամբ՝ հաշիւ տալ մեր նահատակներուն։

 

Հայ ըլլալ կը նշանակէ մեր նահատակներու կտակին հաւատարմութեամբ՝ նաեւ հաշիւ պահանջել։

 

Այս խոր գիտակցութիւնը ու ամուր յանձնառութիւնը մեր ինքնութեան, մեր գոյապայքարին, մեր ներկային ու ապագային ամէնէն զօրեղ հիմքերէն ու հզօր երաշխիքներէն մէկն է։

 

Արդ, այս օրը նաեւ հաշիւ պահանջելո՛ւ օր է։ Այն ազգը որ քաջութիւնը չունի հաշիւ տալու իր նահատակներուն ու միաժամանակ հաշիւ պահանջելու ցեղասպանէն, դատապարտուած է առյաւէտ հեռանալու պատմութեան թատերաբեմէն։

 

Արդարեւ, մեր նահատակներու հաւատքով ու վճռակամութեամբ հզօրացած, 91 տարիներ մենք հաշիւ պահանջեցինք աշխարհէն։ Նոյնիսկ մեր կեանքի ամէնէն դշխեմ օրերուն, դժուար պահերուն ու ճակատագրական վայրկեաններուն չդադրեցանք երբեք հաշիւ պահանջելէ մեր ժողովուրդի իրաւուքներուն ի խնդիր։

 

Այսօր, մեր նահատակները դա՛րձեալ կը յիշեցնեն մեզի, թէ՝ պէտք է հաշիւ պահանջենք թուրք ցեղասպանէն, որ 1915-ին պետական մաշտապով ծրագրեց ու գործադրեց հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը։ Պատմութեան փաստերը, նոյնինքն ցեղասպանի տրամադրութեան տակ գտնուող փաստաթուղթերը, աղաղակող ու անժխտելի վկայութիւններ են ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան։ Որքան ալ ցեղասպանը փորձէ մոռացութեան մշուշին տակ պահել ցեղասպանութիւնը, որքան ալ ան փորձէ կեղծ վկայութիւններով այլափոխել ցեղասպանութեան իրողութիւնը ու տարողութիւնը, հայկական ցեղասպանութիւնը պիտի մնայ սեւ էջ մը Թուրքիոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ։ Հետեւաբար, Թուրքիան պէտք է քաջութիւնը ունենայ իր իսկ պատմութեան հաւատարիմ մնալու՝ ընդունելով իր պապերուն կողմէ գործադրուած 20-րդ շարու առաջին ու ցարդ անպատիժ մնացած  ցեղասպանութիւնը։

 

Այսօր, մեր նահատակները դա՛րձեալ կը յիշեցնեն մեզի, թէ՝ պէտք է հաշիւ պահանջենք աշխարհէն։ Մենք միշտ պիտի մնանք երախտագէտ այն բոլոր պետութիւններուն ու եկեղեցիներուն, պատմաբաններուն ու քաղաքական դէմքերուն, որոնք հաւատարիմ մարդկային իրաւանց միջազգային սկզբունքներուն ու արժէքներուն, պաշտօնապէս ճանչցան հայկական ցեղասպանութիւնը ու զօրակից դարձան հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն։ Մենք սակայն հաշիւ կը պահանջենք բոլոր այն պետութիւններէն, որոնք տակաւին չեն ճանչցած հայկական ցեղասպանութիւնը՝ ոմանք մարդկային իրաւանց նկատմամբ ունեցած իրենց անտարբերութեան պատճառաւ. իսկ ուրիշներ ցեղասպանը չնեղացնելու շահադիտական մօտեցումներէ մեկնած։ Եթէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, եթէ պետութիւններ ու ազգեր հաւատարիմ են իրենց ստորագրած մարդկային իրաւանց, ցեղասպանութեան ու միջազգային օրէնքներուն առնչուած միջազգային ու միջ-պետական դաշնագիրներուն եւ ուխտերուն, պարտաւոր են ճանչնալու հայկական ցեղասպանութիւնը։

 

Այսօր, մեր նահատակները դա՛րձեալ հարց կու տան. ինչո՞ւ հրէական հոլոքոստը, տասներկու տարիներ առաջ տեղի ունեցած Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը, նախկին Եուկոսլաւիոյ ցեղասպանութիւնը, անցեալ դարու բոլո՛ր ցեղասպանութիւնները միջազգային ատեաններու կողմէ քննարկումի նիւթ դարձան եւ արդար պատիժ ու հատուցում ստացան, մինչ հայկական ցեղասպանութիւնը տակաւին անտեսումի կ’նթարկուի։ Ինչո՞ւ ՄԱԿի հսկողութեան տակ հաստատուած միջազգային դատական ատեանները կը շարունակեն լուռ մնալ հայկական ցեղասպանութեան նկատմամբ։ Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ՄԱԿի հովանաւորութիւնը վայելող Իւնեսքոն մակերեսային մօտեցում կ’որդեգրէ նոյն ջարդարարին կողմէ շարունակուող մշակութային ցեղասպանութեան նկատմամբ։ Օրինակի համար, ինչո՞ւ ան Կիպրոսի Սուրբ Մակարայ վանքին ճաշարանի վերածումը, Նախիջեւանի Հին Ջուղայի շրջանի պատմական խաչքարերու քանդումը, պատմական Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայկական վանքերու, եկեղեցիներու ու պատմական եւ մշակութային կոթողներու փճացումը կասեցնելու գծով գործնական քայլերու չի դիմեր …։

 

Ապրիլ 24-ը հաշուետուութեան օր է։ Ու հայուն համար ամէ՛ն օր Ապրիլ 24 է։

 

Ա՛յս հաւատարմութեամբ ու յանձնառութեամբ պէտք է ապրի ու գործէ իւրաքանչիւր հայ։ Մեր նահատակներու կտակը պէտք է մնայուն ներկայութիւն դառնայ մեր կեանքին մէջ, մեր կեանքին իմաստ ու նպատակ, խորք ու ընթացք տուող ուժական ներկայութիւն։

 

Անցնող 91 տարիներու ընթացքին, մեր նահատակներու զաւակները ու թոռները ա՛յս գիտակցութեամբ գործեցին, պահանջեցին ու պայքարեցան։ Պատի՛ւ իրենց։

 

Այսօր, մեր հաւաքական ուխտը կը վերանորոգենք շարունակելու մեր ազգային պահանջատիրական պայքարը։

 

Մեր հաւաքական ուխտը կը վերանորոգենք մեր հայրենիքի հողին վրայ, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին։

 

Մեր հաւաքական ուխտը կը վերանորոգենք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, համախմբուած մեր նահատակներու աճիւններուն շուրջ։

 

Մեր հաւաքական ուխտը կը վերանորոգենք աշխարհի բոլոր անկիւնները, ուր որ հայեր կ’ապրին հայօրէն։

 

Մեր հաւաքական ուխտը կը վերանորոգենք՝ մեր նահատակներուն միշտ հաշիւ տալու եւ ցեղասպանէն ու աշխարհէն միշտ հաշիւ պահանջելու վճռակամութեամբ։

 

Ա՛յս ոգիով ու տեսիլքով մասնակից դարձէք, սիրելի՛ հայորդիներ, քիչ յետոյ Մայրավանքէն ընթացք ստանալիք ժողովրդային մեծ քայլարշաւին։

 

Քալեցէ՛ք պահանջատիրական ոգիով՝ սակայն զուսպ կեցուածքով, Հայու անունը ու արժանապատուութիւնը միշտ բարձր պահելու գիտակցութեամբ։

 

Քալեցէ՛ք վառ յոյսով, ամուր կամքով ու խոր հաւատքով.

Քալեցէք միշտ մի՛ասնաբար.

Պայքարեցէ՛ք միասնաբար՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի երազներու իրագործման։

Ա՛յս է ճամբան հայութեան,

Ա՛յս է ճամբան յաղթութեան։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Ապրիլ 24, 2006

Անթիլիաս

More News