Հայրապետական յատուկ Գիրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 2006 տարին հռչակեց ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՏԱՐԻ։ Պատգամը՝ ստորեւ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
Հոգեւոր Դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց,
Եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն,
Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն, եւ ձեզի կը մաղթենք հոգեւոր, մշակութային ու ազգային ծառայութիւններով բեղուն տարի մը։
Ինչպէս գիտէք, 2003 տարին հռչակած էինք “Աստուածաշունչի Տարի”, 2004 տարին՝ “Հայ Ընտանիքի Տարի” եւ 2005 տարին՝ “Ազգային Պահանջատիրութեան Տարի”։ Զանազան նախաձեռնութիւններու ճամբով մեր թեմերուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ վերոյիշեալ թեմաներու ներկայացուցած իւրայատուկ նշանակութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներու կեանքէն ներս։ Արդարեւ, մեր հաւաքական կեանքէն ներս գերագոյն արժէքներու, Աւետարանի բացատրութեամբ՝ սըրբազան “գանձ”երու շարքին կը նկատուի հայ դպրոցը իր հայեցի դաստիարակութեան առաքելութեամբ։ Հետեւաբար, մեկնելով հայ դպրոցին ներկայացուցած առանցքային կարեւորութենէն, սոյն Հայրապետական Գիրով 2006 տարին կը հռչակենք՝
«ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՏԱՐԻ»
Ա.
Հայ դպրոցը դարբնոց
մարդակերտումի ու հայակերտումի
Այսպէ՛ս եղաւ ու այսպէ՛ս է հայ դպրոցը այսօր ոեւէ ժամանակէ աւելի՝ իր կեանքով, իր էութեամբ, իր ոգիով, իր առաքելութեամբ։ Սովորական հասկացողութեամբ չէ որ այսպէս կը բնորոշենք հայ դպրոցը։ Հայ դպրոցին գոյութեան պատճառը՝ հայ աշակերտին հոգին պայծառացնել է մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ու բարոյական սկըզբունքներով, միտքը ծաղկեցնել է մեր ժողովուրդի ոգեղէն ու մշակութային արժէքներով, ողջ էութիւնը կազմաւորել է մեր ազգային ձգտումներով անոր մէջ քրիստոնեան ու հայը կերտելով։ Արդ, ընթացիկ իմաստով գիտութիւն ջամբող կրթական կառոյց մը չէ հայ դպրոցը. այլ՝ մարդուն մէջ մարդը կերտող, հայուն հոգեւոր, մշակութային ու ազգային ինքնութիւն տուող հոգեմտաւոր դարբնոց մը։ Եւ ճիշդ հո՛ս կը կայանայ իւրայատուկ առաքելութիւնը հայ դպրոցին։ Եւ ճիշդ ա՛յս պատճառով հայ դպրոցը հայուն համար մեր կեանքէն ներս գործող այլ կառոյցներու շարքին կառոյց մը չէ եղած երբեք։ Հայ մարդը խոր երկիւղածութեամբ ու սրբազան նախանձախնդրութեամբ մօտեցած է հայ դպրոցին՝ զայն նկատելով եկեղեցւոյ կողքին ազգային սրբավայր մը։
Բ.
Հայ դպրոցը ամրոց հայութեան
Այսպէ՛ս եղած է ու այսպէ՛ս կը մնայ միշտ հայ դպրոցը։ Մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մեր կեանքի փոթորիկներուն ու վերիվայրումներուն դիմաց հայութեան ամրակուռ ամրոցը դարձած է հայ դպրոցը։ Մեր ազգային ինքնութիւնը խաթարող ու մեր մշակութային արժէքները ապականող հոսանքներուն դիմաց, հայ դպրոցը իր հայաբոյր մթնոլորտով դարձած է այն միջավայրը, ուր հայութիւնը կրցած է անաղարտ պահել իր հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներու անկորնչելի գանձը։ Հայ դպրոցին նայած են մեր ժողովուրդի զաւակները՝ ամէն անգամ երբ իրենց ազգային ինքնութիւնը ու ոգին խաթարող բարքեր սկսած են թափանցել հայ կեանքէն ներս։ Հայ դպրոցին մօտեցած են մեր ժողովուրդի զաւակները՝ երբ մեր կեանքի ճգնաժամային պահերուն ազգային արժէքներու կրակը մարելու վտանգին ենթակայ եղած է։ Իր կեանքի դառն փորձառութեամբ մեր ժողովուրդը ապրած ու տեսած է թէ՝ հեռու հայ դպրոցէն հայութիւնը դատապարտուած է կորսնցնելու իր ինքուրոյն դիմագիծը, իր համախումբ կեանքը, իր ոգեղէն հզօրութիւնը, իր ազգային գոյութիւնը։ Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհի բոլոր տեսակի վտանգներուն դիմաց, եկեղեցւոյ ու հայրենիքի կողքին, հայ ժողովուրդի ամենէն զօրեղ ամրոցներէն մէկը հայ դպրո՛ցն է։
Գ.
Հայ դպրոցը խարիսխ հայ գաղութին
Այսպէ՛ս եղաւ ու այսպէ՛ս է հայ դպրոցը սփիւռքի ոեւէ գաղութի համար։ Նայեցէ՛ք սփիւռքի կեանքին. դիտեցէք իւրաքանչիւր գաղութի կեանքը. սերտեցէք մեր գաղութներու պատմութիւնը. յստակօրէն պիտի տեսնէք թէ այն գաղութները, որոնք դպրոց ունեցան ու կրթական կեանք զարգացուցին, եղան կենսունակ գաղութներ՝ թէ՝ կազմակերպչական եւ թէ ազգային իմաստով։ Իսկ այն բոլոր գաղութները, որոնք չկրցան ունենալ հայ դպրոց, ներքնապէս ջլատուեցան ու կորսնցուցին իրենց հայկական դիմագիծը։ Եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոցը գաղութի մը կեանքին խարիսխն է, անոր ծանրութեան կեդրոնը։ Սա ո՛չ տեսութիւն է եւ ո՛չ լոզունք, այլ իրողական ճշմարտութիւն։ Փաստօրէն վտանգուած է ապագան այն բոլոր գաղութներուն, ուր զանազան պատճառներու բերումով հայ դպրոց գոյութիւն չունի։ Որքան ալ հայ ընտանիքը իր կարեւոր դերը ունենայ հայեցի դաստիարակութեան իմաստով, որքան ալ եկեղեցին հոգեղէն արժէքներու առընթեր նաեւ ազգային արժէքներ ջամբէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որքան ալ մեր կեանքէն ներս գործող ազգային կառոյցները կարեւոր աշխատանք կատարեն հայակերտումի գծով, հայ դպրոցին տեղը բոլորովին տարբեր է ու դերը՝ անփոխարինելի։ Գաղութի մը կեանքէն ներս ազգային արժէքներու, աւանդութիւններու ու երազներու աղբիւր է հայ դպրոցը։ Գաղութի մը ողնասիւնն է հայ դպրոցը, անոր հայօրէն գոյութիւնը ու գոյատեւումը եւ անոր ամբողջականութիւնը երաշխաւորող։
Դ.
Հայ դպրոցը երաշխիք Հայաստանի հզօրութեան
Այսպէ՛ս եղաւ ու այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ հայ դպրոցը մեր հայրենիքէն ներս։ Դիտեցէ՛ք հայ դպրոցին դերը հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան շրջագծէն ներս՝ Թարգմանչաց շրջանէն սկսեալ մինչեւ ներկայ ժամանակները։ Դիտեցէ՛ք Մեսրոպաստեղծ Ա.Բ.Գ.-ով սկսուած հայ մշակութային արժէքներու ծաղկումը մեր կեանքէն ներս։ Դարձեալ դիտեցէք մեր մատենագիրներու կոթողական իրագործումները Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա։ Այս բոլորին մէջ հայ դպրոցը ունեցաւ իր կեդրոնական ու եզակի դերը. դեր մը, որ դարձաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կեանքը հարստացնող ու մշակութային որակը ապահովող սրբազան առաքելութիւն։ Եւ ամէ՛ն անգամ երբ մեր հայրենիքը կորսնցուց իր քաղաքական անկախութիւնը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հզօրութեան կողքին հայ դպրոցը մեր ժողովուրդի մշակութային հզօրութեան կռուանը դարձաւ։ Այս ճշմարտութեան թարգմանը եղաւ մեր պատմահայրը Մովսէս Խորենացին “փոքր ածու”ի մեծութիւնը ու յաւերժութիւնը տեսնելով հայ գիրով ու գրականութեամբ նուաճուած “արութեան գործեր”ուն մէջ։ Հայ դպրոցը իր մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեամբ միշտ կը մնայ մեծագոյն ապաւէններէն մէկը Հայաստանի յաղթական երթին դէպի հզօր ապագայ։ Ճի՛շդ է, ներկայ աշխարհին մէջ տնտեսական, քաղաքական, ռազմական եւ այլ ազդակներ կարեւոր դեր ունին երկրի մը հզօրութիւնը կերտելու իմաստով։ Սակայն չմոռնանք, որ հայրենիք մը միայն նիւթեղէն արժէքներով չէ որ կը կերտուի, այլ նաեւ ու մա՛նաւանդ ոգեղէն արժէքներով, որոնք մնայուն են ու յաւերժական։
*
* *
Արդ, հայ դպրոցը մեր ժողովուրդին համար եղած է ու կը մնայ նուիրական արժէք ու սրբազան կառոյց իր համազգային առաքելութեամբ։ Եւ հետեւաբար՝
հայ դպրոցին հզօրացումը համազգային առաջնահերթութիւն է։
Այլ խօսքով, հայ դպրոցին վերակազմակերպումը, անոր ներքին կառոյցին վերանորոգումը ու անոր առաքելութեան վերակենսաւորումը անմիջական ու անյետաձգելի առաջնահերթութիւն մըն է թէ՛ մեր հայրենի պետութեան, թէ՛ մեր եկեղեցւոյ, թէ՛ մեր գաղութներուն, թէ՛ մեր կազմակերպութիւններուն եւ թէ՛ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար։ Այս մտահոգութենէն, նախանձախնդրութենէն ու յանձնառութենէն մեկնելով, կ’ուզենք յատուկ կարեւորութեամբ հետեւեալ թելադրութիւնները կատարել.-
1
Աշակերտութեան թիւի աճ
Հայ դպրոցը սոսկ շէնք, գրասեղան կամ դասագիրք չէ։ Հայ դպրոցը հայ դպրոց դարձնողը աշակերտութիւնն է։ Ի՞նչ կ’արժէ բարձրորակ ուսուցչական կազմ ունենալ, գեղեցիկ շէնք ունենալ, արդիական դասագիրքեր ունենալ, լաւապէս կահաւորուած դպրոց ունենալ, երբ հոն հայ աշակերտութիւն չկայ։ Յաճախակի առիթներով պահանջելով յիշեցուցած ենք մեր ծնողներուն, թէ հայ աշակերտին տեղը հա՛յ դպրոցն է։ Յիշեցուցած ենք թէ հայ դպրոցէն հեռու հայ մանուկը պիտի կորսընցնէ իր ազգային ոգին, իր հայու ինքնութիւնը։ Այսօր, դժբախտաբար, մեր բոլոր գաղութներէն ներս, նո՛յնիսկ իր ազգային ինքնութիւնը պահպանելու լայն կարելիութիւններով օժտուած Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներէն ներս սկսած են հայ աշակերտները օտար դպրոցներու դռները թակել։ Իսկ կրթական լայն կարելիութիւններ ունեցող արեւմտեան երկիրներու մեր գաղութներէն ներս, մեծ թիւով հայ ծնողներ իրենց զաւակները կ’առաջնորդեն օտար դպրոց։
Ոմանք կը փորձեն հետզհետէ լայն ծաւալ ստացող այս երեւոյթը բացատրել այնպիսի մօտեցումներով, որոնք ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ։ Միթէ հայ դպրոցէն ներս տրուող ուսումը ցա՞ծ մակարդակ կը ներկայացնէ յարաբերաբար այլ դպրոցներուն։ Միթէ հայ դպրոցէն ներս ջամբուող դաստիարակութիւնը նըւա՞զ է քան ինչ որ օտար դպրոցը կու տայ։ Միթէ հայ դպրոցէն ներս օտար լեզուներու ուսուցումը այնքան ծրագրուած կերպով չի կատարուի՞ր քան օտար դպրոցներու մէջ։ Եւ այսպէս կարելի է շարունակել հարցադրումները։ Անընդունելի են արտայայտուած բոլո՛ր մըտահոգութիւնները եւ հայ դպրոցին հասցէին կատարուող բոլո՛ր վերագրումները։ Կրնայ ըլլալ որ կարգ մը մարզերէն ներս հայ դպրոցը որոշ թերութիւններ ունի, որոնք անհրաժեշտօրէն սրբագրութեան կարօտ են։ Սակայն, անոնք երբեք պատճառ պէտք չէ ըլլան որ հայ ծնողք մը իր զաւակը օտարին օտարացնող գիրկը նետէ։ Մեր հովուապետական այցելութեանց ընթացքին երբեմն վկան եղանք երկու ծայրահեղ կացութիւններու։ Արդարեւ, Մեր սիրտը անհուն ուրախութեամբ լեցուեցաւ երբ տեսանք հայ աշակերտութեամբ յորդող հայ դպրոցներ՝ հակառակ տուեալ գաղութի դիմագրաւած տեսակ-տեսակ դժուարութիւններուն։ Խորապէս տխրեցանք սակայն երբ բազմահոծ հայ գաղութներէ ներս տեսանք հայ աշակերտներով լեցուն օտար դպրոցներ…։
Երբ ակնարկ մը նետենք իւրաքանչիւր գաղութի սահմաններէն ներս, վերջին տարիներուն օտար դպրոց յաճախող աշակերտութեան աճին, խորապէս պիտի ցնցուինք ի տես մեր դիմաց պարզուող թիւերուն։ Չի բաւեր սակայն միայն երեւոյթը մատնանշել. չի բաւեր միայն ցաւիլ, տագնապիլ ու դատապարտել։ Ի՞նչ պէտք է ընել այս մեծապէս մտահոգիչ կացութեան դիմաց։ Սա համազգային մտահոգութիւն ըլլալով հանդերձ, առաջին հերթին ան պէտք է մտահոգութիւնը դառնայ իւրաքանչիւր գաղութին։ Ընդհանրացումներէ, մակերեսային դատումներէ, հարցերն ու կացութիւնները վարդագոյն կերպով ներկայացնելու աժան քարոզչութիւններէ հեռու պէտք է մնալ։ Այս բազմերես երեւոյթը պէտք է քննարկել իւրաքանչիւր գաղութի ծիրէն ներս՝ իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ կերպով եւ ախտաճանաչումները ճիշդ կերպով կատարելով։ Զգացական մօտեցումներ ու դատապարտական կեցուածքներ մեզ լուծման չեն առաջնորդեր։ Ինչո՞ւ հայ աշակերտը օտար դպրոց կը յաճախէ։ Այս հարցումին պատասխանը պէտք է որոնէ իւրաքանչիւր գաղութ, եւ ապա գործնական լուծումներու մասին մտածէ, որպէսզի կարենայ ծրագրուած աշխատանքով այս խորացող վէրքին դարմանը գտնել։
2
Կրթական նոր համակարգի ստեղծում
Սփիւռքի գաղութներու, ներառեալ Հայաստանի կըրթական ներկայ համակարգը չի համապատասխաներ մեր ներկայ կեանքի պայմաններուն, կարիքներուն ու մարտահրաւէրներուն։ Համակարգ ըսելով առաւելաբար կը հասկնանք ուսումնական ծրագիր, դասագիրք ու կրթական քաղաքականութիւն։
Արդեօք մեր դպրոցները, որոնք կոչուած են իրենց երկիրներու պետական-ուսումնական ծրագիրը գործադրել եւ աշակերտը պատրաստել պետական քննութիւններու ու վկայականներու, որքանո՞վ լուրջի առած են իրենց այս յանձնառութիւնը եւ որքանո՞վ հայ աշակերտներ կը յաջողին յիշեալ քննութեանց մէջ։ Մեր տեղեկութիւններուն համաձայն, կարգ մը գաղութներուն մէջ արդիւնքները դրական են. սակայն այլ գաղութներու մէջ ո՛չ այնքան դրական։ Չենք ուզեր մանրամասնութեանց մէջ մտնել. բայց կարեւորութեամբ կ’ուզենք շեշտել, թէ գաղութի մը հայ դպրոցը անպայմանօրէն պէտք է լիովին իրագործէ իր երկրին պետական-ուսումնական ծրագիրը։ Բոլոր առաւելութիւններու կողքին նման մօտեցում մը դպրոցին կրթական մակարդակ ապահովող ազդու միջոցներէն մէկը կրնայ դառնալ։
Ինչ կը վերաբերի դասագրքերու, բազմիցս յիշեցուցած ենք, որ այլեւս մեր հինցած ու մաշած դասագիրքերը, թէ՛ հայերէնով դասաւանդուող նիւթերու եւ թէ՛ հայագիտական նիւթերու վերաբերեալ, պէտք է փոխուին։ Արդիական ոճով, նոր բովանդակութեամբ, տարբեր մօտեցումներով, հրապուրիչ արտաքինով պատրաստուած դասագրքերու ներկայութիւնը հայ դպրոցէն ներս հրամայական ու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է։ Կարգ մը գաղութներէն ներս անցնող մի քանի տասնամեակներուն ծրագիրներ մշակուեցան ու աշխատանքային խումբեր կազմուեցան. բայց դժբախտաբար գործնական արդիւնքներ չստացանք։ Իսկ անհատներու կողմէ պատաստուած դասագրքերէն ոմանք սկսած են հոս ու հոն գործադրուիլ, իսկ ուրիշներ մերժուած՝ տեսակ- տեսակ նկատումներէ մեկնած։ Կրօնական, մշակութային ու քաղաքական տարբեր պայմաններու մէջ գործող դպրոցներէն ներս յաճախ կարելի չէ նոյն դասագիրքը պարտադրել։ Հետեւաբար այս կացութիւնը եւս հարկ է նկատի ունենալ եւ դասագիրքերու հարցը լուրջ քննարկումի ու ծրագրումի ենթարկել։
Կրթական համապարփակ քաղաքականութեան մը պակասը եւս զգալի է մեր կեանքէն ներս։ Ի՞նչ է հայ դպրոցին դերը. ի՞նչ ձեւով իրարու առընչուած պէտք է ըլլան կրթական ծրագիրը ու հայեցի դաստիարակութիւնը. ի՞նչ մանկավարժական մեթոտներու պէտք է հետեւիլ հայ դպրոցէն ներս եւ նմանօրինակ այլ հարցեր պէտք է խոր վերլուծումի ու բիւրեղացումի նիւթ դառնան կրթական յստակ քաղաքականութեան մը ծիրէն ներս՝ ուղեգիծ ծառայելով Հայաստանի թէ սփիւռքի բոլոր հայ դպրոցներուն։
3
Հայեցի դաստիարակութեան վերակազմակերպում
Հայեցի դաստիարակութիւնը սիրտը կը կազմէ հայ դպրոցին։ Հետեւաբար, առանց անտեսելու պետական- ուսումնական ծրագիրը, հայ դպրոցը իրեն համար սըրբազան պարտաւորութիւն պէտք է նկատէ հայ աշակերտին հայեցի դաստիարակութիւնը։ Հո՛ս կը կայանայ որակային տարբերութիւնը հայ դպրոցին եւ օտար դպրոցին։ Ինչ որ օտար դպրոցը կու տայ որպէս ուսում, պէտք է նաեւ հայ դպրոցը տայ եւ աւելի՛ բարձր որակով։ Ինչ որ օտար դպրոցը չի՛ կրնար տալ, այլ խօսքով՝ հայու ոգին, հայու դիմագիծը, հայ դպրոցը պէտք է տայ։ Իր առաքելութեան այս երկու տարածքները պէտք է այնպիսի ձեւով ներդաշնակէ հայ դպրոցը, որ զիրար չհակասեն, իրարու չվնասեն, այլ զիրար լրացնեն ու հարըստացնեն։
Օգոստոս 2004 թուականին, մեր Սուրբ Աթոռին կազմակերպած “Հայեցի Դաստիարակութիւնը Սփիւռքի մէջ” համագումարին, կարեւորութեամբ շեշտեցինք հայեցի դաստիարակութիւնը վերակազմակերպելու ու վերակենսաւորելու կարիքը։ Անհրաժեշտ է որ այլեւս տարբեր մօտեցում որդեգրենք հայեցի դաստիարակութեան նկատմամբ՝ այդ ուղղութեամբ գործադրուող մեթոտներուն եւ կատարուող ներ-դպրոցական թէ արտա- դպրոցական նախաձեռնութիւններուն։ Հայեցի դաստիարակութեան աւանդական ձեւերը այսօր այնքան գըրաւիչ չեն, երբեմն նո՛յնիսկ վանողական՝ նոր սերունդներուն համար։ Հայեցի դաստիարակութեան ոգին ու նպատակը պահելով հանդերձ, հարկ է դիմել այնպիսի միջոցներու ու կարելիութիւններու, որոնք աւելի՛ հեզասահ, բնական ու գրաւիչ կրնան դարձնել հայեցի դաստիարակութիւնը նոր սերունդին մօտ։ Թեմերուն կատարած Մեր այցելութիւններուն ընթացքին երբեմն նշմարեցինք նման փորձեր. սակայն նաեւ տեսանք հինցած մեթոտներու շարունակումը։
4
Նոր դպրոցներու շինութիւն
Հայկական ցեղասպանութենէն յետոյ երբ սփիւռքի գաղութները սկսան կազմաւորուիլ ու կազմակերպուիլ, եկեղեցիներու կողքին դպրոցաշինութիւնը դարձաւ մեր գաղութներու գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը։ Արդարեւ, ուր որ եկեղեցի մը շինուեցաւ քովը նա՛եւ դպրոց մը բարձրացաւ։ Եւ այսօր, սփիւռքի բոլոր գաղութներէն ներս եկեղեցիներէն աւելի դպրոցներ ունինք։ Մեծ թիւով դպրոցներու ներկայութիւնը մեր գաղութներուն մէջ ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է հայ դպրոցին նըկատմամբ մեր ժողովուրդին ունեցած նախանձախընդրութեան ու ակնկալութեան։ Այս ծիրէն ներս այսօր եւս մեր գաղութները կատարելիք հսկայ աշխատանք ունին.-
ա) Անհրաժեշտ է որ գոյութիւն ունեցող դպրոցներու շէնքերը ենթարկուին հիմնական վերանորոգութեան։ Ըսինք որ դպրոցը շէնքը չէ. սակայն դպրոցի արտաքին նիւթեղէն կառոյցը եւս կարեւոր է թէ՛ աշակերտութեան եւ թէ՛ իր շրջապատին համար։ Կան դպրոցներ, որոնք իրենց արտաքին տեսքով եւ ներքին խեղճ պայմաններով հեռու են կրթական կեանքին պարտադրած նուազագոյն պահանջներէն։
բ) Շէնքերու վերանորոգութեան առընթեր, կրթական կեանքին առընչուած ներքին պիտոյքներու ապահովումը եւս կը նկատենք անհրաժեշտ։ Այսպէս, արդիական տարրալուծարաններով, գրասեղաններով, գրատախտակներով, գրադարաններով եւ յարակից այլ անհրաժեշտ կարիքներով օժտուած դպրոց մը մեծապէս պիտի նպաստէ կրթական կեանքի առաւել արդիւնաւորման՝ միաժամանակ հայ դպրոցը դարձնելով գրաւիչ հայ աշակերտութեան համար։
գ) Կարգ մը գաղութներ անցեալին իրենց թիւին համապատասխան կերպով ունեցած են կրթական ցանց. իսկ ուրիշներ չեն կրցած կրթական մարզէն ներս քայլ պահել իրենց գաղութի թիւի աճին կամ նուազումին հետ։ Այսօր գաղութներ ունինք, ուր թերեւս դպրոցներու միացումը անհրաժեշտութիւն է. նաեւ գաղութներ ունինք, ուր նոր դպրոցներու շինութիւնը անհրաժեշտութիւն է։ Այս ծիրէն ներս յատուկ կերպով կ’ուզենք անդրադառնալ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի ու Եւրոպայի մեր գաղութներուն։ Անցնող մի քանի տասնամեակներու ընթացքին, դպրոցաշինութեան իմաստով կարեւոր իրագործումներ կատարուեցան այս շրջաններէն ներս։ Այսօր նոր դպրոցներու հաստատումը վերոյիշեալ գաղութներէն ներս կը նկատենք անյետաձգելի առաջնահերթութիւն։
5
Հայ դպրոցը պէտք է դառնայ տնտեսապէս ինքնաբաւ
Մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս գործող մեր կառոյցները ընդհանրապէս տնտեսական դժուարութիւններ ունին, որովհետեւ անոնք մեր ժողովուրդի զաւակներուն նուիրատուութիւններով կ’ապահովեն իրենց նիւթական կարիքները։ Հայ դպրոցը այն կառոյցներէն է որ միշտ եղած է ոչ-ինքնաբաւ եւ մեր ծխային եկեղեցիներու, միութիւններու ու բարերարներու նըպաստներով կրցած է դիմագրաւել իր տնտեսական դժուարութիւնները։ Այսօր, կարգ մը երկիրներէ ներս տնտեսական սղաճը այնքան բարձրացած է, նիւթական պայմանները մեր ընտանիքներուն այնքան դժուարացած է ու հայ դպրոցին ելքերը այնքան բազմացած են ու բարձրացած, որոնց դիմաց նիւթական լայն կարելիութիւններով օժտուած գաղութներու դպրոցները եւս սկըսած են դէմ յանդիման գտնուիլ տնտեսական լուրջ դժուարութիւններու։ Մտահոգիչ այս երեւոյթը կրնայ աւելի խորանալ յառաջիկայ տարիներուն, եթէ այս հանգըրուանին ազդու միջոցներու մասին չմտածուի։
Այս գծով Մեր թելադրութիւնը պիտի ըլլայ հետեւեալը.- ա) Մեր թեմերը իրենց պարագայական նպաստները պէտք է կատարեն աւելի ծրագրուած կերպով՝ յատկապէս յատուկ հիմնադրամներու հաստատումով։ բ) Մեր բարերարները եւ ունեւոր ազգայինները իրենց կատարած նուիրատուութիւններու շարքին առաջնահերթ կարեւորութիւն պէտք է ընծայեն հայ դպրոցին՝ կամ աշակերտներու տարեկան կրթաթոշակները ըստանձնելով եւ կամ իրենց անունով յատուկ հիմնադրամներ հաստատելով։ գ) Մեր բարեսիրական միութիւնները հայ դպրոցին իրենց կատարած նպաստները զգալի յաւելումի պէտք է ենթարկեն՝ նկատի ունենալով հայ դպրոցին առանցքային կարեւորութիւնը գաղութի մը կեանքէն ներս։ դ) Այս բոլորէն առաջ ու վեր հայ ծնողքը հայ դպրոցին նկատմամբ ունեցած իր նիւթական պարտաւորութիւնը պէտք է յարգէ։ Ինչպէ՞ս կարելի է օտար դպրոցին վճարել կրթաթոշակի վերջին ղրուշն իսկ, սակայն հայ դպրոցին պարագային անտարբեր վերաբերում ցոյց տալ։ Սա անընդունելի մօտեցում մըն է։ Մենք միշտ ըսած ենք թէ՝ նիւթական պատճառով հայ աշակերտը պէտք չէ զրկուի հայ դպրոցէն։ Ուրախութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ մեր բոլոր թեմերը ու մեր ազգային վարժարանները բծախնդրութեամբ կը հետեւին այս սկզբունքին։ Սակայն, պէտք չէ շահագործել ազգային մտահոգութիւններէ մեկնած մեր կրթական պատասխանատուներուն այս նախանձախնդրութիւնը։ Երբ հայ ծնողքը իր նիւթական պարտաւորութիւնները լիովին կատարէ, հայ դպրոցին տնտեսական դժուարութիւնները լայն չափով կը լուծուին։
6
Ուսուցիչներու վերաորակաւորում
ու գնահատում
Հայ դպրոցին հզօրացման մէջ ճշդորոշիչ դեր ունի հայ ուսուցիչը։ Առանց հայ ուսուցչին հայ դպրոցը կը կորսնցնէ իր հարազատ էութիւնը եւ ճշմարիտ առաքելութիւնը։ Առանց հայ ուսուցչին հայ դպրոցը կը դադրի հայ դպրոց ըլլալէ։ Հետեւաբար,
ա) Հայ ուսուցիչը պէտք է միշտ պահել իր առաքելութեան բարձրութեան վրայ։ Այս կատարելու համար հայ ուսուցիչը ինք պէտք է ինքզինք շարունակ վերանորոգէ՝ վերաորակաւորման մնայուն ընթացքի մէջ պահելով ինքզինք։ Միայն իր գիտցածը, իր ունեցածը տալով բաւարարուիլը ճիշդ չէ։ Գիտութիւնը մնայուն զարգացման ընթացք մը կ’ենթադրէ։ Անհրաժեշտ է որ հայ ուսուցիչը խորացնէ իր գիտելիքները՝ քայլ պահելով տուեալ մարզէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն հետ։ Համաշխարհայնացած աշխարհին ընծայած կարելիութիւնները յատկապէս համակարգչային ու տեղեկատուական բնագաւառէն ներս այնքան բազմաթիւ են ու բազմերես, որոնցմէ հայ ուսուցիչը պարտաւոր է առաւելագոյն չափով օգտուիլ, որպէսզի իր կարգին կարենայ առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալ հայ աշակերտին։ Մեր սպասումն է, որ մեր ուսումնական մարմինները կարեւորութեամբ նկատի ունենան ուսուցիչներու վերաորակաւորումը, մասնագիտական դասախօսութիւններ ու դասընթացքներ կազմակերպելով։
բ) Եթէ հայ ուսուցիչէն ունինք մեծ ակնկալութիւններ, եւ եթէ հայ ուսուցիչը կը նկատենք հայ մանուկին մարդակերտումի ու հայակերտումի սրբազան աշխատանքին լծուած առաքեալ, մեր մօտեցումը նաեւ պէտք է տարբեր ըլլայ հայ ուսուցչին նկատմամբ։ Այս մասին եւս Մենք յաճախ անդրադարձած ենք։ Սովորական պաշտօնեայի կամ վարժապետի մտայնութեամբ հայ ուսուցչին հանդէպ մօտեցումը, կը նկատենք անընդունելի։ Եթէ հայ դպրոցին առաքելութեան լաւագոյնս կենսագործումը կ’ուզենք ապահովել, պէտք է սկսինք հայ ուսուցչէն։ Պէտք է նիւթապէս գնահատել գիտնանք հայ ուսուցիչը։ Այսօր, տնտեսական պայմանները հայ ուսուցչին հեռու են բաւարար ըլլալու սահմաններէն։ Արդ, ո՛չ միայն հայ ուսուցչին կենցաղակերպը զգալիօրէն բարձրացնող միջոցներու պէտք է դիմեն մեր կրթական պատասխանատուները, այլ նաեւ հարկ է լրջօրէն մտածել հայ ուսուցիչներու հանգստեան թոշակի սնտուկ մը հաստատելու մասին թէ՛ գաղութներու մակարդակի վրայ, եւ թէ համազգային մաշտապով։
*
* *
Վերոյիշեալ հարցերու, մտահոգութիւններու, առաջադրութիւններու ու ծրագիրներու մասին Մենք երկարօրէն մտածած ենք, Ազգային Ընդհանուր Ժողովներու ընթացքին լայնօրէն քննարկած ենք, Կեդրոնական Վարչութեան նիստերուն յաճախակիօրէն անդրադարձած ենք, թեմերուն հետ ունեցած հանդիպումներու ընթացքին միշտ խօսած ենք։ Այս ուղղութեամբ երբեմն գործնական քայլերու դիմած ենք. եւ երբեմն չենք կրցած մեր ծրագիրները իրագործել թէ՛ մարդուժի ու թէ նիւթականի պակասին պատճառով։ Կ’ուզենք հոս բարձըր գնահատանքով յայտնել որ այս աշխատանքներուն մէջ Մեզի աջակից եղած են մեր թեմակալ առաջնորդները, ազգային իշխանութիւնները, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը, մեր ուսումնական խորհուրդները, մեր բարերարները ու մեր ժողովուրդի զաւակները։ Հայ դպրոցին պարզած ներկայ վիճակը հաւաքական ու ընդհանրական մտահոգութիւն մըն է եւ հետեւաբար, հայ դպրոցին հզօրացումը պէտք է դառնայ համազգային առաջնահերթութիւն։ Այսպէ՛ս կը մտածէ ու այս յանձնառութեամբ կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ 2006 տարուան ընթացքին պէտք է հայ դպրոցը աւելիո՛վ դառնայ մեր բոլորին մտահոգութիւններուն, աշխատանքներուն, նուիրատուութիւններուն, ծրագրումներուն, այլ խօսքով՝ մեր հաւաքական կեանքին գլխաւոր լուսարձակը։
Արդ, ա՛յս յոյսով ու սպասումով, ա՛յս մտածումներով ու մտահոգութիւններով,
ա) Կը թելադրենք մեր առաջնորդ սրբազաններուն ու ազգային իշխանութեանց իրենց թեմական սահմաններէն ներս գործող կրթական ցանցին ընդհանուր արժեւորումը կատարելու, ձեռք ձգուած իրագործումները ընգծելու, գոյութիւն ունեցող թերիները մատնանշելու ու կրթական կարիքները պարզելու։ Այս աշխատանքին պէտք է անմիջապէս յաջորդէ ծրագրումի աշխատանքը՝ նկատի առնելով Մեր կատարած մատնանշումները ու թելադրութիւնները։
բ) Կը հրաւիրենք մեր կրթական կեանքի անմիջական պատասխանատու մարմինները իրենց մասնագիտական մօտեցումով եւ իրենց ունեցած փորձառութեամբ լուրջ ու իրապաշտ քննարկումի ենթարկելու մեր կրթական կեանքը իր ուսումնական, աշակերտական, ուսուցչական, դաստիարակչական, վարչական, տնտեսական ու շինարարական երեսներով. եւ հայ դպրոցը վերանորոգելու ու արդիականացնելու ու հզօրացնելու գործընթացքներ ճշդելու՝ իւրաքանչիւր գաղութի ներքին դրուածքին ու շրջապատի պայմաններուն համապատասխան մօտեցումով։
գ) Կոչ կ’ուղղենք մեր բարեսիրական միութիւններուն ու բարերարներուն գործնապէս աջակցելու հայ դպրոցի հզօրացման աշխատանքներուն՝ նիւթապէս օժանդակելով կարիքաւոր հայ աշակերտներուն, ստանձնելով հայ դպրոցին առընչուած կարեւոր ծրագիրներու բարերարութիւնը ինչպէս նաեւ նոր դպրոցներ հաստատելով հոն ուր հայ դպրոցի ներկայութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն է։
դ) Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն առողջ ու կանգուն պահելու հայ դպրոցը։ Հայ դպրոցին սեփականատէրը հայ ժողովուրդն է։ Իւրաքանչիւր հայ պարտաւորութիւն ու իրաւունք ունի հայ դպրոցին նկատմամբ։ Ինչպէս ընտանիքը, եկեղեցին ու հայրենիքը սիրելի են իւրաքանչիւր հայուն համար, նո՛յնը պէտք է ըլլայ նաեւ հայ դպրոցը։ Հետեւաբար, եկէք միա՛սնաբար մեր ազգին միջնաբերդը, մեր ազգային ինքնութեան աղբիւրը, մեր յաւերժութեան երաշխիքը՝ հայ դպրոցը մեր հաւաքական աշխատանքով ու նուիրումով պահենք հզօր, որպէսզի հայ դպրոցով մենք դառնանք աւելի՛ հզօր։
Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ միշտ մնայ պաշտպան ու պահապան հայ դպրոցին, իմաստութեամբ լեցնէ մեր աշակերտները, Իր շնորհքներով ծաղկեցնէ մեր ուսուցիչներուն առաքելութիւնը, յաջողութիւն պարգեւէ մեր բարերարներուն, որպէսզի Աստուծոյ իրենց տուած բարիքները նաեւ բաժնեն հայ դպրոցին հետ։
Հայրական սիրով ու օրհնութեամբ,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
8 Յունուար, 2006
Անթիլիաս, Լիբանան